Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հերթական Այցելութիւնը Մերտինեան Հայ Աւետարանական Վարժարան

Համայնք

Հրապարակված է: 10/21/2026


ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐՏԻՆԵԱՆ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Երեքշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2026-ին, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան հերթական այցելութիւն մը շնորհեց Շըրման Օքսի Մերտինեան Հայ Աւետարանական Վարժարան՝ ընկերակցութեամբ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեանի եւ Բարեշնորհ Միքայէլ Սարկաւագ Մարգարեանի։

Այցելութեան ներկայ էին Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան հովիւ Վերապատուելի Հենրիկ Շահնազարեան, վարժարանի տնօրէնուհի Տիկին Արփի Աւանէսեան եւ ուսուցչական կազմի անդամներ։ Հանդիպումը առիթ ընծայեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր հաղորդակցելու աշակերտութեան հետ եւ ծանօթանալու վարժարանի կրթական առօրեային։

Սրբազան Հօր այցելութեան առթիւ աշակերտները ներկայացուցին գեղեցիկ յայտագիր մը, որ ջերմ ու հայաշունչ մթնոլորտի մէջ արտայայտեց տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին հետեւողական ջանքերը սաներուն հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան ուղղութեամբ։

Յայտագրին յաջորդեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ աշակերտութեան միջեւ հարցում-պատասխանի մտերմիկ զրոյց մը։ Աշակերտները իրենց հարցումները ուղղեցին Սրբազան Հօր, գործօն մասնակցութիւն բերելով հանդիպման։ Սոյն հաղորդակցութիւնը այցելութեան տուաւ առանձնայատուկ ջերմութիւն մը՝ երկխօսութեան ճամբով Եկեղեցւոյ եւ նորահաս սերունդին միջեւ կապը ամրապնդելով։

Մերտինեան Հայ Աւետարանական Վարժարանը տասնամեակներէ ի վեր իր կարեւոր մասնակցութիւնը կը բերէ հայ սերունդներու կրթութեան, ուսման զուգահեռ հոգածութեամբ փոխանցելով քրիստոնէական արժէքներն ու հայկական ժառանգութիւնը։ Այս առաքելութեան մէջ առանցքային է կրթական մշակներուն ամենօրեայ ծառայութիւնը, որով մայրենի լեզուն, հաւատքն ու ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը տեղ կը գտնեն մանուկներուն եւ պատանիներուն կեանքին մէջ։

Այցելութիւնը վերահաստատեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր սերտ կապը հայ դպրոցին հետ եւ անոր հետեւողական ուշադրութիւնը նոր սերունդներու կրթութեան հանդէպ։ Նման հանդիպումներ կը զօրացնեն եկեղեցիներու միջեւ սերտ համագործակցութիւնը, նորահաս սերունդներու հայեցի եւ քրիստոնէական կազմաւորումը պահելով հաւաքական ուշադրութեան կեդրոնը։

Դիւան Առաջնորդարանի


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները