Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

«Երանելի Է Այն Ժողովուրդը, Որուն Տէրը Աստուած Է»։ (Սաղմ. 143։15)

Թեմ

Հրապարակված է: 05/28/2026


«Երանելի է այն ժողովուրդը, որուն Տէրը Աստուած է»։ (Սաղմ. 143։15)

«Երանելի է այն ժողովուրդը, որուն Տէրը Աստուած է»։

(Սաղմ. 143։15)

Սիրելի՛ հաւատացեալ ժողովուրդ,

Սաղմոսերգու մարգարէին այս խօսքը մեզի կը յիշեցնէ, թէ ժողովուրդի իրական զօրութիւնը միայն նիւթական կարողութիւններուն կամ մարդկային ուժին մէջ չի կայանար, այլ՝ Աստուծոյ հանդէպ ունեցած հաւատքին եւ հոգեւոր արժէքներուն մէջ։ Երանելի է այն ժողովուրդը, որ իր կեանքին մէջ Աստուծոյ ներկայութիւնը կենդանի կը պահէ, որովհետեւ այդ հաւատքն է, որ զինք կը զօրացնէ դժուարութիւններու դիմաց եւ կ՛առաջնորդէ դէպի վերականգնում ու յարատեւութիւն։

Այս հոգեւոր գիտակցութեամբ այսօր կը վերյիշենք Մայիս 28-ը՝ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակման յիշարժան օրը։ Հայ ժողովուրդը, պատմական ծանր պայմաններու եւ բազում դժուարութիւններու մէջ, իր հաւատքով, միասնական կամքով եւ հայրենասիրական ոգիով կարողացաւ իր ներուժը համախմբել՝ Սարդարապատի հերոսամարտին յաղթանակ կռելով։ Կարողացաւ վերահաստատել իր անկախ պետականութիւնը։

Եւ ինչպէ՞ս պիտի տօնախմբենք պատմութեան այս լուսաւոր էջը՝ Սարդարապատի յաղթանակը եւ Մայիս 28-ը: Պատասխանն այն է, որ ազգովին մեր նորահաս սերունդի զաւակները պիտի առաջնորդենք դէպի Մայր եկեղեցի եւ Մայր երկիր, որպէսզի անոնք հարիւրապատիկ զգան իրենց սրտին հասնող տրոփիւնը եւ ուխտ կատարեն ապրելու հայ քրիստոնեայի հաւատքով եւ նախնեաց տեսիլքով: Սարդարապատի հերոսամարտի յաղթանակը հիմնաքարն է յաւիտենական Հայաստանին:

Մայիս 28-ը, այդպիսով, յաւէրժօրէն դարձած է վերածնունդի, յոյսի եւ ազգային ինքնագիտակցութեան խորհրդանիշ մը։

Այս օրը իր մէջ ունի նաեւ հոգեւոր պատգամ մը, երբ ժողովուրդ մը կը պահէ իր հաւատքը, իր արժէքները եւ իր միասնականութիւնը, ապա կրնայ յաղթահարել դժուարութիւնները եւ շարունակել իր ընթացքը նոր յոյսով ու վստահութեամբ։

Այս առիթով երախտագիտութեամբ կը յիշենք բոլոր անոնք, որոնք իրենց զոհողութեամբ, ծառայութեամբ եւ նուիրումով կերտեցին մեր պետականութեան հիմքերը։ Անոնց յիշատակը մեզ կը հրաւիրէ ապրելու պատասխանատուութեամբ, հաւատքով եւ մեր հոգեւոր ու հայրենասիրական արժէքներուն հաւատարիմ մնալով։

Սիրելի՛ ժողովուրդ, այսօր եւս կը վերադառնանք սաղմոսերգուի խօսքին՝ «Երանելի է այն ժողովուրդը, որուն Տէրը Աստուած է»։ Թող այս ճշմարտութիւնը մշտապէս առաջնորդէ մեր ժողովուրդի կեանքը՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի։ Կը մաղթենք, որ Ամենակալ Աստուած խաղաղութեամբ, ապահովութեամբ եւ Իր առատ օրհնութեամբ պահէ մեր հայրենիքը, զօրացնէ մեր ժողովուրդի զաւակները եւ առաջնորդէ զանոնք դէպի միութիւն, արդարութիւն եւ հոգեւոր վերանորոգութիւն։

Աղօթենք միասին եւ ըսենք․

Տէ՛ր Աստուած մեր, Դուն որ դարեր շարունակ եղար ապաւէնը եւ զօրութիւնը հայ ժողովուրդին, այսօր եւս Քու հայրական սիրով հովանի եղիր մեր հայրենիքին եւ համայն հայութեան։ Խաղաղութեամբ պահէ Հայաստանը եւ մեր ժողովուրդի զաւակները՝ ի հայրենիս եւ ի սփիւռս աշխարհի։ Օրհնէ մեր երկիրը, մեր ընտանիքները, մեր ժողովուրդի աշխատանքն ու ծառայութիւնը։ Հեռացուր ամէն տեսակ վտանգ, բաժանում եւ տագնապ, եւ մեր սրտերուն մէջ ամրապնդէ հաւատքը, սէրը եւ նուիրումի ոգին։

Տու՛ր, Տէ՛ր, որ մեր ժողովուրդը միշտ ապրի Քու ճշմարտութեամբ եւ առաջնորդուի Քու իմաստութեամբ։ Պահէ մեր Սուրբ Եկեղեցին անսասան, պայծառ ու կենսատու, եւ արժանի դարձուր մեզ՝ ապրելու իբրեւ Քու օրհնեալ ժողովուրդդ։

Թող Մայիս 28-ի ոգին մշտապէս կենդանի մնայ մեր սրտերուն մէջ՝ իբրեւ հաւատքի, յոյսի եւ վերածնունդի կենդանի վկայութիւն։ Ամէն։

 

Օրհնութեամբ՝

 

Յովնան Արք․ Տէրտէրեան

Առաջնորդ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները