Համայնք
Հրապարակված է: 09/24/2026
Ի գիտութիւն կը հաղորդենք, որ Երկուշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2026-ին, Փասատինայի The Athenaeum-ի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 35-ամեակին նուիրուած պաշտօնական ընդունելութիւն, հիւրընկալութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոս Աննա Աւետիսեանի։
Այս նշանակալից առիթով Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը արտասանելէ ետք բացման աղօթքը, իր պատգամը փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 35-ամեակին առիթով, անդրադառնալով անկախութեան խորհուրդին, ինչպէս նաեւ հայրենիքի պահպանման եւ հզօրացման հանդէպ իւրաքանչիւր սերունդի ստանձնելիք պատասխանատուութեան։
Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ անկախութիւնը նուիրական է, իսկ պետականութիւնը անփոխարինելի արժէք։ Ան Հայաստանի Հանրապետութիւնը բնորոշեց իբրեւ աստուածատուր պարգեւ, զոր մեր սերունդը կոչուած է պահպանելու, հզօրացնելու եւ գալիք սերունդներուն փոխանցելու։
Անդրադառնալով ազատութեան խորագոյն իմաստին, Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը ընդգծեց, որ ազատութիւնը միայն ժառանգուած իրողութիւն մը չէ, այլ նաեւ ստանձնուած պատասխանատուութիւն։ Անկախութիւնը կը պահանջէ բարոյական պատասխանատուութիւն, իմաստութիւն, զոհողութիւն եւ անսասան նուիրում մեր ժողովուրդի բարօրութեան եւ հայրենիքի բարգաւաճման նկատմամբ։
Սրբազան Հայրը նաեւ ընդգծեց Հայաստանի անվտանգութեան եւ քրիստոնէական ժառանգութեան պահպանման հրամայականը, կարեւոր նկատելով զգօնութիւնը, միասնականութիւնն ու հաւատքը։ Ան յարգանքով ոգեկոչեց հայրենիքի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիներու յիշատակը եւ շեշտեց, որ անոնց յիշատակը պատուելու լաւագոյն կերպերէն մէկը մեր վիշտը նպատակի վերածելն ու հայրենիքի անվտանգութեան, արժանապատուութեան եւ ապագային հանդէպ մեր յանձնառութիւնը առաւել ամրապնդելն է։
Իր խօսքին մէջ Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը առանձնայատուկ կերպով անդրադարձաւ նաեւ քրիստոնէական հաւատքի դարաւոր եւ անփոխարինելի դերակատարութեան հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Աւելի քան տասնեօթ դարերու ընթացքին քրիստոնէական հաւատքը զօրավիգ կանգնած է մեր ժողովուրդին յաղթանակի եւ ողբերգութեան, պանդխտութեան եւ հայրենադարձութեան, աւերումի եւ վերածնունդի հանգրուաններուն։ Նոյն հաւատքը այսօր մեզ կը հրաւիրէ ոչ միայն տօնելու անկախութեան պարգեւը, այլ նաեւ արժանի պահապանները դառնալու անոր։
Եզրափակելով իր աղօթքն ու պատգամը, Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը հայցեց Աստուծոյ պահպանութիւնն ու խաղաղութիւնը Հայաստանի համար եւ իմաստութիւն հայրենիքի ղեկավարներուն, քաջութիւն անոր պաշտպաններուն ու միասնականութիւն աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին։
Սրբազան Հայրը աղօթեց, որ մեր հայրենիքը ապրի խաղաղութեան եւ ապահովութեան մէջ, իսկ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութիւնը հաստատ մնայ իր հաւատքին մէջ, միասնական ու գիտակից հայրենիքի հանդէպ իր սրբազան պատասխանատուութեան։
Առաջնորդ Սրբազանին հետ սոյն հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ հոգեւորականաց դասէն Արժ. Տ. Մանուկ Ա. Քահանայ Մարգարեան, Արժ. Տ. Շնորհք Ա. Քահանայ Տէմիրճեան, Արժ. Տէր Սարգիս Ա. Քահանայ Փեթոյեան եւ Արժ. Տ. Խաժակ Քահանայ Շահպազեան։ Իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Տիար եւ Տիկին Տէրիք եւ Ատրինէ Ղուկասեանը։
Ի շարս պետական, եկեղեցական եւ համայնքային ներկայացուցիչներուն, պաշտօնական ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսի անդամներ Ճուտի Չու եւ Լորա Ֆրիտման, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըս Գաւառի Հինգերորդ Շրջանի Վերահսկիչ Քաթրին Պարկըր։
Դիւան Առաջնորդարանի
29 Սեպտեմբեր 2026









