Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Առաջնորդ Սրբազանը Կը Մասնակցի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Միացեալ Նահանգներու 250-Ամեակին Նուիրուած «Հայրենիքին Համար Սուրբ Պատարագ»-Ին

Համայնք

Հրապարակված է: 07/08/2026


Առաջնորդ Սրբազանը կը մասնակցի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Միացեալ Նահանգներու 250-ամեակին նուիրուած «Հայրենիքին համար Սուրբ Պատարագ»-ին

Սոյն թուականի Յուլիս 3-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան մասնակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու 250-ամեակին առիթով կազմակերպուած յատուկ «Հայրենիքին համար Սուրբ Պատարագ»-ին, որ տեղի ունեցաւ "Cathedral of Our Lady of the Angels" Կաթողիկէ Մայր Տաճարին մէջ։

Լոս Անճելըսի Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսութեան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խոսէ Կոմէս Արքեպիսկոպոսի հրաւէրով, տաճարը լեցուած էր հայրենիքին համար բարձրացուած աղօթքներով եւ օրհներգներով։

Իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը շեշտեց մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի պատուէրը՝ «Սէրը տակաւին Ամերիկայի համար առաջ երթալու միակ ճանապարհն է»։


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները