Թեմ
Հրապարակված է: 07/22/2026
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Յովնան Արք․ Տէրտէրեան, Հոգեւորականաց Դասը, Թեմական Խորհուրդը եւ պաշտօնէութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն վախճանումը Արեւմտեան Թեմի հանգստեան կոչուած բազմավաստակ եկեղեցականներէն Արժ․ Տ․ Սիփան Ա․ Քհնյ․ Մխսեանի, որ պատահեցաւ Շաբաթ, Յուլիս 18-ին։
Հանգուցեալին վերջին օծման եւ թաղման կարգը պիտի կատարուի յընթացս Ս. Պատարագի, Երկուշաբթի, Օգոստոս 3, 2026-ին, ժամը 12։00-ին, առաջնորդանիստ Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ Առաջնորդարանը պատշաճ կերպով պիտի կատարէ թաղման բոլոր կարգադրութիւնները։
Պիտի խնդրենք, որ փոխան ծաղկեպսակի Ձեր սրտաբուխ նուէրները փոխանցէք Առաջնորդարան։
«Տէր լուսաւորեսցէ զհոգի վախճանեալ սպասաւորին եւ
տացէ մխիթարութիւն զաւակաց Եկեղեցւոյ իւրում»։
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ