Եկեղեցիներ
Հրապարակված է: 05/06/2026
Ի գիտութիւն մեր ժողովուրդի զաւակներուն կը յայտնենք, թէ տնօրինութեամբ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Մայիսին աւարտելով Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանը, Բարեշնորհ Արին Սարկաւագ Պարսանեան Օգոստոս 1-էն սկսեալ որպէս հովիւի օգնական պիտի պաշտօնավարէ Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ։
Անոր ծառայութիւնը պիտի կատարուի Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Սարգիս Աւագ Քահանայ Բեդոյեանի հովուական հսկողութեամբ եւ առաջնորդութեամբ, ներգրաւուելով ծուխի կեանքին մէջ եւ հոգալով նաեւ Ռանչօ Քուքամոնկայի եւ շրջակայ փոքր համայնքներու հոգեւոր կարիքները՝ զանոնք առաւել սերտօրէն կապելով Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ծուխին։
Միաժամանակ կը յայտնենք, թէ յարմար առիթներով Բարեշնորհ Արին Սարկաւագ Պարսանեանին կ՛արտօնուի եկեղեցւոյ դասէն կատարել խորհրդածութիւններ, ինչպէս նաեւ մատակարարել Սուրբ Հաղորդութիւն Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիէն ներս, ինչպէս նաեւ Ռանչօ Քուքամոնկայի եւ շրջակայ փոքր համայնքներուն մէջ։ Անոր նաեւ կ՛արտօնուի կրել եկեղեցական վերարկու եւ գործածել ճերմակ օձիք։
Կ՚աղօթենք, որ Ամենակալ Տէրը անոր պարգեւէ իմաստութիւն, զօրութիւն եւ բեղուն ծառայութիւն, որպէսզի համագործակցաբար ի կատար ածէ իրեն վստահուած պարտականութիւնները՝ ի պայծառութիւն Մայրենի Սուրբ Եկեղեցւոյ։