Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի Առաջնորդական Հովուական Այցը Սանթա Քլարիթայի Սուրբ Սարգիս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի

Եկեղեցիներ

Հրապարակված է: 07/09/2026


ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ․ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԸ ՍԱՆԹԱ ՔԼԱՐԻԹԱՅԻ ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ

Կիրակի, 5 Յուլիս 2026-ին, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ, Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան հովուական այցելութիւն շնորհեց Սանթա Քլարիթայի Սուրբ Սարգիս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, ուր մատուցեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը՝ առընթերակայութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Զաւէն Քահանայ Մարկոսեանին։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին Սրբազան Հայրը կատարեց եկեղեցւոյ սպասաւորներէն Յովհաննէս Կէօզալեանի սարկաւագական ձեռնադրութիւնը, ինչպէս նաեւ Յակոբ Կէօզալեանի, Սամուէլ Մինասեանի, Շանթ Իսաղօլեանի, եւ Արման Թարխանեանի կիսասարկաւագական ձեռնադրութիւնը։ Հոգեպարար արարողութիւնը համայնքին համար դարձաւ մեծ ուրախութեան եւ օրհնութեան առիթ, որովհետեւ նոր սպասաւորներ իրենց կեանքը նուիրեցին Սուրբ Սեղանին եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ծառայութեան։

Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հօր քարոզը կեդրոնացաւ օրուան Աւետարանական հատուածին՝ հինգ հազարներու կերակրման հրաշքին (Մատթ. 14.13-21) շուրջ։ Ան ընդգծեց, որ Քրիստոսի օրհնած հացն ու ձուկը միայն մարմնաւոր կերակուր չէին, այլ աստուածային շնորհքի եւ երկնային առատութեան խորհրդանիշներ։ Հացը եւ ձուկը կը խորհրդանշեն Աստուծոյ Կենարար Խօսքը, որոնք յաւերժ են, եւ կը շարունակեն սնուցանել ու զօրացնել հաւատացեալ ժողովուրդը բոլոր ժամանակներուն։

Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ այդ հրաշքը կը շարունակուի նաեւ այսօր, երբ Եկեղեցին իր խորհուրդներով, Սուրբ Պատարագով եւ Աստուծոյ Խօսքով կը սնուցանէ հաւատացեալներու հոգիները։ Ան այս իրականութիւնը կապեց օրուան ձեռնադրութիւններուն հետ՝ նշելով, որ նոր սարկաւագն ու կիսասարկաւագները կոչուած են դառնալու այն նուիրեալ սպասաւորները, որոնք խոնարհաբար պիտի ծառայեն Սուրբ Սեղանին եւ իրենց շրջապատին մէջ Աստուծոյ Խօսքի լոյսն ու Քրիստոսի սիրոյ վկայութիւնը դառնան, միշտ հաւատարիմ մնալով իրենց ստանձնած սրբազան կոչումին։

Քարոզի աւարտին Սրբազան Հայրը իր գնահատանքը յայտնեց Արժանապատիւ Տէր Զաւէն Քահանայ Մարկոսեանին՝ անոր նուիրեալ հովուական ծառայութեան համար։ Ան գնահատեց նաեւ Ծխական Խորհուրդի անդամներուն, եկեղեցւոյ յարակից բոլոր կառոյցներուն, Տիկնանց Միութեան եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններուն եւ կամաւոր սպասաւորներուն ծառայութիւնը, որոնց հաւաքական աշխատանքով Սուրբ Սարգիս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը շարունակէ մնալ կենսունակ, հոգեւոր, ազգային եւ համայնքային կեդրոն։

Սրբազան Հայրը սրտագին շնորհաւորութիւններ ուղղեց նոր ձեռնադրեալ Սարկաւագին եւ կիսասարկաւագներուն, ինչպէս նաեւ անոնց ծնողներուն, ընտանիքներուն ու հարազատներուն, մաղթելով, որ անոնք միշտ արժանի կերպով կրեն իրենց ստացած աստիճանը եւ հաւատարմօրէն ծառայեն Աստուծոյ Սուրբ Սեղանին եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ։

Վերջապէս, Սրբազան Հայրը իր հայրական գնահատանքն ու օրհնութիւնը փոխանցեց Սանթա Քլարիթայի հայ համայնքի բոլոր զաւակներուն՝ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց եկեղեցասիրութեան եւ ազգային-եկեղեցական կեանքին հանդէպ ունեցած նուիրումին համար։ Ան աղօթեց, որ Ամենակալ Աստուած շարունակէ օրհնել համայնքը, ամրացնել զայն հաւատքի մէջ եւ բազմապատկել անոր հոգեւոր ու ազգային պտուղները՝ ի պայծառութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ։

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Յուլիս 6, 2026


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները