Թեմ
Հրապարակված է: 07/10/2026
Հինգշաբթի, 9 Յուլիս 2026-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան այցելեց Արեւմտեան Թեմին մէջ գործող «Սաունդ օֆ Չիլտրըն» Ամառնային Ճամբարի սաներուն եւ անձնակազմին։ Ճամբարը կը գործէ Տիկ. Սիրվարդ Գաւուքճեանի ղեկավարութեամբ եւ Տիկ. Նունէ Մովսիսեանի տնօրէնութեամբ։ Օրը երեխաներուն հետ անցընելով՝ Սրբազան Հայրը քաջալերեց զանոնք լիարժէքօրէն օգտուելու ճամբարին ընձեռած կրթական եւ դաստիարակչական բազմազան կարելիութիւններէն՝ աճելու գիտելիքով, ստեղծագործ ոգիով եւ հաւատքով, միաժամանակ կերտելով մնայուն բարեկամութիւններ։

Ամառնային ճամբարը կը մատուցէ հարուստ ու կենսունակ միջավայր մը՝ ամէնօրեայ հայերէնի դասընթացքներով, արուեստի եւ ձեռային աշխատանքներով, երաժշտութեամբ ու պարով, մարզական եւ ջրախաղերով, խոհարարական ծրագիրներով եւ թատերական ներկայացումներով՝ պարգեւելով սաներուն ամբողջական ամառնային փորձառութիւն մը, որ կը խորացնէ անոնց կապը հայկական լեզուին, մշակոյթին եւ ժառանգութեան հետ՝ միաժամանակ ստեղծելով ուրախ եւ անմոռանալի յիշատակներ։