Թեմ
Հրապարակված է: 10/08/2026
ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի առաջնորդութեամբ ընթացք առած «Հաստատութենական Նորարարական Ծրագիրներ»ը կը շարունակեն ընդլայնուիլ՝ հոգեւոր հովիւներուն, ծխական խորհուրդներուն եւ համայնքային պատասխանատուներուն տրամադրելով գործնական եւ օգտակար ուղեցոյցներ, կրթադաստիարակչական ու վերապատրաստութեան նիւթեր եւ զեկոյցներ։ Սոյն հրատարակութիւնները նպատակ կը հետապնդեն զօրացնել ծխական կեանքը, զարգացնել հոգեւորականներուն ու աշխարհական ղեկավարներուն կարողութիւնները եւ խթանել հաւատացեալներուն գործօն մասնակցութիւնը Եկեղեցւոյ առաքելութեան։
Թեմի «Հաստատութենական Նորարարական ծրագիրներ»ը կը միտին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը գործնական եւ արդիւնաւոր ծառայութեան վերածել՝ արձագանգելով ծուխերուն եւ համայնքներուն ժամանակակից կարիքներուն։ Սոյն ծրագիրները կը շեշտեն, որ Եկեղեցին կիրակնօրեայ այցելութեան վայր ըլլալէ անդին քրիստոնէական հաւատքով եւ հայկական ժառանգութեամբ ներշնչուած՝ հաւատացեալը կ՚առաջնորդէ քրիստոնէավայել կեանք մը ապրելու։ Այս ըմբռնումը իր արտայայտութիւնը կը գտնէ նաեւ Թեմի առաքելութեան սահմանումին մէջ։
Առանձնայատուկ ուշադրութիւն յատկացուած է ծխական ղեկավարութեան պատրաստութեան։ Հայերէն եւ անգլերէն հրատարակուած «Ծխական Խորհուրդի Ուղեցոյց»ը կը ներկայացնէ եկեղեցական կառավարման սկզբունքները, ղեկավարութեան պարտականութիւնները, ծխական գործունէութեան արդիւնաւէտ եղանակները, յանձնախումբերու կազմաւորումն ու զարգացումը, ինչպէս նաեւ թեմական եւ ծխական կանոնադրութիւնները։ «Նորարարութիւն Մեր Ծուխէն Ներս» ձեռնարկը գործնական մօտեցումներ կ՚առաջարկէ հաւատքի փոխանցման, ղեկավարներու պատրաստութեան, մշակութային կեանքի մասնակցութեան, սերտ կապերու ամրապնդման, ծառայութեան եւ երիտասարդներու ներգրաւման համար։ Իսկ «Համայնքի Կերտման Գործնական Գաղափարներ. 65 Առաջարկ Ծխական Ղեկավարներուն» աշխատութիւնը կը ներկայացնէ ծրագիրներու գաղափարներ, որոնք կարելի է յարմարեցնել իւրաքանչիւր ծուխի պայմաններուն՝ ընդլայնելու մասնակցութիւնը եւ ամրապնդելու համայնքին պատկանելու գիտակցութիւնը։
Պատրաստուած են նաեւ եկեղեցական ծառայութեան առանձին բնագաւառներուն նուիրուած ձեռնարկներ։ «Հաւատքը Գործի Մէջ. Մեր Ծուխի Տիկնանց Միութեան Նորարարութիւնը» հրատարակութիւնը կը քաջալերէ առաւել մեծ տեղ յատկացնել հոգեւոր հաղորդակցութեան եւ քրիստոնէական ծառայութեան։ Միաժամանակ, 125 էջերէ բաղկացած «Սարկաւագներու եւ Խորանի Սպասաւորներու Ձեռնարկ»ը կը համախմբէ աստուածաբանական, ծիսական, պատմական եւ գործնական նիւթեր, նպաստելով սպասաւորներուն հոգեւոր պատրաստութեան եւ Սուրբ Խորանին մատուցուող ծառայութեան։
«Հաստատութենական Նորարարական Ծրագիրներուն» կարեւոր բաղադրիչներէն մէկն է եկեղեցականներուն հոգեւոր եւ մտաւոր շարունակական զարգացումն ու վերապատրաստութիւնը։ Եկեղեցւոյ աւետարանչական առաքելութեան նորոգման նուիրուած եռամեայ աշխատանքին ծիրէն ներս, Թեմի «Աւետարանչութիւն» ծրագիրը կը համախմբէ 2026 թուականի Հոգեւորականաց Համագումարի աշխատանքներն ու անոր յաջորդած քննարկումները։ Պատրաստուած է նաեւ «Քահանայութեան Թեկնածուներու եւ Ձեռնադրուած Հոգեւորականներու Ընդունման Չափանիշներն ու Ընթացակարգերը» փաստաթուղթը, որ կը սահմանէ անոնց ընդունման համար անհրաժեշտ հոգեւոր, ուսումնական եւ մասնագիտական պայմանները։
Այս ձեռնարկներուն զուգահեռ, զեկոյցներու շարք մը կը ներկայացնէ Թեմի վերելքին ու կենսունակութեան նպաստող բազմաբովանդակ աշխատանքը։ Զեկոյցները կ՚անդրադառնան Առաջնորդարանի առաքելութեան, տեսլականի եւ նոր ծրագիրներու մշակման, Առաջնորդ Սրբազան Հօր 2026 թուականին ծխական ղեկավարներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն, կրթական կառոյցներու պատասխանատուներու եւ ծխական ղեկավարութեան պատրաստութեան, ծուխերու ապագայի տեսլականին նուիրուած աշխատանիստերուն եւ եկեղեցական կառոյցներու զարգացման այլ բնագաւառներու։
Առաջնորդարանի կարուցուող երկյարկանի նոր «Նորարարութեան եւ Հաղորդամիջոցներու Կեդրոն»ը եւս կը միտի ստեղծել հաղորդակցութեան, գործնական ու արդիւնաւէտ մասնակցութեան նոր հնարաւորութիւններ։ Կեդրոնը պատկերացուած է իբրեւ ստեղծագործ աշխատանքի միջավայր, ուր հաւատքի եւ համայնքային կեանքի փորձառութիւններու ներկայացումը, նոր հաղորդամիջոցները, արհեստագիտութիւնն ու նորարարական ծրագիրները պիտի ծառայեն քրիստոնէական հաւատքն ու հայկական ժառանգութիւնը նորահաս սերունդներուն փոխանցելու նպատակին։
«Մեր Թեմի տեսլականը գործի վերածելը այս աշխատանքին առանցքն է», ընդգծեց Առաջնորդ Յովնան Սրբազանը։ «Խորապէս երախտապարտ ենք Դոկտ. Չիլինկիրեանին՝ իր նուիրեալ առաջնորդութեան եւ այս տեսլականը կեանքի կոչելու ուղղութեամբ ունեցած անգնահատելի ներդրումին համար։ 2024-ին մեր «Հաստատութենական Նորարարութեան Նախաձեռնութեան» ղեկը ստանձնելէն ի վեր, Դոկտ. Չիլինկիրեան թարմ մտածողութիւն եւ նոր եռանդ բերած է մեր Եկեղեցւոյ առաքելութեան», աւելցուց Առաջնորդ Սրբազանը։
ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի հիմնադրութեան 100-ամեակին՝ 2027 թուականի յոբելենական հանգրուանին ընդառաջ, Հաստատութենական Նորարարական Ծրագիրները կը կառուցուին մէկ դարու եկեղեցանուէր ծառայութեան վաստակին վրայ՝ ծուխերն ու անոնց պատասխանատուները պատրաստելով յառաջիկայ տասնամեակներու մարտահրաւէրներուն եւ նոր հնարաւորութիւններուն։ Այս աշխատանքը կը հրաւիրէ թեմական մեծ ընտանիքը նորոգելու ծառայութեան իր յանձնառութիւնը եւ հետեւողական ջանքերով շարունակելու Թեմի հովուական, կրթական ու համայնքային առաքելութիւնը։
Դիւան Առաջնորդարանի