Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Բարձրաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Նախագահութեամբ Տեղի Ունեցաւ «Արհեստական Բանականութիւնը Հայաստանի Մէջ. Սահմանագիծն Ու Ապագան» Ձեռնարկը

Թեմ

Հրապարակված է: 10/09/2026


ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ «ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ. ՍԱՀՄԱՆԱԳԻԾՆ ՈՒ ԱՊԱԳԱՆ» ՁԵՌՆԱՐԿԸ

Չորեքշաբթի, 7 Հոկտեմբեր 2026-ին, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ եւ «Երեւանի Պետական Համալսարանի Բարեկամներ» հիմնադրամի կազմակերպութեամբ, Առաջնորդարանի Գալայճեան հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արհեստական Բանականութիւնը Հայաստանի մէջ. սահմանագիծն ու ապագան» խորագրով ձեռնարկը։

Երեկոյին ներկայ էին արհեստագիտութեան ոլորտի մասնագէտներ, գիտնականներ, համալսարանականներ, համայնքային ներկայացուցիչներ եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի բարեկամներ, որոնք համախմբուած էին քննարկելու արհեստական բանականութեան զարգացման հեռանկարները, Հայաստանի գիտական ներուժն ու համաշխարհային այս արագ զարգացող բնագաւառին մէջ անոր ստանձնելիք դերակատարութիւնը։

Բացման իր խօսքին մէջ Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը ողջունեց ներկաները եւ գնահատեց «Երեւանի Պետական Համալսարանի Բարեկամներ» հիմնադրամին կրթանուէր ու հայրենանուէր գործունէութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց գիտութեան, կրթութեան եւ նորարարութեան կենսական նշանակութիւնը Հայաստանի զարգացման ու հզօրացման համար՝ կարեւոր նկատելով Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մասնագիտական ներուժին համախմբումը։ Սրբազան Հայրը նաեւ շեշտեց, որ արհեստական բանականութեան ընձեռած կարելիութիւնները պէտք է ծառայեն մարդուն եւ հասարակութեան բարօրութեան՝ առաջնորդուելով մարդկային արժէքներու պահպանման գիտակցութեամբ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր գնահանտանքի խօսքը նաև ուղեց Երեւանի Պետական Համալսարանի ռեկտոր Դոկտ. Յովհաննէս Յովհաննիսեանին եւ համալսարանի միջազգային կապերի, զարգացման եւ նորարութիւնների գիծով պրոռեկտոր Դոկտ․ Միքայէլ Յովհաննիսեանին իրենց նուիրուած ղեկավարութեան եւ անսասան յանձնառութեան համար՝ համալսարանի առաքելութիւնը յառաջ մղելու եւ վաղուան առաջնորդները կրթելու գործին մէջ։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Դոկտ. Յովհաննէս Յովհաննիսեան, որ անդրադարձաւ համալսարանի գիտակրթական առաքելութեան, նորարարական հետազօտութիւններու զարգացման եւ Հայաստանի գիտական ներուժի ամրապնդման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն։ Իր խօսքը փոխանցեց նաեւ ԵՊՀ-ի Միջազգային Յարաբերութիւններու, Զարգացման եւ Նորարարութեան գծով փոխռեկտոր Դոկտ. Միքայէլ Յովհաննիսեան։

Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր ԵՊՀ-ի Մաթեմատիկական եւ Կիրառական Հետազօտութիւններու Կեդրոնի Մեքենայական Ուսուցման Տարրալուծարանի խումբի ղեկավար Դոկտ. Հրանտ Խաչատրեան։ Ան ներկայացուց «Երեւանի Պետական Համալսարանը արհեստական բանականութեան նոր սահմանագիծին ընդառաջ» նիւթով բանախօսութիւնը՝ անդրադառնալով համալսարանէն ներս արհեստական բանականութեան ուսումնասիրութիւններու ներկայ վիճակին, գիտական նոր նախաձեռնութիւններուն եւ զարգացման հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ մասնագէտներու պատրաստութեան, հետազօտական ենթակառոյցներու ընդլայնման եւ միջազգային համագործակցութեան կարեւորութեան։

Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցաւ Զապէլ Եսայեանի անուան շքանշանի յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը՝ ի գնահատութիւն կրթական ու գիտական կեանքին եւ համայնքի յառաջընթացին բերուած նշանակալի նպաստին։ Ցուցադրուեցաւ նաեւ Երեւանի Պետական Համալսարանի կրթական եւ գիտահետազօտական գործունէութիւնը ներկայացնող կարճ տեսերիզ։

Յայտագրի գլխաւոր բաժիններէն էր «Արհեստական Բանականութիւնը Հայաստանի մէջ. առաջնահերթութիւններ, կարելիութիւններ եւ քայլեր» նիւթով քննարկումը։ Քննարկման մասնակցեցան NVIDIA ընկերութեան Ֆիզիքական Արհեստական Բանականութեան Համակարգչային Նմանակման գծով փոխնախագահ Տիար Ռեւ Լեպարետեան, SmartGateVC-ի կառավարիչ գործընկեր Տիար Արեգ Ալիմեան, ԵՊՀ-ի ռեկտոր Դոկտ. Յովհաննէս Յովհաննիսեան եւ Դոկտ. Հրանտ Խաչատրեան։ Քննարկումը վարեց SmartGateVC-ի հիւսիսամերիկեան գործունէութեան ղեկավար եւ գործընկեր Տիկին Արմինէ Գալստեան։

Բանախօսներն ու քննարկման մասնակիցները անդրադարձան արհեստական բանականութեան զարգացման ազդեցութեան Հայաստանի արհեստագիտական ոլորտին, տնտեսութեան, ազգային անվտանգութեան եւ միջազգային մրցունակութեան վրայ։ Անոնք կարեւորեցին գիտական հետազօտութիւններու խթանումը, երիտասարդ մասնագէտներու պատրաստութիւնը, արդիական ենթակառոյցներու ստեղծումը եւ Հայաստանի ու Սփիւռքի մասնագէտներուն միջեւ շարունակական համագործակցութիւնը։

Ձեռնարկը նաեւ դրամահաւաքի նպատակ կը հետապնդէր։ Հասոյթին ամբողջութիւնը պիտի յատկացուի ԵՊՀ-ի Մաթեմատիկական եւ Կիրառական Հետազօտութիւններու Կեդրոնի Մեքենայական Ուսուցման Տարրալուծարանի հետազօտական կրթաթոշակներուն՝ նպաստելով Հայաստանի մէջ արհեստական բանականութեան ուսումնասիրութիւններուն եւ երիտասարդ հետազօտողներու նոր սերունդի պատրաստութեան։

Փակման իր խօսքին մէջ Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը գնահատեց կազմակերպիչներուն, բանախօսներուն եւ մասնակիցներուն ներդրումը՝ ընդգծելով, որ նման ձեռնարկները նոր հորիզոններ կը բանան Հայաստանի գիտական ու կրթական զարգացման համար եւ կը զօրացնեն Հայրենիքի ու Սփիւռքի համագործակցութիւնը։ Սրբազան Հայրը յաջողութիւն մաղթեց «Երեւանի Պետական Համալսարանի Բարեկամներ» հիմնադրամին եւ ԵՊՀ-ի գիտակրթական ընտանիքին՝ իրենց ծրագիրներուն ու հայրենանուէր առաքելութեան մէջ։

Դիւան Առաջնորդարանի


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները