Թեմ
Հրապարակված է: 07/10/2026
Դար մը առաջ, Լոս Անճելըսի հայ համայնքի զաւակները համախմբուած էին նշելու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան Տօնը։ 1927 թուականի Յուլիս 4-ն էր, երբ այդ տօնակատարութեան ընթացքին ներակաները լուսանկարուեցան իրենց հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Ատոմ Քահանայ Մելիքեանի հետ։
Այդ լուսանկարին մէջ երեւցող հաւատացեալները ընդամէնը քանի մը տարի առաջ անցած էին իրենց կեանքի ամենադժնդակ եւ ամենացաւալի փորձառութենէն։ Անոնք բոլորը Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներ էին, որոնք Ամերիկայի մէջ նոր կեանք կառուցելով՝ մնացած էին հաւատարիմ իրենց հաւատքին, ազգին եւ Մայր Եկեղեցւոյ։
Հարիւր տարի անց, 2026 թուականի Յուլիս 4-ին, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանը հրաւիրեց Լոս Անճելըսի շրջանի հոգեւորականներն ու աշխարհականները վերապրելու այդ պատմական պահը եւ վերարտադրելու 1927-ի անմոռանալի լուսանկարը։ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ համախմբուած խումբը լուսանկարուեցաւ համախմբուելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր շուրջ՝ խորհրդանշելով սերունդներու անխզելի շարունակականութիւնը, եկեղեցական միասնականութիւնը եւ հայ ժողովուրդի աննկուն ոգին։

Պատմական այս վերարտադրութեան առանձնայատուկ խորհուրդ մը հաղորդեց այն իրողութիւնը, որ 1927-ի լուսանկարին մէջ երեւցող Արժանապատիւ Տէր Ատոմ Քահանայ Մելիքեանի ծոռնուհիները՝ Տիան Ճեպեճեանն ու Ռոնտա Պերքլին, ներկայ էին նաեւ այս արարողութեան։ Տէր Ատոմ Քահանան, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տնօրինութեամբ ձեռնադրուած էր քահանայ, այդ տարիներուն Լոս Անճելըսի առաջին եւ միակ հայ հոգեւորականն էր։ Ան հիմնեց Սուրբ Խաչ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ հիմնեց շրջանի հայ եկեղեցական եւ համայնքային կեանքի ամուր հիմերը։ Լուսանկարահանումը աւարտեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու խաղաղութեան, բարօրութեան եւ աստուածապաշտ ապագային համար բարձրացուած գոհաբանական աղօթքով։
Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ եւ մեր նախնեաց հաւատքի հետքերով, յառաջիկայ Կիրակի՝ Յուլիս 12-ին, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ եւս պիտի բարձրանան գոհաբանական աղօթքներ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու համար՝ Անկախութեան 250-ամեակին առիթով։
Պատմական այս լուսանկարի վերարտադրութիւնը Արեւմտեան Թեմի հարիւրամեակին առիթով կազմակերպուող յոբելենական նախաձեռնութիւններէն մէկն է։ «ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ՝ ԴԷՊԻ ՆՈՐ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ» բնաբանին ներքեւ կազմակերպուող ձեռնարկները պիտի լուսարձակի տակ առնեն Արեւմտեան Թեմի հարիւրամեայ առաքելութիւնը, բազմաբնոյթ ծրագիրները, հոգեւոր, կրթական, մշակութային եւ երիտասարդական ծառայութիւնները, ինչպէս նաեւ հայ ընտանիքի շարունակական ներկայութիւնը եւ դերակատարութիւնը ամերիկեան հասարակութեան մէջ։
100-ամեակի Կազմակերպչական Յանձնախումբի ատենապետ Արժանապատիւ Տէր Վազգէն Աւագ Քահանայ Մովսէսեանը, անդրադառնալով այս նախաձեռնութեան, ըսաւ.
«1927-ի այդ լուսանկարին մէջ արտացոլուած էր հայ ժողովուրդի աննկուն ոգին։ Այսօր մեր նպատակն էր նոյն այդ ոգին վերակենդանացնել՝ մեր հոգեւորականներուն շուրջ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ։ Արեւմտեան Թեմի հարիւրամեակի ձեռնարկները այն ամուր հիմքն են, որոնց վրայ այդ նոյն ոգին պիտի առաջնորդէ Ամերիկայի Հայ Եկեղեցւոյ երկրորդ դարը»։
Լուսանկարներու բացատրութիւն
Առաջին լուսանկար. Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան 1927-ի բնօրինակ լուսանկարը ի ձեռին, Արժանապատիւ Տէր Ատոմ Քահանայ Մելիքեանի ծոռնուհիներու՝ Տիան Ճեպեճեանի ու Ռոնտա Պերքլիի, ինչպէս նաեւ Արժանապատիւ Տէր Վազգէն Աւագ Քահանայ Մովսէսեանի ու Երէցկին Սիւզըն Մովսէսեանի հետ։
Երկրորդ լուսանկար. 1927-ի եւ 2026-ի զոյգ պատմական լուսանկարները։
Դիւան Առաջնորդարանի
10 Յուլիս, 2026