Համայնք
Հրապարակված է: 04/29/2026
Ապրիլ 24-ին, Armenian Genocide Martyrs Memorial Monument-ի մօտ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին նուիրուած մեծաշուք ոգեկոչման արարողութիւնը, որ համախմբեց հոգեւոր Առաջնորդներ, պետական եւ համայնքային բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ եւ բազմահազար հաւատացեալներ։
Ձեռնարկին մասնակցեցաւ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում եւ միասնական աղօթք։ Ներկայ էին ԱՄՆ Քոնկրէսի անդամ Judy Chu, Քալիֆորնիոյ նահանգային սենատոր Bob Archuleta, ինչպէս նաեւ Կլենտելի քաղաքապետ Ardy Kassakhian, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներ, ներառեալ Jack Hadjinian, եւ Լոս Անճելըս շրջանի վարչական մարմիններու անդամներ։ Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ սկաուտական միութիւններ, որոնք իրենց մասնակցութեամբ արժեւորեցին համազգային այս ոգեկոչումը։ Արարողութիւնը վերահաստատեց հայ ժողովուրդի յանձնառութիւնը՝ պահպանելու պատմական յիշողութիւնը եւ շարունակելու արդարութեան պահանջը։




