Եկեղեցիներ
Հրապարակված է: 07/10/2026
Ուրբաթ, Յուլիս 10-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, նոր ծուխին եւ եկեղեցաշինութեան նուիրեալ հոգաբարձուներուն հետ, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Մանուկ Քհնյ. Մարգարեանի եւ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Մովսէսեանի մասնակցութեամբ, հանդիսաւորապէս օրհնեց այն խաչերը, որոնք պիտի զետեղուին Սուրբ Առաքեալներուն անունները կրող սիւներու հիմքերուն մէջ։
Այս արարողութիւնը պատմական հանգրուան մըն է Արեւմտեան Թեմին, Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի առաջնորդութեան, նորաստեղծ ծուխին եւ աշխարհի ամէնէն մեծ սփիւռքահայ կեդրոններէն մէկուն մէջ ապրող հայ համայնքին համար։ Վեր խոյացող եկեղեցաշինութիւնը կենդանի վկայութիւնն է համայնքին ամուր հաւատքին, հեռատես տեսիլքին եւ աննկուն ոգիին։

Աւելի քան պարզապէս պաշտամունքի վայր մը, այս նոր հոգեւոր եւ մշակութային համալիրը պիտի ներառէ գեղեցիկ սրբավայր մը, բացօթեայ խորան՝ մեծ եկեղեցական արարողութիւններու եւ համայնքային հաւաքներու համար, ինչպէս նաեւ Հայկական Ամէնօրեայ Վարժարան մը, որ նուիրուած պիտի ըլլայ ապագայ սերունդներուն հաւատքի, լեզուի եւ ազգային ժառանգութեան դաստիարակութեան։