Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Բարձրաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Պատմական Հովուական Այցելութիւնը Սուրբ Վարդան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հարիւրամեակին Առիթով

Եկեղեցիներ

Հրապարակված է: 11/17/2026


ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՒՐԲ ՎԱՐԴԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Կիրակի, 15 Նոյեմբեր 2026-ին, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի պատմական հովուական այցելութեամբ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Սուրբ Վարդան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան հարիւրամեակը՝ պսակելով հիմնադիրներու տեսիլքով եւ սերունդներու նուիրումով կերտուած աղօթքի ու ծառայութեան հարիւրամեայ ուղին։

Հարիւր տարիներ ղօղանջեցին Սուրբ Վարդան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զանգերը՝ հայ ընտանիքները հրաւիրելով աղօթքի, հոգեւոր մխիթարութեան եւ եղբայրական հաղորդակցութեան։ Նոյն այդ զանգերը այսօր եւս իրենց ղօղանջով կը հրաւիրեն ներկայ եւ ապագայ սերունդները՝ անսասան պահելու իրենց հաւատքը եւ նորոգ նուիրումով շարունակելու նախորդներուն սրբազան գործը։ Յոբելենական այս օրը անոնց տօնական ղօղանջին ընդառաջ՝ հաւատացեալ ժողովուրդը համախմբուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր շուրջ՝ Սուրբ Պատարագի աղօթքով գոհութիւն բարձրացնելու առ Աստուած եւ օրհնութեամբ յիշելու հարիւր տարիներու եկեղեցանուէր վաստակը։

Հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ առընթերակայութեամբ Սուրբ Վարդան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տէր Գրիգոր Քահանայ Զաքարեանի եւ նախկին Հովիւ Արժանապատիւ Տէր Յովել Քահանայ Օհանեանի։ Սրբազան արարողութեան ներկայ էին Ծխական Խորհուրդի անդամները, ծխական յարակից բոլոր կառոյցներու ներկայացուցիչները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց սարկաւագաց ձեռնադրութիւն՝ հոգեւոր առանձնայատուկ ուրախութիւն հաղորդելով հարիւրամեակի տօնակատարութեան։ Սուրբ Սեղանի ծառայութեան կոչուած նոր սպասաւորներու ընծայումը դարձաւ համայնքի հաւատքի կենսունակութեան գեղեցիկ վկայութիւն՝ նախորդներու ժառանգութիւնը կապելով զայն շարունակելու պատրաստ նոր սերունդին։

Իր քարոզին մէջ Բարձրաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան անդրադարձաւ Յիսնակի շրջանի հոգեւոր խորհուրդին՝ զայն ներկայացնելով իբրեւ դէպի Սուրբ Ծնունդ առաջնորդող հաւատքի եւ նախապատրաստութեան ճանապարհ։ Սրբազան Հայրը յիշեցուց, որ Քրիստոսի գալստեան սպասումը հաւատացեալը կը հրաւիրէ նորոգելու իր հաւատքն ու յանձնառութիւնը, որպէսզի անոր կեանքի ընթացքը անբաժան մնայ Տիրոջմէ։ Այս առումով ան շեշտեց իւրաքանչիւր հաւատացեալի կոչումը՝ իր անձնական օրինակով եւ Եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ իր մասնակցութեամբ Քրիստոսի առաքեալը դառնալու։

Անդրադառնալով սարկաւագաց ծառայութեան՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կարեւորեց Սուրբ Սեղանին հաւատարմութեամբ սպասաւորելը, եկեղեցական գիտելիքներու խորացումը եւ աղօթքով ու խոնարհութեամբ ծառայութեան պատրաստուիլը։ Ան քաջալերեց նորընծաները, որ իրենց ստացած շնորհը պտղաբերեն հետեւողական մասնակցութեամբ եւ օրինակելի կենցաղով՝ օգտակար ըլլալով համայնքի հոգեւոր կեանքին։ Այս առթիւ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց ձեռնադրեալներն ու անոնց ծնողները՝ գնահատելով ընտանիքներուն հոգածութիւնը, որով իրենց զաւակներուն մէջ կը սերմանեն եկեղեցասիրութիւն եւ ծառայելու պատրաստակամութիւն։

Սուրբ Վարդան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հարիւրամեայ պատմութեան անդրադառնալով՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը երախտագիտութեամբ ոգեկոչեց Թեմի հոգելոյս հոգեւոր սպասաւորները, անոնց շարքին՝ հոգելոյս Առաջնորդ Վարդան Արքեպիսկոպոս Գասպարեանը, հանգուցեալ քահանայ հայրերը, ինչպէս նաեւ սարկաւագներն ու աշխարհական պատասխանատուները, որոնք իրենց կեանքն ու կարողութիւնները նուիրեցին համայնքի քրիստոնէական առաքելութեան։ Ան ընդգծեց, որ անոնց տեսիլքն ու անձնուէր աշխատանքը ամրապնդեցին Սուրբ Վարդան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հիմքերը, եւ աղօթք բարձրացուց անոնց հոգիներու խաղաղութեան համար։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հարիւրամեակին առիթով շնորհաւորեց Սուրբ Վարդան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը՝ իր գնահատանքը բերելով բոլոր անոնց, որոնք իրենց աշխատանքով եւ նուիրումով կը շարունակեն նախորդներուն թողած ժառանգութիւնը։ Ան ողջունեց նախկին Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տէր Յովել Քահանայ Օհանեանի ներկայութիւնը եւ յատկապէս գնահատեց Արժանապատիւ Տէր Գրիգոր Քահանայ Զաքարեանի հովուական ծառայութիւնը, Ծխական Խորհուրդի եւ յարակից մարմիններու գործակցութիւնը՝ մաղթելով, որ հարիւրամեակի օրհնութիւնը զօրացնէ համայնքի միասնականութիւնն ու ծառայութեան ոգին։ Ի գնահատանք անոր նուիրեալ ծառայութեան՝ Սրբազան Հայրը լանջախաչով պատուեց Արժանապատիւ Տէր Գրիգոր Քահանայ Զաքարեանը։

Յոբելեանին առիթով Բարեշնորհ Վարդան Սարկաւագ արժանացաւ Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակի, իսկ համայնքի նուիրեալ ծառայողներ Սրբազան Հօր ձեռամբ ստացան Հայ Հոգի (Hye Spirit) շքանշանը՝ համայնքէն ներս իրենց երկարամեայ ու նուիրեալ ծառայութեան համար։

Հարիւրամեակի հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը դարձաւ անցեալի վաստակին հանդէպ երախտագիտութեան եւ ապագայի ծառայութեան յանձնառութեան նուիրական արտայայտութիւն՝ Սուրբ Վարդան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ համախմբելով համայնքի տարբեր սերունդները։

ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 4։30-ին, Փլեզընթ Հիլի «Perera Pavilion» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Վարդան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան հարիւրամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսաւոր ճաշկերոյթը՝ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ։

Հանդիսութիւնը սկսաւ հիւրերու ընդունելութեամբ եւ երաժշտական կատարումներով՝ մասնակցութեամբ «The Sons of St. Vartan» երաժշտական խումբին։ Բացման աղօթքը կատարեց Սուրբ Վարդան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տէր Գրիգոր Քահանայ Զաքարեան, որմէ ետք Գասիա Միքայէլեան արտասանեց բարի գալուստի խօսքը։

Գեղարուեստական յայտագիրը ճոխացաւ երգի, պարի եւ խմբերգային կատարումներով։ Բարրի Պարսամեան ներկայացուց «Get Happy» երգը, իսկ Սուրբ Վարդան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պարախումբը, ղեկավարութեամբ Հասմիկ Գրիգորեանի, հանդէս եկաւ հայկական պարերով։ Յայտագրին մաս կազմեց նաեւ Արամ Խաչատուրեանի «Գայիանէ» պալէէն «Աղջիկներու պարը»՝ Հեղինէ Պոլոյեանի կատարմամբ։

Հանդիսութեան ընթացքին Արժանապատիւ Տէր Գրիգոր Քահանայ Զաքարեան իր պատգամով անդրադարձաւ Սուրբ Վարդան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի նուիրումին եւ համայնքային կեանքին բերած ծառայութեան։ Այս առթիւ գնահատանքի արժանացան բոլոր անոնք, որոնք իրենց հաւատքով, զոհողութիւններով եւ հետեւողական աշխատանքով նպաստած են ծխական կեանքի ծաղկման։ Ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ յոբելենական յանձնախումբի ատենապետ Նազար Ճինտոյեան։

Հանդիսութեան կարեւորագոյն պահերէն մէկը հանդիսացաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր փակման խօսքը։ Բարձրաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան անդրադարձաւ Սուրբ Վարդան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հարիւրամեայ պատմութեան՝ զայն բնորոշելով իբրեւ հաւատքի, զոհողութեան եւ յարատեւութեան վկայութիւն։ Ան շեշտեց, որ հիմնադիրներուն տեսիլքն ու անսասան հաւատքը կերտեցին հոգեւոր տուն մը, որ սերունդներ շարունակ դարձաւ աղօթքի, ազգային ինքնութեան պահպանման եւ համայնքային համախմբման կեդրոն։

Անդրադառնալով ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի մօտալուտ հարիւրամեակին՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդգծեց Սուրբ Վարդան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ յոբելեանին եւ Թեմի հարիւրամեակին միջեւ գոյութիւն ունեցող հոգեւոր ու պատմական կապը։ Ան յիշեցուց, որ մեր նախորդները իրենց կառուցած եկեղեցական շէնքերուն հետ սերունդներուն աւանդեցին հաւատքի եւ ծառայութեան ժառանգութիւն մը, զոր պահպանելն ու զօրացնելը այսօրուան համայնքի նուիրական պարտականութիւնն է։

Սրբազան Հայրը յատկապէս կարեւորեց երիտասարդ սերունդին գործօն մասնակցութիւնը եկեղեցական կեանքին՝ շեշտելով, որ յաջորդ հարիւր տարիներու կերտումը կը սկսի այսօրուան հաւատարմութենէն եւ նուիրեալ ծառայութենէն։ Այս առումով ան ներկաները հրաւիրեց յոբելեանը դարձնելու հոգեւոր վերանորոգութեան եւ նոր յանձնառութիւններու մեկնակէտ՝ նախորդներուն վաստակէն ներշնչուելով եւ ապագային նայելով հաւատքով ու պատասխանատուութեամբ։

Հանդիսութեան ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ հարիւրամեակին նուիրուած տեսերիզ մը՝ ներկաներուն ներկայացնելով Սուրբ Վարդան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմական ուղիին յիշարժան էջերը։ Գեղարուեստական յայտագիրը իր լրումին հասաւ Սուրբ Վարդան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ երգչախումբի կատարմամբ՝ ղեկավարութեամբ Արթին Տէր Մինասեանի եւ մասնակցութեամբ երգեհոնահար Արաքս Աղազարեանի։ Երգչախումբը ներկայացուց «Երեւան–Էրեբունի» ստեղծագործութիւնը՝ հանդիսութեան հաղորդելով ազգային ջերմ շունչ։

Յոբելենական հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Արժանապատիւ Տէր Գրիգոր Քահանայ Զաքարեանի փակման աղօթքով։ Հարիւրամեակի տօնակատարութիւնը համայնքի յիշողութեան մէջ արձանագրուեցաւ իբրեւ երախտագիտութեան եւ վերանորոգ յանձնառութեան օր՝ ներկաները քաջալերելով նոյն հաւատքով ու նուիրումով շարունակելու Սուրբ Վարդան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ ազգային առաքելութիւնը։

Աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը Սուրբ Վարդան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին յայտարարեց 2027 թուականի օրինակելի եկեղեցի։

Դիւան Առաջնորդարանի


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները