Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Տ. Գեւորգ Քահանայ Աբեան Մասնակցեցաւ Նորթրիջի Հիւանդանոցի Մէջ Կայացած Spiritual Care Week Միջկրոնական Միջոցառմանը

Համայնք

Հրապարակված է: 10/30/2026


Տ. Գեւորգ քահանայ Աբեան մասնակցեցաւ Նորթրիջի հիւանդանոցի մէջ կայացած Spiritual Care Week միջկրոնական միջոցառմանը

Հոկտեմբեր 22-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի օրհնութեամբ, Սուրբ Պետրոս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ օգնական հովիւ Արժ. Տ. Գեւորգ քահանայ Աբեան մասնակցեցաւ Նորթրիջ հիւանդանոցի Հոգեւոր Խնամքի բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած Spiritual Care Week միջկրոնական միջոցառմանը։ Հոկտեմբեր 18-24-ը նշուող այս շաբաթուան 2026 թուականի խորագիրն էր՝ «Բուժում՝ ներկայութեան եւ շնորհքի միջոցով» (Healing Through Presence and Grace) ։ Միջոցառման ներկայ էին նաեւ հիւանդանոցի նախագահ Տքթ. Ճերեմի Զոքը (Dr. Jeremy Zoch), ինչպէս նաեւ տարբեր եկեղեցիներու եւ կրօնական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

Տ. Գեւորգ քահանայ Աբեան պատշաճ կերպով ներկայացուց Հայց․ Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի մասնակցութիւնն ու առաքելութիւնը հիւանդանոցային հոգեւոր ծառայութեան ոլորտէն ներս։ Ան նաեւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ Նորթրիջի հիւանդանոցի ամբողջ անձնակազմին համար՝ հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը անոնց պատասխանատու եւ նուիրական ծառայութեան մէջ։

Միջոցառման ներկայ էր նաեւ հիւանդանոցի հոգեւոր ծառայութեան կապելլան՝ Բարեշնորհ Տիգրան սարկաւագ Ղարիպճանեան։։

Միջոցառման աւարտին տեղի ունեցան ջերմ զրոյց ներկաներու միջեւ ապա, որին յաջորդեց սիրոյ ճաշկերոյթը։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ներկաներուն միջեւ հաղորդակցութեան, փորձառութիւններու փոխանակման եւ միջեկեղեցական գործակցութեան ամրապնդման։

Նման նախաձեռնութիւնները կը շեշտեն հոգեւոր խնամքի կարեւորութիւնը հիւանդանոցային միջավայրին մէջ՝ ուր սիրալիր ներկայութիւնը, կարեկցանքն ու հոգեւոր մխիթարութիւնը կը դառնան բժշկութեան եւ յոյսի կարեւոր աղբիւրներ։


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները