Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Ամն Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Եռօրեայ Հովուական Այցելութիւնը Լաս Վեկաս Նշուեցաւ Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ Տասնամեակը Եւ Կատարուեցաւ «Թրփանճեան» Համալիրին, Մարք Կիրակոս Մասնաշէնքին, Little Bloom Դպրոցին Եւ Ժոզէֆ Եւ Յասմիկ

Թեմ

Հրապարակված է: 10/20/2026


ԱՄՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ԵՌՕՐԵԱՅ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՍՈՒՐԲ ԿԻՐԱԿՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԸ ԵՒ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ «ԹՐՓԱՆՃԵԱՆ» ՀԱՄԱԼԻՐԻՆ, ՄԱՐՔ ԿԻՐԱԿՈՍ ՄԱՍՆԱՇԷՆՔԻՆ, LITTLE BLOOM ԴՊՐՈՑԻՆ ԵՒ ԺՈԶԷՖ ԵՒ ՅԱՍՄԻԿ

Ուրբաթ, 16, Շաբաթ, 17 եւ Կիրակի, 18 Հոկտեմբեր 2026-ին, հոգեւոր ցնծութեան եւ ազգային հպարտութեան օրեր ապրեցաւ Լաս Վեկասի հայ համայնքը՝ համախմբուելով Սուրբ Կիրակոս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան տասնամեակի տօնակատարութեանց շուրջ։ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եռօրեայ հովուական այցելութիւնը հայրական օրհնութեամբ պսակեց համայնքի տասնամեայ եկեղեցաշէն վաստակը եւ «Թրփանճեան» համալիրը ընդարձակեց անոր կրթական ու համայնքային ծառայութեան հորիզոնները։ Թեմի հարիւրամեայ յոբելեանին ընդառաջ, այս իրագործումը եկաւ միանալու Արեւմտեան Թեմի շինարարական ձեռքբերումներու ոսկեշղթային՝ իբրեւ հաւատքի պահպանութեան եւ հայապահպանութեան նուիրուած հաւաքական կամքին նոր վկայութիւն։

Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբերին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ Առաջնորդարանի Գործադիր Տնօրէն Տիար Յարութիւն Մարգարեանի, ժամանեց Լաս Վեկաս, ուր դիմաւորուեցաւ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգեշնորհ Տ. Սասուն Ծ. Վրդ. Զմրուխտեանի կողմէ։ Նոյն երեկոյեան Սրբազան Հայրը Ծխական Խորհուրդին հետ ժողով գումարեց՝ քննարկելով եկեղեցւոյ եւ համայնքի կեանքին առնչուող հարցերը, ապագայ ծրագիրներն ու անոնց իրականացման կարելիութիւնները։ Հանդիպման ընթացքին Բարձրաշնորհ Սրբազանը գնահատեց խորհուրդի անդամներուն նուիրեալ աշխատանքը՝ քաջալերելով զանոնք շարունակելու ծուխի հոգեւոր, կրթական եւ համայնքային ծառայութիւններու զարգացման ուղղուած ջանքերը։

Շաբաթ, 17 Հոկտեմբերին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Հայր Սուրբին եւ Ծխական Խորհուրդի անդամներուն ներկայութեամբ, հանդիպում ունեցաւ եկեղեցւոյ «Սեդա Թաճիրեան» շաբաթօրեայ վարժարանի պատասխանատուներուն, ուսուցչական կազմին եւ աւելի քան հարիւր աշակերտներուն հետ։ Հայեցի շունչով տոգորուած այս հանդիպման ընթացքին առանձնապէս տպաւորիչ էր բոլոր աշակերտներուն հայախօս ըլլալը՝ իբրեւ մայրենի լեզուի ուսուցման նուիրուած հետեւողական աշխատանքին պտուղ։ Սրբազան Հայրը մտերմիկ երկխօսութիւն ունեցաւ աշակերտութեան հետ՝ քաջալերելով փոքրիկներն ու պատանիները սիրելու հայերէնը, հարստացնելու իրենց գիտելիքները եւ հաւատարիմ մնալու իրենց հոգեւոր ու ազգային արմատներուն։ Բարձրաշնորհ Սրբազանը յատուկ գնահատանքի խօսք ուղղեց ուսուցիչներուն ու պատասխանատուներուն, որոնց մանկավարժական հոգածութեամբ հայ գիրն ու մշակոյթը հարազատ տեղ կը գտնեն նոր սերունդներուն կեանքին մէջ։

Նոյն օրը երեկոյեան տեղի ունեցաւ Սուրբ Կիրակոս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կից կառուցուած մասնաշէնքի հանդիսաւոր բացումը՝ նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ մասնակցութեամբ Լաս Վեկասի քաղաքապետ Տիկին Շելլի Պերքլիի, պաշտօնական հրաւիրեալներու եւ համայնքի ներկայացուցիչներու։ Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Հոգեշնորհ Տ. Սասուն Ծ. Վրդ. Զմրուխտեան եւ Ծխական Խորհուրդի անդամները։

Ապա Սրբազան Հայրը կատարեց նաեւ Little Bloom Elementary վարժարանին բացումը, Եկեղեցւոյ կողքին ամենօրեայ վարժարանի կառուցումը թեմական տարողութեամբ կարեւոր նախաձեռնութիւն մըն էր՝ նոր կարելիութիւններ ընձեռելով մանուկներու խնամքին, վաղ տարիքի դաստիարակութեան եւ ընտանիքներուն աջակցելու գործին։

Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց «Ani’s Eternal Garden» նախասրահին բացումը եւ այնտեղ զետեղուած խաչքարին օծումը։ Հայկական հաւատքի ու յաւերժութեան խորհուրդը կրող խաչքարը նորակառոյց համալիրին մէջ հաստատեց մեր սրբազան ժառանգութեան մնայուն ներկայութիւնը։ Կատարուեցաւ նաեւ Տիկին Յասմիկ Նագգաշեանի նուիրատուութեամբ իրականացած սրահին բացումը՝ յաւերժացնելով անոր հանգուցեալ կողակցին՝ Ժոզէֆ Նագգաշեանի յիշատակը։

Ապա նորաբաց սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ յայտագիր։ Հանդիսութիւնը վարեց եւ բացման խօսքը արտասանեց Տիկին Մարինէ Կոստանեան։ Խօսք առին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգեշնորհ Տ. Սասուն Ծ. Վրդ. Զմրուխտեան, Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Տիար Ալէքս Մխիթարեան, դպրոցի կազմակերպչական աշխատանքներու ղեկավար Տիկին Ալին Փափազեան եւ Լաս Վեկասի քաղաքապետ Տիկին Շելլի Պերքլի։ Տիկին Լենա Յովհաննիսեան ներկայացուց հանդիսութեան ներկայ քաղաքային գործիչները, իսկ դպրոցի աշակերտները ելոյթ ունեցան երաժշտական կատարումներով՝ տօնական շունչ հաղորդելով երեկոյին։

Հանդիսութեան յայտագրի աւարտին արտասանած փակման խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փառք եւ գոհութիւն վերառաքեց Ամենաբարին Աստուծոյ՝ շինարարական այս ձեռնարկը բարեյաջող աւարտին հասցնելու համար։ Բարձրաշնորհ Սրբազանը իր ուրախութիւնն ու խնդակցութիւնը յայտնեց համայնքին՝ արժեւորելով այն հաւատքը, միասնականութիւնն ու յարատեւ աշխատանքը, որոնց շնորհիւ վաղուան հանդէպ վստահութիւնը վերածուեցաւ շօշափելի իրագործումի։

Անհրաժեշտ սարքաւորումներով օժտուած այս կրթօճախը մարմնաւորեց համայնքին յոյսն ու հաւատքը գալիք սերունդներուն հանդէպ։ Հայ դպրոցի առաքելութեան ոգիով՝ ան կոչուած է գիտելիքի եւ հոգեմտաւոր աճման ջերմ միջավայր ստեղծելու, ուր մանուկը պիտի սորվի սիրել բարին, յարգել իր ընկերը եւ հաղորդակից դառնալ քրիստոնէական ու ազգային արժէքներուն։ Այս պատասխանատու գործին մէջ առանձնակի կարեւորութիւն ունի կրթական մշակներուն եւ դաստիարակներուն ծառայութիւնը, որոնց խնամքին կը վստահուի նորահաս սերունդին կազմաւորումը։

Անդրադառնալով նոր վարժարանին՝ Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Այս շէնքը ուսման վայր մը ըլլալէ շատ աւելին է. ան հայ համայնքի անխախտ հաւատքին, յարատեւութեան եւ կրթութեան հանդէպ յանձնառութեան արտայայտութիւնն է»։ Ապա Բարձրաշնորհ Սրբազանը ընդգծեց. «Դպրոց կառուցելով՝ շէնք մը միայն չենք բարձրացներ. կը մշակենք միտքեր, կը կերտենք նկարագիր, կը զօրացնենք համայնքները եւ կը ցանենք ապագայի սերմերը, զորս պիտի ժառանգեն գալիք սերունդները»։

Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Ծխական Խորհուրդին հետեւողական աշխատանքը, բարերարներուն ազնիւ առատաձեռնութիւնը եւ բոլոր անոնց նիւթաբարոյական մասնակցութիւնը, որոնք սատարեցին համալիրի կառուցման։ Բարձրաշնորհ Սրբազանը ընդգծեց, որ եկեղեցին, վարժարանն ու համայնքային սրահը իրար ամբողջացնող առաքելութիւն ունին՝ սնուցելու հաւատքը, պահպանելու հայեցի դիմագիծը եւ զօրացնելու սերունդները իրարու կապող հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութիւնը։ Նոր համալիրով համայնքը ստացաւ հաւաքական կեանքը ծաղկեցնելու եւ երիտասարդութեան առջեւ ծառայութեան նոր ասպարէզներ բանալու ընդարձակ հնարաւորութիւններ։

Կիրակի, 18 Հոկտեմբերին, Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքոյ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մատուցեց Եպիսկոպոսական Հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագիչ Սրբազան Հօր առընթերակայ էին Հոգեշնորհ Տ. Սասուն Ծ. Վրդ. Զմրուխտեան եւ Արժանապատիւ Տ. Նարեկ Աւագ Քահանայ Մատառեան։ Ծխական Խորհուրդի անդամներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին հետ Սուրբ խորանին շուրջ համախմբուած համայնքը գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ՝ անցնող տասնամեակին շնորհուած բարիքներուն եւ ծխական կեանքին մէջ պտղաբերած ծառայութիւններուն համար։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց դպրաց եւ սարկաւագաց ձեռնադրութիւններ, ինչպէս նաեւ դպրուհիներու շղարշներու օրհնութիւնը։ Եկեղեցական սպասաւորութեան կոչուած նոր ուժերուն մասնակցութիւնը յոբելեանական տօնակատարութեանց հաղորդեց առանձնայատուկ հոգեւոր խորհուրդ՝ վկայելով սուրբ խորանի ծառայութեան շարունակականութեան եւ ծխական կեանքի կենսունակութեան մասին։

Իր քարոզին սկիզբը Բարձրաշնորհ Սրբազանը յիշեցուց. «Եկեղեցին Քրիստոսի կենդանի Մարմինն է։ Ան անշարժ հաստատութիւն չէ, այլ հաւատքի կենդանի համայնք մը, որ շարունակ կ՚աճի եւ կը զարգանայ»։

Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Հոկտեմբերի Թարգմանչաց տօնին՝ անոր լուսաւոր խորհուրդով արժեւորելով եկեղեցւոյ տասնամեակը: Բարձրաշնորհ Սրբազանը յիշեցուց, որ Սուրբ Թարգմանիչները Աստուծոյ Խօսքը հայերէն հնչեցնելով՝ մեր ժողովուրդին առջեւ բացին հաւատքի, դպրութեան եւ հոգեմտաւոր վերելքի ուղին։ Անոնց աւանդին հաւատարիմ մնալը կը պահանջէ կենդանի պահել հայ գիրն ու լեզուն եւ քրիստոնէական արժէքներով առաջնորդել սերունդներու կեանքը։

Այս լոյսին տակ Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ համայնքի գոյութեան եւ գոյատեւման երաշխիքներն են հաւատքը պահպանող եկեղեցին եւ լեզուն ու մշակոյթը փոխանցող դպրոցը։ Այս երկու սրբազան օճախները ներկայ եւ գալիք սերունդներուն ամուր հենարաններն են, որոնց շուրջ կը զօրանան ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնն ու հաւաքական պատասխանատուութիւնը։ Աւետարանչութիւնը հովուական առաքելութեան առանցքը դարձնելով եւ հայեցի դաստիարակութիւնը հետեւողական աշխատանքով կենսագործելով՝ համայնքը կը պահպանէ իր հոգեւոր դիմագիծն ու կը կերտէ իր ապագան։

Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդգծեց. «Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին չի պատկանիր մէկ սերունդի, մէկ հոգեւորականի, մէկ Ծխական Խորհուրդի կամ ծխականներու որոշ խումբի։ Ան Քրիստոսի կը պատկանի, եւ բոլորս կոչուած ենք խոնարհութեամբ, սիրով ու հաւատարմութեամբ ծառայելու մեր Տիրոջ հաստատած Եկեղեցւոյ»։

Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ նաեւ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի պաշտօնական հաստատութեան հարիւրամեակին, որ հանդիսաւորապէս պիտի նշուի 2027 թուականին, եւ Թեմի հեռանկարային ծրագիրներուն։ Բարձրաշնորհ Սրբազանը ընդգծեց, որ հարիւրամեայ ժառանգութեան արժեւորումը կը պահանջէ ժողովուրդին համընդհանուր մասնակցութիւնը՝ իւրաքանչիւրին շնորհներն ու կարողութիւնները ծառայեցնելով եկեղեցական, կրթական եւ երիտասարդական առաքելութեանց զարգացման։ Լաս Վեկասի նորակառոյց համալիրը այս հաւաքական յանձնառութեան պտուղներէն էր՝ ցոյց տալով, թէ ինչ կարելի է իրագործել, երբ հովուական տեսլականին կը միանան ժողովուրդին վստահութիւնն ու գործօն աջակցութիւնը։

Իր պատգամը եզրափակելով՝ Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Թող այս տասնամեակը վերադառնալու առիթ ըլլայ առհասարակ համայնքային կեանքէն հեռացածներուն, յանձնառութեան վերանորոգում՝ ծխայիններուն եւ հիւրընկալ սկիզբ՝ համայնքին դեռ չմիացածներուն համար»։

Քարոզի աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց Հոգեշնորհ Տ. Սասուն Ծ. Վրդ. Զմրուխտեանի նուիրեալ ծառայութիւնը, Ծխական Խորհուրդին եւ յարակից բոլոր կառոյցներուն անմնացորդ նուիրումը, ինչպէս նաեւ երիտասարդ ներուժին գործօն մասնակցութիւնը։ Բարձրաշնորհ Սրբազանը յատուկ գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Լաս Վեկասի հայութեան հայրենասիրութեան եւ Մայրենի Սուրբ Եկեղեցւոյ, հայոց լեզուին ու մշակոյթին հանդէպ անոր հաստատուն կապուածութեան։ Սրբազան Հայրը վերստին իր շնորհակալութիւնը յայտնեց համալիրի բարերարներուն՝ անոնց եկեղեցաշէն ու կրթանուէր վաստակին համար։

Այս առթիւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հայր Սուրբին նուիրեց Սուրբ Գեղարդի կրկնօրինակ մը՝ ի գնահատութիւն անոր երկարամեայ հովուական ծառայութեան։ Սուրբ Գեղարդը, ըստ եկեղեցական աւանդութեան, խաչեալ Քրիստոսի կողը խոցած նիզակին ծայրն է՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պահուող համաքրիստոնէական սրբութիւններէն մէկը։ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան ընթացքին Ամենայն Հայոց Հայրապետը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Աջին եւ Տիրոջ Խաչափայտի մասունքին հետ նաեւ Սուրբ Գեղարդով կ՚օրհնէ ու կը խառնէ Միւռոնը։ Այս խորհրդանշական ընծան Հայր Սուրբին ծառայութիւնը կապեց մեր Եկեղեցւոյ սրբազան աւանդութեան եւ առաքելական ժառանգութեան խորհուրդին։

Տասնամեակ մը առաջ կառուցուած Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին իր կամարներուն ներքոյ համախմբեց Լաս Վեկասի հայութիւնը՝ դառնալով աղօթքի, եղբայրական միութեան եւ ազգային կեանքի հարազատ օճախ։ Յոբելեանական այս այցելութիւնը եւս ամրապնդեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր ու ժողովուրդին սերտ կապը՝ հաւատացեալները քաջալերելով նոր եռանդով շարունակելու եկեղեցանուէր եւ կրթաշէն աշխատանքը։

Սուրբ Պատարագի աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Օրհնութեան եւ Գնահատանքի Գիրեր շնորհեց Սուրբ Կիրակոս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ երկարամեայ երախտաւորներուն, արժեւորելով անոնց անձնուէր վաստակը եւ ծխական կեանքի տարբեր ասպարէզներուն մէջ մատուցած նուիրեալ ծառայութիւնը։ Գնահատանքի արժանացան՝

Ծխական Խորհուրդի նախկին ատենապետներ՝ Տիար Կարէն Սեթանեան եւ Տիար Յովսէփ Շատարեւեան։

Ծխական Խորհուրդի նախկին անդամներ՝ Տիար Արսէն Ուրֆալեան, Տիար Հրայր Տիտանեան, Տիար Սամուէլ Յակոբեան, Տիար Վիգէն Կիրակոսեան, Տիար Ներսիկ Գրիգորեան, Տիար Յովսէփ Ճաւահիրեան, Տիար Կարէն Յակոբեան եւ Տիար Արթուր Մարուքեան։

Տիկնանց Միութեան ծառայած անդամներ՝ Տիկին Հերմինէ Աւետեան, Տիկին Էլէն Զարգարեան, Տիկին Մարինէ Գենանեան, Տիկին Թագուհի Սեմերճեան, Տիկին Կարինէ Պետրոսեան, Տիկին Էտիթա Սահակեան եւ Տիկին Արմինէ Կարապետեան։

Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդաց Կազմակերպութեան ծառայած անդամներ՝ Թադէ Կիրակոսեան, Նաթալի Ուրֆալեան, Ռընէ Սեթանեան եւ Քաթերին Սեթանեան։

«Սեդա Թաճիրեան» շաբաթօրեայ վարժարանի հիմնադիր տնօրէնուհի Տիկին Լաուրա Խլկաթեան, դպրապետուհի Տիկին Հասմիկ Նաքքաշեան, երգեհոնահարուհի Տիկին Մարինէ Մենէճեան եւ Բարեշնորհ Արմէն Սարկաւագ Աշըրեան։

Երախտաւորներուն ընծայուած այս մեծարանքը համայնքի հաւաքական յիշողութեան մէջ ամրագրեց այն լուռ ու հետեւողական աշխատանքը, որով տասնամեակ մը շարունակ շէն մնաց Սուրբ Կիրակոս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին։ Անոնց ծառայութեան օրինակը ներկաներուն ուղղուած հրաւէր մըն էր՝ սեփական շնորհներն ու կարողութիւնները նոյն սիրով ի սպաս դնելու Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր եռօրեայ հովուական այցելութիւնը Լաս Վեկասի հայութեան համար դարձաւ հաւատքի վերանորոգման, ազգային համախմբումի եւ ապագայի հանդէպ վստահութեան ամրապնդման օրհնաբեր առիթ։ Եկեղեցւոյ տասնամեակը, նոր կառոյցի բացումն ու սուրբ խորանի նոր սպասաւորներուն ձեռնադրութիւնը միահիւսուեցան ծառայութեան շարունակականութեան նոյն խորհուրդին մէջ։ Առաջնորդին եւ ժողովուրդին սերտ հաղորդակցութեամբ զօրացած համայնքը նոր յանձնառութեամբ դիմաւորեց իր առջեւ բացուող հեռանկարները՝ վճռակամ շարունակելու հաւատքի պահպանութեան, հայեցի դաստիարակութեան եւ եկեղեցաշինութեան նուիրական գործը։

Դիւան Առաջնորդարանի


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները