Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Վան Նայսի Քաղաքապետարանի Բակին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Րդ Տարելիցին Նուիրուած Յիշատակի Ոգեկոչման Եւ Մշակութային Ձեռնարկ

Համայնք

Հրապարակված է: 04/29/2026


Վան Նայսի Քաղաքապետարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի ոգեկոչման եւ մշակութային ձեռնարկ

Ապրիլ 25-ին, Վան Նայսի Քաղաքապետարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի ոգեկոչման եւ մշակութային ձեռնարկ մը, որ համախմբեց Սան Ֆերնանտօ հովիտի հայ համայնքի զաւակները, տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։

Ձեռնարկը նպատակ ունէր յարգելու մեր սուրբ նահատակներու յիշատակը եւ արժեւորելու հայ ժողովուրդի անխորտակելի կամքը, հաւատքն ու մշակութային ժառանգութիւնը։ Օրուան ընթացքին հնչեցին յուշախօսութիւններ, ներկայացուեցան մշակութային ելոյթներ եւ բանաստեղծական ընթերցումներ, որոնք արտայայտեցին հայ ժողովուրդի տոկունութիւնը եւ յարութեան հաւատքը։ Առիթին Սրբազան Հայրը ներկայացուց Վան Նայսի Սուրբ Պետրոս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հովիւի Օգնական Արժանապատիւ Տէր Գէորգ Քահանայ Աբեանը։ Ձեռնարկը աւարտեցաւ աղօթքով եւ յարգանքի լուռ պահով՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն։


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները