Թեմ
Հրապարակված է: 09/28/2026
Ուրախութեամբ կը հաղորդենք, որ Շաբաթ, 26 Սեպտեմբեր 2026-ին, Պըրքլիի Claremont Resort & Club-ին մէջ, հովանաւորութեամբ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, մեծ յաջողութեամբ նշուեցաւ Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանի հիմնադրութեան 65-ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութիւնը։
Առաւօտեան ժամը 10։30-ին սկսած եւ մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1։00 շարունակուած հանդիսութիւնը համախմբեց հոգեւորականներ, Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանի շրջանաւարտներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ հաւատացեալներ, որոնք եկած էին միասնաբար արժեւորելու հաստատութեան վաթսունհինգ տարիներու հոգեւոր եւ կրթական վաստակը եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու անոր շարունակուող առաքելութեան։

Հանդիսութեան բացման խօսքով ներկաները ողջունեց օրուան հանդիսավար Քիմ Պարտագեան, որմէ ետք Օքլընտի Սուրբ Վարդան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Գրիգոր Քհնյ. Զաքարեան կատարեց բացման աղօթքը եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը հայցեց յոբելենական հանդիսութեան ու Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանի առաքելութեան համար։
Յայտագիրը շարունակուեցաւ «12 Vocations: Variety of Gifts – One Spirit» խորագրով տեսերիզի ցուցադրութեամբ, որ ներկաներուն ներկայացուց Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանի առաքելութեան պտուղները եւ այնտեղ կազմաւորուած սպասաւորներու ծառայութիւնները Հայ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։
Այնուհետեւ իր վկայութեամբ հանդէս եկաւ Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հովիւի Օգնական Բարեշնորհ Արին Սարկաւագ Պարսանեան։ Որպէս Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանի նոր շրջանաւարտ ան ներկաներուն հետ բաժնեց իր հոգեւոր եւ աստուածաբանական կազմաւորման փորձառութիւնը եւ անդրադարձաւ այն կարեւոր դերին, զոր Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանը ունեցած է իր կոչումին եւ եկեղեցական ծառայութեան ուղիին մէջ։
Հանդիսութեան իր խօսքը փոխանցեց Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Սարգիս Աւագ Քհնյ. Պետոյեան եւ արժեւորեց Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանի 65-ամեայ ծառայութիւնն ու անոր կարեւոր տեղը Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։
Յոբելենական հանդիսութեան կարեւոր բաժիններէն մէկը հանդիսացաւ Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանի Տեսուչ Արժ. Տ. Մարտիրոս Աւագ Քհնյ. Չեւեանի «St. Nersess Seminary: Present & Future» խորագրով խօսքը։ Տէր Մարտիրոս անդրադարձաւ Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանի ներկայ կեանքին եւ ապագայի տեսլականին եւ յատկապէս շեշտեց հոգեւորականներու պատրաստութեան կենսական կարեւորութիւնը։
Տէր Մարտիրոս երախտագիտութեամբ արժեւորեց նաեւ այն հաւատքն ու նուիրումը, որոնց շնորհիւ Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանը վաթսունհինգ տարիներ շարունակ կրցած է իր առաքելութիւնը իրականացնել։ Ան ընդգծեց, որ հաստատութեան ապագան եւս կը կերտուի Եկեղեցւոյ, հոգեւորականներու, բարերարներու եւ հաւատացեալ ժողովուրդի միասնական նուիրումով եւ Հայ Եկեղեցւոյ ապագայ սպասաւորներու պատրաստութեան հանդէպ անոնց յանձնառութեամբ։
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց Բարձրաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ նաեւ Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանի Խնամակալ Մարմնի փոխ-նախագահն է։
Սրբազան Հայրը ջերմօրէն շնորհաւորեց Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանի 65-ամեակը եւ բարձր գնահատեց անոր հոգեւոր ու կրթական վաստակը։ Ան ընդգծեց, որ վաթսունհինգ տարիներու այս հանգրուանը ոչ միայն առիթ է երախտագիտութեամբ արժեւորելու անցեալի հարուստ ժառանգութիւնը, այլեւ նորոգելու մեր յանձնառութիւնը Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանի ապագային հանդէպ։
Իր խօսքին մէջ Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը յատկապէս կարեւորեց հոգեւորականներու պատրաստութեան առաքելութիւնը եւ շեշտեց, որ Հայ Եկեղեցւոյ ապագան անքակտելիօրէն կապուած է հաւատքով, գիտութեամբ եւ ծառայութեան ոգիով կազմաւորուած նոր սերունդի հոգեւոր սպասաւորներու պատրաստութեան հետ։ Ան իր գնահատանքը յայտնեց Արժանապատիւ Տէր Մարտիրոս Աւագ Քահանայ Չեւեանին, դասախօսներուն, Խնամակալ Մարմնի անդամներուն, բարերարներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց նուիրումով զօրավիգ կը կանգնին Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանի առաքելութեան։
Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը իր խօսքը եզրափակեց աղօթքով եւ հայցեց, որ Աստուած անսասան պահէ Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանը, օրհնէ անոր առաքելութիւնը եւ նորանոր կոչումներ պարգեւէ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ։ Ապա ան իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց բոլոր ներկաներուն։
65-ամեակի յոբելենական հանդիսութեան կազմակերպման իրենց նուիրեալ մասնակցութիւնը բերին Վալինա Ակպապեան, Քիմ Պարտագեան, Պեթ Ռասթիկեան Պրուսալեան, Քերըն Քուզուճեան, Մարկրէթ Մկրուպլեան եւ Տոննա Սիրունեան։ Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը իր ջերմ շնորհակալութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց անոնց՝ հանդիսութեան յաջողութեան համար իրենց բերած նուիրեալ մասնակցութեան համար։ Սրբազան Հայրը իր գնահատանքը յայտնեց նաեւ Մայքըլ Արամին, որ հանդիսութեան առիթով տրամադրած էր յիշատակի նուէրները։
1961-ին հիմնուած եւ 1962-ին իր դռները բացած Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանը աւելի քան վեց տասնամեակներ շարունակ իր կարեւոր նպաստը բերած է Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւորականներու եւ աշխարհական սպասաւորներու պատրաստութեան։ Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանի կրթական ծրագիրներուն եւ երիտասարդական նախաձեռնութիւններուն մասնակցած են բազմաթիւ երիտասարդներ, որոնցմէ շատեր հետագային իրենց ծառայութիւնը բերած են Հիւսիսային Ամերիկայի եւ այլ համայնքներու եկեղեցական կեանքին։
Մեծ յաջողութեամբ պսակուած 65-ամեակի այս յոբելենական հանդիսութիւնը դարձաւ երախտագիտութեան եւ վերանորոգ յանձնառութեան եզակի առիթ մը, որ անգամ մը եւս արժեւորեց Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանի անցած ուղին եւ ներկաներուն հայեացքը ուղղեց դէպի ապագայ, ի սպաս Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ գալիք սերունդներու հոգեւոր կեանքի հարստացման։
Դիւան Առաջնորդարանի