Եկեղեցիներ
Հրապարակված է: 10/07/2026
Կիրակի, 4 Հոկտեմբեր 2026-ին, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Թեմի հնագոյն ծուխերէն Եթեմի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 115-ամեակը։ Օրուան հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագն ու յոբելենական ճաշկերոյթը համախմբեցին հոգեւորականներ, ծխականներ, համայնքային պատասխանատուներ եւ հրաւիրեալ պատուաւոր հիւրեր։
Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը մատոյց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը եւ իր հայրական պատգամը փոխանցեց հաւատացեալ ժողովուրդին։ Սուրբ Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տէր Մաշտոց Քահանայ Քէշիշեան, սարկաւագներն ու եկեղեցական սպասաւորները։
Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին նաեւ Ռիտլիի Սուրբ Սահակ Սուրբ Մեսրոպ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Այցելու Հովիւ Արժանապատիւ Տէր Գէորգ Աւագ Քահանայ Առաքելեան, Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Տիար Տէրիք Ղուկասեան եւ իր կողակիցը՝ Տիկին Ատրինէ Ղուկասեան, Թեմական Խորհուրդի անդամ Տիար Մայքըլ Միսաքեան եւ Ծխական Խորհուրդի ատենապետուհի Տիկին Ճուտի Սքաֆ։
Պետական եւ տեղական իշխանութեանց ներկայացուցիչներէն հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսի 21-րդ ընտրատարածքի ներկայացուցիչ Ճիմ Քոսթա, Վիսալիայի Քաղաքային Խորհուրդի անդամ Պրայըն Փուչիկեան եւ Թուլարի Գաւառի Վերահսկիչ Էյմի Շուքլեան։
Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ դարաւոր վկայութեան եւ հաւատացեալներու այն սերունդներուն, որոնք իրենց նուիրումով պահպանած ու շարունակած են անոր առաքելութիւնը։ Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ հիմնադրութեան տարեդարձը միայն անցեալի ոգեկոչում չէ, այլ նաեւ առիթ՝ վերանորոգելու համայնքին հոգեւոր կեանքը եւ նոր յանձնառութեամբ շարունակելու եկեղեցւոյ առաքելութիւնը՝ գալիք սերունդներուն համար։
Բարձրաշնորհ Սրբազանը գնահատեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տէր Մաշտոց Քահանայ Քէշիշեանի եւ ծխականներուն հաւատքը, նուիրումն ու զոհողութիւնը, որոնց շնորհիւ եկեղեցին շարունակած է մնալ Սան Խոաքինի հովիտին մէջ հայ քրիստոնէական կեանքի կենսունակ կեդրոն մը։ Թեմակալ Առաջնորդը յորդորեց համայնքը ուժ ստանալու իր դարաւոր հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութենէն եւ նոյն նախանձախնդրութեամբ կերտելու եկեղեցւոյ ապագան՝ ի նպաստ գալիք սերունդներուն։
Սուրբ Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ Եթեմի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 115-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր ճաշկերոյթը։ Բացման աղօթքը կատարեց Սրբազան Հայրը՝ գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ այն սերունդներուն համար, որոնք հիմնած եւ խնամքով զարգացուցած են ծուխը։ Սրբազան Հայրը Տիրոջ շարունակական օրհնութիւնը հայցեց եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւորներուն, ծխականներուն եւ անոնց եկեղեցանուէր առաքելութեան համար։
Հանդիսավար եւ 115-ամեակի Յանձնախումբի համաատենապետ Բարեշնորհ Հրանդ Ալան Սարկաւագ Ֆարսաքեան ողջունեց հիւրերը եւ անդրադարձաւ պատմական այս առիթին նշանակութեան՝ արժեւորելով համայնքի հաւաքական նուիրումն ու եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուելու պատրաստակամութիւնը։
Ծխական Խորհուրդի անունով Տիկին Ճուտի Սքաֆ իր խօսքին մէջ ընդգծեց Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ կարեւոր դերը համայնքի կրօնական, հոգեւոր եւ մշակութային կեանքի ամրապնդման մէջ։ Տիկին Սքաֆ շնորհաւորեց նաեւ Արժանապատիւ Տէր Մաշտոց Քահանայ Քէշիշեանը՝ քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 15-ամեակին առիթով, գնահատելով հաւատացեալներուն մատուցած անոր նուիրեալ հովուական ծառայութիւնը։
Իր խօսքին մէջ Եթեմի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տէր Մաշտոց Քահանայ Քէշիշեան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին՝ հայրական առաջնորդութեան եւ զօրակցութեան համար։ Սրտանց շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ծխականներուն՝ ցուցաբերած գնահատանքին, սիրոյն եւ շարունակական աջակցութեան համար։ Արժանապատիւ Տէր Մաշտոց Քահանայ Քէշիշեան վերահաստատեց իր հովուական կոչումին հանդէպ յանձնառութիւնը՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով հաստատակամութեամբ, նուիրումով եւ նախանձախնդրութեամբ շարունակելու Քրիստոսի հօտին ծառայութիւնը։
Ճաշկերոյթի ընթացքին պատուի արժանացան համայնքի երեք նուիրեալ անդամներ՝ Թրէյսի Վալենսիա, Բարեշնորհ Հրանդ Ալան Սարկաւագ Ֆարսաքեան եւ Սայմըն «Չաք» Սիմոնեան, որոնց երկարամեայ ծառայութիւնն ու գործօն մասնակցութիւնը նպաստած են ծուխի կեանքին եւ կենսունակութեան։
Երաժշտական կատարումներով հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինը ճոխացուց Օլիվիա Վարդանեան՝ Տեւրի Լինտսթրանտի դաշնակի նուագակցութեամբ։
Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 115-ամեակին առիթով Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսի անդամ Ճիմ Քոսթայի, Քալիֆորնիոյ Նահանգային Ծերակոյտի անդամ Մելիսա Հուրթատոյի, Նահանգային Ժողովի անդամ Ալեքսանտրա Մասետոյի եւ Թուլարի Գաւառի Վերահսկիչներ Էյմի Շուքլեանի ու Էտի Վալերոյի կողմէ գնահատանքի պաշտօնական վկայագրեր յանձնուեցան համայնքին։
Ծխական եւ առաջին սերունդի ամերիկահայ Տիար Տէյվիտ Մենենտեան անձնական յիշատակներու եւ փորձառութիւններու ընդմէջէն ներկայացուց Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ խոր ազդեցութիւնը իր ընտանիքին կեանքին մէջ։ Տիար Մենենտեան եկեղեցին բնորոշեց իբրեւ այն հոգեւոր տունը, ուր հաւատքը, ընտանեկան արժէքները, ազգային ժառանգութիւնն ու համայնքային պատկանելիութիւնը փոխանցուած են սերունդէ սերունդ։
Թեմական Խորհուրդի անունով խօսք առաւ նաեւ ատենապետ Տիար Տէրիք Ղուկասեան, որ արժեւորեց Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մնայուն առաքելութիւնը՝ մեր նախնիներուն ուղղափառ քրիստոնէական հաւատքը պահպանելու եւ գալիք սերունդներուն փոխանցելու ուղղութեամբ։ Տիար Ղուկասեան ընդգծեց եկեղեցւոյ դերը իբրեւ հաւատքի փարոս եւ համայնքի հոգեւոր կեանքը առաջնորդող կեդրոն։
Փակման իր պատգամին մէջ Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը Եթեմի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան օրհնաբեր 115-ամեակին առիթով շնորհաւորեց ամբողջ համայնքը եւ հաւատացեալները հրաւիրեց հաստատակամօրէն շարունակելու իրենց նախնիներէն վստահուած ժառանգութիւնը։ Սրբազան Հայրը գնահատեց նաեւ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տէր Մաշտոց Քահանայ Քէշիշեանի նուիրեալ հովուական ծառայութիւնը եւ շնորհաւորեց քահանայական ձեռնադրութեան ու օծման 15-ամեակին առիթով՝ մաղթելով արդիւնաշատ եւ օրհնաբեր սպասաւորութիւն։
Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց պահպանել հայ քրիստոնէական հարուստ ժառանգութիւնը եւ հաւատարիմ մնալ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ սրբազան աւանդութիւններուն։ Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ նախորդ սերունդներուն մատուցուող մեծագոյն պատիւը անոնց փայփայած հաւատքը գալիք սերունդներուն կեանքին մէջ կենդանի եւ ծաղկուն պահելն է։
Հաւատքի եւ ծառայութեան 115 տարիներուն համար գոհաբանութեան, ինչպէս նաեւ ապագային հանդէպ նորոգ յոյսի ու յանձնառութեան մթնոլորտին մէջ յոբելենական հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքով։
Դիւան Առաջնորդարանի