Համայնք
Հրապարակված է: 04/29/2026
Ապրիլ 20-ին, Քալիֆորնիոյ Նահանգային Խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի պաշտօնական ձեռնարկ մը, ուր ներկայ էին նահանգային պաշտօնատարներ, համայնքային ներկայացուցիչներ եւ հոգեւորականներ։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ, Սաքրամենտոյի Սուրբ Յակոբ Հայաստնեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Եղիշէ Քահանայ Քսաճիկեան մասնակցեցաւ նիստին եւ կատարեց բացման աղօթքը՝ կոչ ուղղելով ներկաներուն յիշելու Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակները եւ վերանորոգելու արդարութեան ու ճշմարտութեան նկատմամբ հաւատքը։ Նոյն առիթով, Քալիֆորնիոյ Նահանգային Ժողովի անդամ Nick Schultz ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի բանաձեւը, վերահաստատելով պատմական յիշողութեան պահպանման եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը։