Թեմ
Հրապարակված է: 09/18/2026
Հայց․ Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի տնօրինութեամբ, սոյն թուականի Սեպտեմբեր 13-ին Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, "Տէր Ողորմեա"-էն առաջ Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ աղօթք առ Աստուած Սեպտեմբեր 11-ի ահաբեկչական յարձակունմերու զոհերու հոգիներու խաղաղութեան համար։

Կ'աղօթենք առ Ամենաբարին Աստուած, որ յաւիտենական հանգիստ պարգեւէ Սեպտեմբեր 11-ի զոհերու հոգիներուն եւ Իր երկնային արքայութեան արժանացնէ զանոնք։