Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Ամն Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․տէրտէրեանի Նախագահութեամբ Գումարուեցաւ Արեւմտեան Թեմի Հոգեւորականաց Տարեկան Ընդհանուր Ժողովը

Թեմ

Հրապարակված է: 05/07/2026


ԱՄՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ․ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԳՈՒՄԱՐՈՒԵՑԱՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ  ՏԱՐԵԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Պատգամաւորական 99-րդ տարեկան Ընդհանուր ժողովի նախորդող օր, Հինգշաբթի Ապրիլ 30-ի յետմիջօրէին, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանին եւ հիւրընկալութեամբ Ֆրեզնոյի Սուրբ Պօղոս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիոյ, գումարուեցաւ Թեմի Հոգեւորականաց տարեկան Ընդհանուր Ժողովը մասնակցութեամբ Թեմի հոգեւորականաց դասուն։ Ժողովը սկսաւ Սրբազան Հօր հայրական պատգամով, որ ներշնչուելով հայ եկեղեցական եւ ազգային կեանքի մեծ դէմքերէն՝ Ամենայն Հայոց Մկրտիչ Ա․ Խրիմեան Կաթողիկոսի «Մարգարիտ Արքայութեան Երկնից» գործի նախաբանի խորիմաստ խորհուրդներէն, ներկայացուց հոգեւորականի հոգեւոր կեանքի էութիւնը՝ շեշտելով, որ քրիստոնէական ճշմարիտ հարստութիւնը կը կայանայ ո՛չ թէ նիւթական բարիքներուն, այլ այն առաքինութիւններուն մէջ, որոնք կը նմանին «մարգարիտներու»՝ հաւատքը, սէրը, խոնարհութիւնը, համբերութիւնը եւ արդարութիւնը։ Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազանը հոգեւորականներուն յորդորեց իրենց կոչման գիտակցութեամբ նախ իրենց կեանքին մէջ կերտել այդ առաքինութիւնները եւ ապա իրենց ծառայութեամբ առաջնորդել ժողովուրդը դէպի հոգեւոր զարթօնք եւ ներքին վերափոխում։ Սրբազանը նաեւ ընդգծեց, որ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը ներկայ ժամանակներուն կը պահանջէ նորոգ եռանդ, միասնական կամք եւ անսակարկ նուիրուածութիւն՝ դիմագրաւելու ժամանակակից մարտահրաւէրները եւ պահպանելու մեր հաւատքի ու ազգային ինքնութեան անսասան հիմքերը։ Իր խօսքի աւարտին, Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց ներկաներուն, մաղթելով, որ Ամենակալ Աստուած զօրացնէ եւ առաջնորդէ զիրենք իրենց սրբազան ծառայութեան մէջ՝ ի պայծառութիւն Մայրենի Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի շինութիւն մեր ժողովուրդին։

Օրակարգին համաձայն, Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանի բանախօսներէն՝ հայ եկեղեցական հոգեւոր գրականութեան եւ աստուածաբանական մտքի հետազօտող Փրօֆէսօր Աբրահամ Տէրեան, մասնաւոր դասախօսութեամբ ներկայացուց քարոզխօսութեան կարեւոր դերը Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։ Յարգարժան բանախօսը շեշտեց, որ քարոզը ոչ միայն ուսուցողական արտայայտութիւն մըն է, այլ՝ հաւատքի կենդանի վկայութիւն։ Ան լուսարձակի տակ առաւ հայ հոգեւոր գրականութեան հարուստ գանձարանը եւ մէջբերումներ կատարեց հայրաբանական եւ միջնադարեան աղբիւրներէ, զուգահեռաբար բաղդատական դիտարկումներով ներկայացնելով քարոզխօսութեան աւանդոյթները քրիստոնէական տարբեր եկեղեցիներու մօտ, բացատրելով անոնց մօտեցումներու ընդհանրութիւններն ու տարբերութիւնները։ Փրօֆէսօր Աբրահամ Տէրեան յատկապէս ընդգծեց, որ արդի ժամանակներուն քարոզիչը կոչուած է միաժամանակ հաւատարիմ մնալու եկեղեցական աւանդութեան եւ հասկնալու ժամանակակից մարդուն հոգեւոր կարիքները՝ իր խօսքը դարձնելով հասանելի, կենդանի եւ ներգործող։ Բովանդակալից եւ խորիմաստ այս դասախօսութիւնը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց ներկաներուն մօտ եւ բարձր գնահատուեցաւ Բարձրաշնորհ Սրբազան Հօր եւ ներկայ հոգեւորականներուն կողմէ։

Ապա տեղի ունեցան խմբային աշխատանոցներ գլխաւորութեամբ Դոկտ․ Հրաչ Չիլինկիրեանի, որոնց ընթացքին մասնակցող հոգեւորականները բաժնուեցան փոքր խումբերու եւ համատեղ աշխատանքի մթնոլորտի մէջ քննարկեցին քարոզխօսութեան եւ աւետարանչութեան հոգեւոր ու գործնական հիմքերը։ Աշխատանոցները նպատակ ունէին խորացնելու քահանայական կոչման գիտակցութիւնը եւ վերանորոգելու հովուական ծառայութեան եռանդը՝ Տիրոջ մեծ յանձնարարութեան հիման վրայ, որ կ՛ըսէ․ «Գացէ՛ք, ուրեմն, ինծի աշակերտ դարձուցէք բոլոր ազգերը…» (Մատթէոս 28․19)։ Քննարկումներուն ընթացքին հոգեւորականները անդրադարձան քարոզչութեան հիմնական աղբիւրներուն՝ Սուրբ Գիրքին, Սրբազան Աւանդութեան եւ եկեղեցական հայրերու ժառանգութեան, ինչպէս նաեւ կիսեցին իրենց ծառայական փորձառութիւնները՝ ծխական, կրթական եւ համայնքային կեանքէն ներս։ Խմբային քննարկումներու ժամանակ քննուեցան նաեւ արդի ժամանակներու մարտահրաւէրները, փորձելով ձեւակերպել յստակ ու գործնական քայլեր՝ զօրացնելու աւետարանչական առաքելութիւնը իրենց համայնքներուն մէջ։ Այս աշխատանոցները զգալիօրէն նպաստեցին մտքերու եւ փորձառութիւններու փոխանակման, ինչպէս նաեւ խթանեցին համագործակցութեան ոգին, հիմք դնելով ապագայ նախաձեռնութիւններու եւ թեմական կեանքի հովուական զարգացման ուղղութեան։ Խմբային այս աշխատանոցները եղան օգտաշատ եւ արդիւնաւէտ, զգալիօրէն նպաստելով հոգեւորականներու համատեղ մտածողութեան, փորձառութեան փոխանակման եւ հովուական ծառայութեան նորոգ զօրացման։

Աւարտին, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեան իր փակման խօսքին մէջ նախ բարձր գնահատեց Թեմի հոգեւոր հովիւներուն անձնուրաց ծառայութիւնը։ Ապա իր մտորումները փոխանցեց հիմնաւորելով 1807 թուականի Կ․ Պոլսոյ մէջ հրատարակուած Մեծ Մաշտոցէն քաղուած սրբազան հատուածներով։ Ան յիշեցուց, թէ քահանայական կոչումը պարզ ծառայութիւն մը չէ, այլ՝ «հրեշտակային կարգ», որով հոգեւորականը կը մասնակցի Աստուածային գործին՝ շարունակելով Քրիստոսի առաքելութիւնը երկրի վրայ, ինչպէս կը վկայէ Տիրոջ խօսքը․ «Ով որ կը հաւատայ ինծի, պիտի կատարէ այն գործերը, որ ես կ՛ընեմ» (Յովհաննէս 14։12)։ Սրբազանը ընդգծեց, որ այս աստուածային կոչումը հոգեւորականի ուսերուն կը դնէ քաղցր, բայց ծանր եւ սրբազան լուծ մը՝ մաքրութեամբ ու խոնարհութեամբ հովուելու ժողովուրդը, սերմանելու հաւատքը եւ կենդանի վկայութեամբ քարոզելու Աւետարանը։ Անդրադառնալով Մեծ Մաշտոցին մէջ ներկայացուած ձեռնադրութեան կանոններուն, Բարձրաշնորհ Սրբազանը շեշտեց, որ քահանան կոչուած է ըլլալու «մշակ առանց ամօթի», ուղիղ կերպով մեկնաբանելու ճշմարտութեան խօսքը եւ իր ամբողջ կեանքով հաճելի ըլլալու Աստուծոյ։ Սրբազանը նաեւ ընդգծեց, որ նման համախմբումները պէտք է դիտուին ոչ միայն որպէս վարչական ժողովներ, այլ նախ եւ առաջ որպէս աղօթահաւաքներ եւ հոգեւոր նորոգութեան առիթներ, ուր հոգեւորականները կը զօրանան միմեանցով եւ կը վերահաստատեն իրենց կոչման գիտակցութիւնը։ Իր խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց բոլորին առաջնորդուելու աղօթքով, խոնարհութեամբ եւ սիրով, ծառայելու ժողովուրդին գթասրտութեամբ եւ նորոգուելու հոգեւորապէս, իբրեւ ուղեցոյց ունենալով Աւետարանի ոսկէ պատուիրանները։

Ժողովի աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը հոգեւորականներուն ներկայացուց նաեւ շարք մը վարչական հարցեր, որոնք գլխաւորաբար առնչուած էին Առաջնորդարանի եւ ծուխերու միջեւ հաստատուած առաքելութեանց։

Արեւմտեան Թեմի Հոգեւորականաց Ընդհանուր ժողովը փակուեցաւ հոգեւոր վերազարթօնքի եւ համախմբուած նուիրումի մթնոլորտի մէջ, վերահաստատելով հոգեւորականներու բարձր կոչումը՝ ի պայծառութիւն Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի շինութիւն հաւատացեալ ժողովուրդին։

Դիւան Առաջնորդարանի

Մայիս 7, 2026

 


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները