Եկեղեցիներ
Հրապարակված է: 07/10/2026
Յուլիս 9, 2026-ի առաւօտուն, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան օրհնաբեր այցելութիւն մը շնորհեց Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ամառնային ճամբարին։ Սրբազան Հայրը ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Սարգիս Աւագ Քահանայ Պետոյեանի եւ ճամբարի պատասխանատուներուն կողմէ։ Սրբազան Հօր կ՛ընկերանար ePostle-ի Հոգեւոր Պատասխանատու՝ Արժանապատիւ Տէր Վազգէն Աւագ Քահանայ Մովսէսեանը։
Այցելութեան ընթացքին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Անդաստանի արարողութիւն, որմէ ետք Սրբազան Հայրը օրհնեց ճամբարի մասնակից պատանիները եւ մաղթեց, որ Ամենակալ Աստուած Իր առատ շնորհներով պահապան ըլլայ անոնց կեանքին եւ աճման ընթացքին։ Սրբազան Հայրը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ տարուող օրինակելի այս աշխատանքին ու առաքելութեան համար։ Ան ջերմօրէն ողջունեց մեր ազգի հարազատ զաւակներուն մասնակցութիւնը եկեղեցւոյ ջերմ ու հայաշունչ հովանիին ներքեւ կազմակերպուած ամառնային ճամբարին՝ ընդգծելով, որ նման նախաձեռնութիւններ մեծապէս կը նպաստեն մանուկներուն եւ պատանիներուն հոգեւոր, ազգային ու բարոյական կազմաւորման։


Սրբազան Հայրը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Սարգիս Աւագ Քահանայ Պետոյեանին, ինչպէս նաեւ ճամբարի պատասխանատուներուն՝ Բարեշնորհ Ճոնաթան Սարկաւագ Տէր Ղազարեանին եւ Տիկին Վիքթորիա Ամրանին, որոնց նուիրեալ ծառայութիւնն ու պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութիւնը մեծապէս կը նպաստեն ճամբարին յաջող ընթացքին։ Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց նաեւ բոլոր կամաւոր սպասաւորներուն, ուսուցիչներուն եւ օգնականներուն, որոնք սիրով ու անձնուիրութեամբ մասնակից են այս գեղեցիկ առաքելութեան բարեյաջող ընթացքին։


Իր հայրական խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը քաջալերեց ճամբարի մասնակիցները սիրել Աստուած, հաւատարիմ մնալ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ պահպանել մեր ազգային ու քրիստոնէական ինքնութիւնը՝ շեշտելով, որ եկեղեցական ամառնային ճամբարները կը շարունակեն դառնալ այն օրհնեալ միջավայրը, ուր կը սերմանուին հաւատքի, ծառայութեան եւ հայրենասիրութեան մնայուն արժէքները։


Ուրախութեամբ կը յայտնենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ վերջին տարիներուն Արեւմտեան Թեմի ամառնային ճամբարները նշանակալի աճ եւ նոր թափ արձանագրեցին։ Բարձրաշնորհ Սրբազան Հօր հայրական տեսլականին եւ յանձնարարութեան շնորհիւ բազմաթիւ ծուխեր հաստատեցին իրենց ամառնային ճամբարները, իսկ այլ ծուխեր եւս կը նախապատրաստուին յառաջիկայ ամառ իրենց ճամբարներուն բացումը կատարելու։ Մեծ գոհունակութեամբ կ՛արձանագրենք, որ ներկայիս Արեւմտեան Թեմի ծուխերուն մէջ գործող ամառնային ճամբարները կը համախմբեն հազարաւոր մանուկներ, պատանիներ եւ երիտասարդներ, որոնք առողջ ժամանցի եւ մարզական ծրագիրներուն զուգահեռ կը ստանան քրիստոնէական, ազգային, մշակութային եւ բարոյական դաստիարակութիւն՝ սերտօրէն կապուելով իրենց Մայր Եկեղեցւոյ, քրիստոնէական հաւատքին եւ ազգային ինքնութեան։ Այս օրհնաբեր նախաձեռնութիւնները վստահաբար պիտի շարունակեն դաստիարակել եկեղեցասէր, հայրենասէր եւ ազգանուէր սերունդներ՝ ի պայծառութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի բարօրութիւն մեր ժողովուրդին։
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Յուլիս 10, 2026