Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Ձեր Տեսակէտները Եւ Կարծիքները Կարեւոր Են

Թեմ

Հրապարակված է: 07/10/2026


Ձեր տեսակէտները եւ կարծիքները կարեւոր են

Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Առաջնորդ

«Ձեր կարծիքն ու մասնակցութիւնը պիտի օգնեն մեզի աւելի լաւ հասկնալու, թէ մեր Եկեղեցին ինչպէ՛ս կը ծառայէ մեր համայնքին եւ ինչպէ՛ս կրնանք աւելի արդիւնաւէտ կերպով զօրակցիլ ձեր հոգեւոր կեանքին, եկեղեցական մասնակցութեան եւ Եկեղեցւոյ հետ ձեր կապի ամրապնդման»։

Դուք կարեւոր դեր ունիք Արեւմտեան Թեմի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծուխերուն եւ համայնքներուն կեանքն ու ապագան կերտելու մէջ։

Ուստի, սիրով կը հրաւիրենք ձեզ մասնակցելու այս կարեւոր հարցախոյզին, որուն նպատակն է աւելի խորապէս ճանչնալ մեր ծուխերուն եւ համայնքներուն մէջ ապրող հայորդիներու փորձառութիւնները, համոզումները եւ եկեղեցական ներգրաւուածութիւնը։

Ձեր լրացուցած տեղեկութիւնները պիտի նպաստեն ապագայ ծրագիրներու, ծառայութիւններու, համայնքային նախաձեռնութիւններու եւ մասնակցութեան նոր հնարաւորութիւններու մշակման։ Ձեր մասնակցութիւնը արժէքաւոր անձնական ներդրում մըն է մեր համայնքի շարունակական աճին, կենսունակութեան եւ առաքելութեան զօրացման համար։

Հարցախոյզը անանուն է եւ կը պահանջէ մօտաւորապէս 10–15 վայրկեան՝ (րոպէ) լրացնելու համար։

Եթէ դուք 18 տարեկան էք, ձեզ կը նկատէք ձեզ Հայ Քրիստոնեայ, եւ կը բնակիք ԱՄՆ-ի արեւմտեան նահանգներէն մեկուն մէջ, կը քաջալերենք որ ձեր կարծիքներն ու փոռձառութիւնը կիսէք այցելելով հետեւեալ հասցէն․

www.wdacna.com/survey

Շնորհակալութիւն ձեր մասնակցութեան եւ համայնքի բարօրութեան ի նպաստ ձեր արժէքաւոր ներդրումին համար։


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները