Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Գէորգ Սարկաւագ Գէորգեանի Հոգեւոր Եւ Աստուածաբանական Հրատարակութիւնները

Թեմ

Հրապարակված է: 07/24/2026


ԳԷՈՐԳ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ԳԷՈՐԳԵԱՆԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի հովանաւորութեամբ կրօնական, հոգեւոր, ծիսական եւ դաստիարակչական հրատարակութիւնները կը միտին հոգեկան եւ իմացական բաւարարութիւն տալ բոլոր տարիքներու՝ մանուկներէն մինչեւ տարեցներ, որովհետեւ կը հաւատանք, որ իւրաքանչիւր գիրք տարբեր հոգեւոր կարիք մը եւ նոր պատգամ կը փոխանցէ ընթերցողին, կը խրախուսէ, կը համեմէ եւ կ՛իմաստաւորէ անոր կեանքը:

Ուրախութեամբ կու գանք յայտնելու, որ օրհնութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի, անցնող տարիներուն  տարբեր հրատարակութիւններով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմէն ներս լոյս ընծայուեցան Անապատի Սուրբ Կարապետ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Մատակարար Հովիւ Բարեշնորհ Գէորգ Սարկաւագ Գէորգեանի կրօնաբոյր պազմաթիւ աշխատասիրութիւնները, որոնք  կը հարստացնեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի հոգեւոր գրականութեան անդաստանը եւ աստուածաշնչական պատասխաններ կու տան հաւատացեալը յուզող բազմաթիւ խորքային հարցերու։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեան իր քաջալերական խօսքերով բարձր կը գնահատէ  Անապատի Սուրբ Կարապետ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Մատակարար Հովիւ՝ Բարեշնորհ Գէորգ Սարկաւագ Գէորգեանը, որուն գրիչէն են ծնած վերոնշեալ  հոգեշունչ աշխատութիւնները, որոնք առիթ կ՛ընծայեն մեր հաւատացեալներուն՝ մաքուր սրտով եւ վաւերական գիտելիքներով լուսաբանուելու եւ կենդանի ու ապրուած կեանքով ու հաւատքով զԱստուած մնայուն ներկայութիւն դարձնելու իրենց կեանքին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը  միաժամանակ կոչ կ՚ուղղէ բոլորին, թէ՛ չափահասներուն եւ թէ՛ երիտասարդներուն, առաւելագոյնս օգտուելու քրիստոսաւանդ Աւետարանի պատգամները լուսաբանող ու մեր Եկեղեցւոյ աւանդութիւնները բացատրող այս հատորներէն: Վերջապէս Բարձրաշնորհ Սրբազանը Թեմի իր զաւակներուն կը յորդորէ ըսելով․ «Ճաշակեցէ՛ք այստեղ ի մի բերուած հիւթեղ պատգամներէն ու մեկնաբանութիւններէն, եւ լուսաւորեցէ՛ք Ձեր հոգին Աւետարանական ու մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ յաւերժական խորհուրդներով»։

 


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները