Եկեղեցիներ
Հրապարակված է: 09/28/2026
Կիրակի, 27 Սեպտեմբեր 2026-ին, Փորթլընտի Սուրբ Գեւորգ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան հովուական այցելութիւն շնորհեց Փորթլընտի հայ համայնքին։ Սրբազան Հայրը հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատոյց եւ իր հայրական պատգամը փոխանցեց հաւատացեալ ժողովուրդին։
Սուրբ Գեւորգ Զօրավարի տօնին եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով Սրբազան Հօր այս այցելութիւնը տարիներու ընթացքին աւանդութիւն դարձած է Փորթլընտի հայ համայնքին համար։ Այս տարի անուանակոչութեան տօնը համընկաւ Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնին եւ օրուան հանդիսութիւնը կրկնակի հոգեւոր խորհուրդ ստացաւ։
Սուրբ Պատարագի ընթացքին Սրբազան Հօր սպասարկեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Մատակարար Բարեշնորհ Գագիկ Սարկաւագ Մարտիրոսեան։ Նոյն առիթով Սրբազան Հայրը Արման Թիֆէնքչեանը ձեռնադրեց դպիր, զինք կոչելով նուիրումով ծառայելու Աստուծոյ Սուրբ Սեղանին եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ։
Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Սուրբ Գեւորգ Զօրավարի կեանքին եւ վկայութեան։ Անոր հաւատքի արիութիւնը ներկայացուց իբրեւ Քրիստոսի հանդէպ անսասան հաւատարմութեան օրինակ։ Ան շեշտեց, որ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը հրաւէր մըն է ծուխի անդամներուն՝ վերանորոգելու իրենց հաւատքը եւ առաւել գործօն մասնակցութիւն բերելու եկեղեցւոյ կեանքին։
Անդրադառնալով Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնին՝ Սրբազան Հայրը խօսեցաւ Խաչի խորհուրդին մասին, որ նշան է Քրիստոսի սիրոյն, զոհողութեան եւ մահուան վրայ տարած յաղթանակին։ Ան յորդորեց հաւատացեալները այդ խորհուրդը ապրիլ իրենց առօրեային մէջ հաւատքով, սիրով եւ ծառայութեամբ։
Սրբազան Հայրը մասնաւորապէս անդրադարձաւ նաեւ դպրութեան աստիճանին եւ եկեղեցական սպասաւորութեան։ Ան նորընծայ դպիրին յիշեցուց, որ իր ստացած աստիճանը պատիւ ըլլալու կողքին պատասխանատուութիւն եւ ծառայութեան յանձնառութիւն մըն է։ Ան զինք յորդորեց հաւատարմութեամբ շարունակելու իր հոգեւոր աճը Եկեղեցւոյ ծոցին մէջ։
Սրբազան Հայրը իր գնահատանքը յայտնեց Բարեշնորհ Գագիկ Սարկաւագ Մարտիրոսեանին եւ արժեւորեց անոր նուիրեալ ծառայութիւնը Փորթլընտի համայնքին։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ծխական Խորհուրդին, եկեղեցւոյ յարակից մարմիններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ժամանակն ու կարողութիւնները ի սպաս կը դնեն եկեղեցւոյ եւ համայնքի կեանքին։
Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով Սրբազան Հայրը իր պատգամի աւարտին շնորհաւորեց Փորթլընտի Սուրբ Գեւորգ Եկեղեցւոյ համայնքը։ Ան մաղթեց, որ Սուրբ Գեւորգ Զօրավարի հաւատքի եւ քաջութեան օրինակը շարունակէ ներշնչել հաւատացեալները, իսկ Քրիստոսի Սուրբ Խաչը մնայ անոնց կեանքի առաջնորդող լոյսն ու ապաւէնը։
Հովուական այցելութեան առիթով Սրբազան Հայրը Գիր Օրհնութեան եւ Գնահատանքի շնորհեց Տիար Սպարտակ Յակոբեանին՝ Սուրբ Գեւորգ Եկեղեցւոյ մատուցած երկարամեայ եւ հաւատարիմ ծառայութեան համար, եւ Բարեշնորհ Վարուժ Սարկաւագ Ղազարեանին՝ իր երկարամեայ սարկաւագական ծառայութեան համար։ Նոյն գնահատանքին արժանացան Տիար Նապոլեոն Իսիկբայ՝ եկեղեցւոյ շէնքի պահպանման հիմնադրամի կազմակերպումը ստանձնելու եւ շէնքին հանդէպ ցուցաբերած հոգածութեան համար, եւ Տիկին Անի Ռանեան՝ երգչախումբին ու ծխական կեանքի աշխատանքներուն իր տարիներու նուիրեալ մասնակցութեան համար։
Սրբազան Հօր հովուական այցելութիւնները եզակի առիթներ են ամրապնդելու Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին միջեւ կենդանի կապը, մօտէն հաղորդակից դառնալու ծուխերու կեանքին եւ հաւատացեալներուն մէջ զօրացնելու թեմական մեծ ընտանիքին պատկանելու գիտակցութիւնը։ Մանաւանդ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի հիմնադրութեան 100-ամեակին ընդառաջ, սոյն այցելութիւնները կը հրաւիրեն վերարժեւորելու թեմական մակարդակով տարուած հոգեւոր, կրթական եւ ազգային աշխատանքները։ Անոնք միաժամանակ առիթ կու տան նորոգելու ծառայութեան յանձնառութիւնը եւ միասնական ոգիով ու նոր հեռանկարներով շարունակելու Թեմի առաքելութիւնը։
Դիւան Առաջնորդարանի
27 Սեպտեմբեր 2026