Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Armenian Genocide Martyrs Memorial Monument-Ի Մօտ Տեղի Ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Րդ Տարելիցին Նուիրուած Մեծաշուք Ոգեկոչման Արարողութիւնը

Համայնք

Հրապարակված է: 04/29/2026


Armenian Genocide Martyrs Memorial Monument-ի մօտ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին նուիրուած մեծաշուք ոգեկոչման արարողութիւնը

Ապրիլ 24-ին, Armenian Genocide Martyrs Memorial Monument-ի մօտ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին նուիրուած մեծաշուք ոգեկոչման արարողութիւնը, որ համախմբեց հոգեւոր Առաջնորդներ, պետական եւ համայնքային բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ եւ բազմահազար հաւատացեալներ։

Ձեռնարկին մասնակցեցաւ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում եւ միասնական աղօթք։ Ներկայ էին ԱՄՆ Քոնկրէսի անդամ Judy Chu, Քալիֆորնիոյ նահանգային սենատոր Bob Archuleta, ինչպէս նաեւ  Կլենտելի քաղաքապետ Ardy Kassakhian, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներ, ներառեալ Jack Hadjinian, եւ Լոս Անճելըս շրջանի վարչական մարմիններու անդամներ։ Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ սկաուտական միութիւններ, որոնք իրենց մասնակցութեամբ արժեւորեցին համազգային այս ոգեկոչումը։ Արարողութիւնը վերահաստատեց հայ ժողովուրդի յանձնառութիւնը՝ պահպանելու պատմական յիշողութիւնը եւ շարունակելու արդարութեան պահանջը։

0b92fce5-8741-a750-a477-d9122877e5ad.jpg
b855ac0b-f39d-6c88-0cfa-d744b40f70ae.jpg
498c62bb-f000-d0cf-bed3-91d0477d09a7.jpg
1f741d1b-6667-a420-465f-d20ed2d33e79.jpg
94a1a74a-faed-0bce-d0eb-2a38dbe24c84.jpg


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները