Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Արժ. Տ. Սերովբէ Քհնյ. Ալանճեանը Նշանակուեցաւ Արեւմտեան Թեմի Նորակազմ Համայնքներու Պատասխանատու

Թեմ

Հրապարակված է: 09/03/2026


ԱՐԺ. Տ. ՍԵՐՈՎԲԷ ՔՀՆՅ. ԱԼԱՆՃԵԱՆԸ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՆՈՐԱԿԱԶՄ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի տնօրինութեամբ, Արժանապատիւ Տէր Սերովբէ Քահանայ Ալանճեանը նշանակուած է Արեւմտեան Թեմի Նորակազմ Համայնքներու (Mission Parishes) պատասխանատու։

Այս նշանակման առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Տէր Հօր փոխանցած է իր հայրական օրհնութիւնը, անհրաժեշտ ցուցմունքներն ու հովուական յանձնարարութիւնները՝ վստահութիւն յայտնելով, որ ան նուիրումով եւ նախանձախնդրութեամբ պիտի կատարէ իրեն վստահուած այս նոր առաքելութիւնը։

Արժանապատիւ Տէր Սերովբէ Քահանայ Ալանճեանը իր նոր պաշտօնին պիտի լծուի 2026 թուականի Սեպտեմբեր ամիսէն սկսեալ։

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմէն ներս Նորակազմ Համայնքները (Mission Parishes) այն եկեղեցական համայնքներն են, որոնք տակաւին չեն կազմակերպուած որպէս լիարժէք ծուխեր, սակայն կանոնաւոր հոգեւոր սպասարկութեան, Սուրբ Պատարագներու, եկեղեցական խորհուրդներու մատուցման եւ հովուական խնամքի միջոցով աստիճանաբար կը զարգանան նպատակ ունենալով ժամանակի ընթացքին վերածուիլ կազմակերպուած եւ ինքնուրոյն ծուխերու։

Կը մաղթենք, որ Ամենաբարին Աստուած օրհնէ Տէր Հօր նոր առաքելութիւնը եւ անոր շնորհէ բեղուն ու արդիւնաշատ ծառայութիւն՝ ի պայծառութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի շինութիւն Արեւմտեան Թեմի։


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները