Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Տեղի Ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Ոգեկոչման Ձեռնարկը Providence St. Joseph Medical Center-Ի Մէջ

Համայնք

Հրապարակված է: 04/29/2026


Տեղի Ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Ոգեկոչման Ձեռնարկը Providence St. Joseph Medical Center-Ի Մէջ

Ապրիլ 22-ին, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ոգեկոչման ձեռնարկը Providence St. Joseph Medical Center-ի մէջ։ Այս առիթով, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան ընկերակցեցաւ Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանին։ Նշեալ բժշկական հաստատութիւնը, ամէն տարի իրենց մասնակցութիւնը կը բերէ Ապրիլեան ոգեկոչումներուն՝ ընդգծելով յիշողութեան, մարդասիրութեան եւ համերաշխութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով հայկական համայնքին։   Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ յարգանքի եւ հոգեւոր լռութեան մթնոլորտի մէջ, վերահաստատելով պատմական յիշողութիւնը ամրագրելու եւ մարդկային արժէքները պահպանելու անհրաժեշտութիւնը։

2b628042-c7e8-3b26-8909-feb755a9ab6f.jpg
940f685a-67fd-a94c-e668-aec50cdc97be.jpg
285605e9-3523-c154-e9d7-24535b74c828.jpg
8a8e1b8c-f2c7-47bf-4490-17a08d5b10f5.jpg


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները