Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան Ս. Պատարագ Մատուցեց Սրբոց Առաքելոց Եկեղեցւոյ Օծման 10-Ամեակին Առիթով Ձեռնադրելով 17 Նոր Դպիրներ Եւ Հանդիսապետելով Նորակերտ Յուշակոթողի Բացման Արարողութեան

Եկեղեցիներ

Հրապարակված է: 08/26/2026


ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԱՏՈՒՑԵՑ ՍՐԲՈՑ ԱՌԱՔԵԼՈՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՕԾՄԱՆ 10-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՁԵՌՆԱԴՐԵԼՈՎ 17 ՆՈՐ ԴՊԻՐՆԵՐ ԵՒ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԵԼՈՎ ՆՈՐԱԿԵՐՏ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂԻ ԲԱՑՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Կիրակի, 23 Օգոստոս 2026-ին, հոգեւոր ցնծութեան եւ տօնական մթնոլորտի մէջ, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան Ս. Պատարագ մատուցեց Թահանկայի Սրբոց Առաքելոց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ՝ եկեղեցւոյ օծման 10-ամեակին առիթով։

Սուրբ Պատարագին Առաջնորդ Սրբազան Հօր առընթերակայ էր Սրբոց Առաքելոց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տէր Աւետիս Քահանայ Աբովեան։ Հաւատացեալ ժողովուրդը համախմբուած էր իր աղօթքով մասնակից դառնալու հոգեպարար արարողութեան եւ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան տասնամեայ այս հանգրուանը գոհաբանական ոգիով նշելու համար։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց 17 պատանիներու եւ երիտասարդներու դպրութեան աստիճանի ձեռնադրութիւնը, զանոնք կոչելով Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ պաշտամունքային կեանքին բոլորանուէր մասնակցութեան։

Իր հայրական պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ դպրութեան աստիճանի իմաստին, ընդգծելով, որ դպրութիւնը մեր առաքելահաստատ Սուրբ Եկեղեցւոյ նուիրական ծառայութեան առաջին աստիճաններէն է։ Սրբազան Հայրը նշեց, որ դպիրը Ս. Խորանին եւ եկեղեցական պաշտամունքին իր ծառայութիւնը կը բերէ սաղմոսերգութեամբ, շարականներով, Սուրբ Գրոց ընթերցումներով եւ ժամերգութեանց մասնակցութեամբ։ Ան շեշտեց, որ դպրութեան կոչումը ծիսական պարտականութիւն մը ըլլալէ անդին նաեւ հրաւէր է Աստուծոյ Խօսքին ծառայելու, Եկեղեցւոյ աղօթական կեանքին հաղորդակից դառնալու եւ քրիստոնէական հաւատքը անձնական կեանքով վկայելու։ Այս իմաստով Սրբազան Հայրը նոր դպիրներու ձեռնադրութիւնը առանձնայատուկ կերպով արժեւորեց նաեւ ծուխի ապագային համար, ընդգծելով նոր սերունդը Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելահաստատ հաւատքին, դարերու խորքէն եկող սրբազան աւանդութիւններուն եւ հոգեւոր ժառանգութեան առաւել ամուր կապելու կարեւորութիւնը։

Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առանձնակիօրէն անդրադարձաւ Սրբոց Առաքելոց Եկեղեցւոյ օծման 10-ամեակին։ Ան գոհութիւն յայտնեց Ամենակալ Աստուծոյ անցնող տասնամեակի օրհնաբեր ճանապարհին համար, ընդգծելով, որ եկեղեցին իր ամբողջական իմաստը կը ստանայ, երբ կը դառնայ աղօթքի կենդանի տուն, հաւատքի դպրոց, հոգեւոր ընտանիք եւ սերունդներու քրիստոնէական դաստիարակութեան սրբազան օճախ։

Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ տասը տարիներ առաջ օծուած այս եկեղեցին անցնող տարիներուն իր առաքելութիւնը շարունակած է Ս. Խորանի շուրջ համախմբելով ընտանիքներ, մանուկներ ու երիտասարդներ եւ անոնց հոգիներուն մէջ ամրապնդելով Քրիստոսի հաւատքն ու մեր Մայր Եկեղեցւոյ հանդէպ սէրը։ «Եկեղեցւոյ իսկական հարստութիւնը իր հաւատացեալ ժողովուրդն է եւ յատկապէս այն նոր սերունդը, որ պատրաստ է իր ժամանակը, շնորհներն ու կարողութիւնները ընծայաբերելու Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ ծառայութեան», ընդգծեց Սրբազան Հայրը։

Այս առումով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մեծապէս արժեւորեց նոյն օրը 17 նոր դպիրներու ձեռնադրութիւնը՝ զայն նկատելով եկեղեցւոյ 10-ամեակի գեղեցիկ եւ իմաստալից պտուղներէն մէկը։ Ան շնորհաւորեց նորոգ ձեռնադրեալ դպիրները եւ յորդորեց զանոնք իրենց ստացած աստիճանը ընկալելու որպէս եկեղեցական համեստ պատիւ, սակայն նուիրական կոչում՝ երկիւղածութեամբ եւ խոնարհութեամբ ծառայելու Աստուծոյ Սուրբ Սեղանին։

Սրբազան Հայրը ջերմօրէն շնորհաւորեց նաեւ նոր դպիրներու ծնողները եւ ընտանիքները, որոնք իրենց զաւակները առաջնորդած են դէպի Եկեղեցի եւ անոնց հոգիներուն մէջ սերմանած քրիստոնէական հաւատքի ու եկեղեցասիրութեան նուիրական սերմերը։ Ան ընդգծեց ընտանիքի անփոխարինելի դերը նոր սերունդի հոգեւոր կազմաւորման մէջ՝ յիշեցնելով, որ Եկեղեցւոյ ապագան կը կերտուի, երբ հայ ընտանիքէն ներս աղօթքը, հաւատքը եւ ծառայութիւնը կը դառնան ապրուած արժէքներ։

Քարոզի աւարտին Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան իր գնահատանքն ու օրհնութիւնը փոխանցեց Սրբոց Առաքելոց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տէր Աւետիս Քահանայ Աբովեանին՝ ծուխի հոգեւոր կեանքի շինութեան, նոր սերունդի եկեղեցական դաստիարակութեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդին մատուցած նուիրեալ հովուական ծառայութեան համար։ Սրբազան Հայրը իր գնահատանքը յայտնեց նաեւ Ծխական Խորհուրդին եւ եկեղեցւոյ ծառայութեան իրենց մասնակցութիւնը բերող բոլոր նուիրեալ անձերուն, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդին՝ իրենց եկեղեցասիրութեան, նուիրումին եւ Սրբոց Առաքելոց Եկեղեցւոյ առաքելութեան հանդէպ ցուցաբերած հետեւողական աջակցութեան համար։

Սուրբ Պատարագի աւարտին Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հանդիսապետութեամբ եւ մասնակցութեամբ Տէր Աւետիս Քահանայ Աբովեանի կատարուեցաւ եկեղեցւոյ մուտքին նորակերտ յուշակոթողի բացման եւ օրհնութեան արարողութիւնը։ Քանդակագործ Գասպար Ղարիպեանի ստեղծագործած յուշակոթողը կը համադրէ երեք առանձնայատուկ խաչքարեր, որոնք կը խորհրդանշեն ծուխի պատմութեան երեք կարեւոր հանգրուանները՝ 2012 թուականին Աբրահամեան Համալիրի մատուռին եւ շէնքերուն հիմնադրումն ու անուանակոչումը, 2016 թուականին եկեղեցւոյ օծումը եւ 2026 թուականի օծման 10-ամեակի յոբելեանը։ Նորակերտ այս յուշակոթողը մնայուն վկայութիւն մը պիտի հանդիսանայ Սրբոց Առաքելոց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անցած ճանապարհին եւ տասնամեակներու ընթացքին արձանագրած կարեւոր ձեռքբերումներուն։

Յոբելենական օրը շարունակուեցաւ Սրբոց Առաքելոց Եկեղեցւոյ Ladies’ Society-ի կազմակերպած ճաշկերոյթով եւ դրամահաւաքով։ Տօնական մթնոլորտը իրենց երաժշտական կատարումներով հարստացուցին ACYO-ի անդամներ Մեսրոպ Մատոյեանն ու Նարէ Աբովեանը։ Առ ի գնահատանք Եկեղեցւոյ վերելքին սատարած ընտանիքներուն՝ անոնց նուիրուեցաւ Սրբոց Առաքելոց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ բնօրինակ սրբապատկերի վերարտադրութիւնը, ուր պատկերուած է նաեւ եկեղեցւոյ Ս. Խորանը։

Սրբոց Առաքելոց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ օծման 10-ամեակն ու նոյն օրը կատարուած 17 դպիրներու ձեռնադրութիւնը եւ երեք խաչքարերու յուշակոթողի բացումը դարձան համայնքի անցնող տասնամեակներու վաստակն ու գալիք տարիներու յոյսը իրարու կամրջող խորհրդանշական հանգրուան մը։ Աստուածային օրհնութեամբ ու հաւաքական նուիրումով կերտուած այդ ճանապարհը կը վկայէ ծուխի հոգեւոր աճին եւ կենսունակութեան մասին, իսկ նոր դպիրներու մուտքը եկեղեցական ծառայութեան դաշտ կը հաստատէ, որ այդ առաքելութիւնը կը շարունակուի նոր սերունդներու հաւատքով ու նուիրումով՝ նոր սերունդներու հաւատքով ու նուիրումով ամուր պահելով անցեալի վաստակին եւ գալիք սերունդներու առաքելութեան միջեւ կենդանի կապը։


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները