Թեմ
Հրապարակված է: 07/10/2026
Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի տնօրինումով, այս Կիրակի, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պիտի մատուցուի յատուկ Գոհաբանական Աղօթք՝ ի նշան Միացեալ Նահանգներու հիմնադրութեան 250-ամեակին։
Աղօթքը, որ հեղինակած եւ առաջին անգամ արտասանած է Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Մովսիսեան՝ 4 Յուլիս 2026-ին, նախորդեց նոյն օրը, իննսունինը տարի առաջ կատարուած պատմական Թեմական խնճոյքի խմբանկարին վերարտադրութեան։ Այս ներշնչող աղօթքը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Ամենակալ Աստուծոյ՝ ազատութեան, անկախութեան, արդարութեան եւ հնարաւորութիւններու այն օրհնութիւններուն համար, որոնք կերտած են ամերիկեան կեանքի փորձառութիւնը, միաժամանակ յիշատակելով հայ գաղթականներու այն սերունդները, որոնք հալածանքէ, մահէ եւ ցեղասպանութենէ փրկուելով՝ այս ափերուն վրայ գտան ապաստան, խաղաղութիւն եւ նոր յոյս։
Իր տնօրինութեան մէջ, Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան հրաւիրեց Թեմի բոլոր եկեղեցիները միասնաբար աղօթելու՝ հայցելով Աստուծոյ մշտական հովանին Միացեալ Նահանգներուն վրայ, իմաստութիւն՝ երկրի ղեկավարներուն, խաղաղութիւն՝ ժողովուրդին, եւ յաւիտենական հանգիստ՝ բոլոր անոնց հոգիներուն, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերեցին հայրենիքի ազատութիւնները պաշտպանելու համար։ Որպէս հաւատարիմ հայեր եւ երախտագէտ ամերիկացիներ, Արեւմտեան Թեմը կը միանայ ամբողջ երկրի միլիոնաւոր քաղաքացիներուն՝ այս պատմական յոբելեանին առիթով սրտագին գոհութիւն մատուցանելով Աստուծոյ եւ աղօթելով, որ այն բարձր արժէքները, որոնց վրայ հիմնուած է այս երկիրը, շարունակեն ներշնչել գալիք սերունդները։