Թեմ
Հրապարակված է: 05/07/2026
Նախագահութեամբ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Հինգշաբթի, Ապրիլ 30-ի առաւօտուն, Ֆրեզնոյի Սուրբ Պօղոս Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ մէջ գումարուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Տիկնանց Պատգամաւորական տարեկան Ընդնահուր ժողովը։
Ժողովը բացուեցաւ Սրբազան Հօր աղօթքով, որմէ ետք ան իր սրտի խօսքին մէջ անդրադարձաւ երեք հիմնական կէտերու։ Առաջին հերթին, Սրբազանը խօսեցաւ Քրիստոսի Յարութեան մասին՝ ընդգծելով, որ Քրիստոսի Յարութիւնը կը նորոգէ հաւատացեալը, կը լեցնէ յոյսով եւ կը զօրացնէ զինք կեանքի փորձութիւններուն դիմաց։ Երկրորդ կէտով անդրադարձաւ այն հարցին, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ըմբռնել Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ, մէջբերում կատարելով Richard Baxter-էն՝ շեշտելով ներքին հոգեւոր կեանքի գիտակցութեան եւ Աստուծոյ հետ անձնական կապի կարեւորութիւնը։ Երրորդ կէտը նուիրուած էր աղօթքին, ուր Սրբազանը ընդգծեց աղօթքի կենսական դերը հաւատացեալի կեանքին մէջ՝ մեկնաբանելով նաեւ «Do not pray for easy lives. Pray to be stronger men» J. F. Kennedy-ի միտքը, յորդորելով հաւատացեալները ոչ թէ դիւրին կեանք խնդրելու Աստուծմէ, այլ՝ զօրանալու իրենց հաւատքին մէջ եւ հոգեւոր ամրութեամբ դիմակայելու կեանքի փորձութիւնները։
Ապա բարի գալստեան խօսքով ելոյթ ունեցաւ հիւրընկալ Սուրբ Պօղոս Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Եսայի Քահանայ Պետրոսը, որ ողջունեց ներկաները եւ գնահատեց Տիկնանց Միութիւններու շարունակական նուիրեալ ծառայութիւնը։ Տէր Հօր խօսքէն ետք Տիկնանց Կեդրոնական Խորհուրդի Ատենապետուհի Տիկին Թալին Վարդիվառեան իր կարգին բարի գալուստ մաղթեց բոլոր շրջաններու ներկայացուցիչներուն՝ մաղթելով արդիւնաւէտ եւ յաջող ընթացք ժողովին։
Օրակարգին համաձայն ներկայացուեցաւ Տիկնանց Միութեան mission statement-ը՝ վերահաստատելով միութեան տեսլականը, առաքելութիւնն ու ծառայութեան ուղղութիւնները։ Ապա, որպէս գլխաւոր բանախօս, ելոյթ ունեցաւ Տիրան Աւագեան՝ «Living with Purpose, Serving with Impact» նիւթով, ուր շեշտեց գիտակից ծառայութեան, նպատակասլաց կեանքի եւ համայնքային ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը։
Ժողովի ընթացքին ներկայացուեցան Տիկնանց Կեդրոնական Խորհուրդի գործունէութեան տեղեկագիրը, գանձապահի եւ հաշուապահի զեկոյցները, ինչպէս նաեւ քննարկուեցան առաջիկայ ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները։
Ժողովի փակման խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Արեւմտեան Թեմի Տիկնանց Միութիւններու անդամուհիներու անձնուրաց եւ նուիրեալ ծառայութիւնը՝ շեշտելով, որ անոնք կը հանդիսանան եկեղեցական կեանքի կենսունակութեան կարեւորագոյն սիւններէն մէկը։ Ան յորդորեց շարունակել իրենց առաքելութիւնը նոյն եռանդով՝ մասնաւորաբար կեդրոնանալով նոր սերունդի հոգեւոր դաստիարակութեան, հայ ինքնութեան պահպանման եւ համայնքային կեանքի զօրացման վրայ։
Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցելով մաղթեց, որ Ամենակալ Աստուած զօրացնէ բոլորը իրենց ծառայութեան մէջ եւ պահէ ու զօրացնէ զիրենք ի պայծառութիւն մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ, ի շինութիւն մեր ազգին եւ յանսասանութիւն մեր ժողովուրդին։
Ժողովը փակուեցաւ Սրբազան Հօր աղօթքով եւ յիշատակի խմբանկարով։
Դիւան Առաջնորդարանի
Մայիս 7, 2026













