Թեմ
Հրապարակված է: 01/22/2026
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ,16-18 Յունուարի շաբաթավերջին Սուրբ Յակոբ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ յաջողութեամբ գումարուեցաւ A.C.Y.O.-ի 76-րդ տարեկան համագումարը, մասնակցութեամբ մեծ թիւով երիտասարդներու եւ ծխական հոգեւորականներու։
Համագումարը կազմակերպուած էր Բաձրաշնորհ Սրբազան Հօր յանձնարարութեամբ եւ Արեւմտեան Թեմի Երիտասարդացի Հոգեւոր Տեսուչ՝ Արժանապատիւ Տէր Աւետիս Քահանայ Աբովեանի կողմէ։ Հիւրընկալութիւնը ստանձնած էր Սուրբ Յակոբ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Յարութիւն Քահանայ Թաշճեանն ու եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդը։
Համագումարը բացուեցաւ Բարձրաշնորհ Սրբազան Հօր աղօթքով։ Ապա ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Արժանապատիւ Տէր Յարութիւն Քահանայ Թաշճեանը, որ իր սիրառատ խօսքով հոգեւոր արգասաբեր ընթացք մաղթեց բոլոր մասնակիցներուն եւ յաջողութիւն՝ համագումարի աշխատանքներուն։ Յաջորդաբար վաւերացուեցան նախորդ տարուայ համագումարի ատենագրութիւնը եւ 2026 թուականի համագումարի օրակարգի նիւթերը։ Օրակարգերու քննարկումէն առաջ Արեւմտեան Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեան իր պաշտօնական խօսքով հրաւիրեց երիտասարդները իրենց կեանքի ընթացքին ըլլալու Քրիստոսի կենդանի վկաները եւ քաջութեամբ պաշտպանելու քրիստոնէական արժէքները, միաժամանակ կոչ ուղղելով անոնց անխախտ հաւատքով ու նուիրումով խոստում կատարելու ծառայելու Աստուծոյ ու ժողովուրդին։
Ապա A.C.Y.O.-ի ատենապետուհին՝ Քանտաս Քարաքաշեանը ներկայացուց կազմակերպութեան տարեկան տեղեկագիրը, որմէ ետք օրակարգային կէտերուն համաձայն արծարծուեցան բազմաթիւ նիւթեր, որոնք առաւել եւս խթանեցին Թեմի երիտասարդութիւնը քրիստոնէական ու ազգային արժէքներու պահպանման անյետաձգելին գործին մէջ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի ծառայական առաքելութեան։ Համագումարի առանցքը կը կազմէր այն հիմնահարցը, թէ ինչպէ՞ս կարելի է որպէս երիտսարադներ աւելի գործօն կերպով ներգրաւուիլ Առաջնորդարանի եւ ծխական համայքներու եկեղեցական, հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային բազմաբնոյթ առաքելութեան մէջ։ Համագումարի ընթացքին ներկայացուեցան նաեւ համապարփակ զեկոյցներ A.C.Y.O.-ի կայքէջի, Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու, C.Y.M.A.-ի, Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանի, սարկաւագաց վերապատրաստման եւ Hay Camp-ի մասին։
Ապա կատարուեցաւ A.C.Y.O.-ի Կեդրոնական Վարչութեան նոր անդամներու ընտրութիւնը եւ որոշուեցաւ 2027 թուականի համագումարի վայրը։ Նորընտիր անդամները ընկերակցութեամբ Արեւմտեան Թեմի Երիտասարդացի Հոգեւոր Տեսուչ՝ Արժանապատիւ Տէր Աւետիս Քահանայ Աբովեանին ի մօտոյ իրենց անդրանիկ հանդիպումը պիտի ունենան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանին հետ՝ ստանալու համար անոր հայրական օրհնութիւնն ու յանձնարարութիւնները։
Համագումարին Բարձրաշնորհ Սրբազան Հօր կողքին ներկայ գտնուեցան հետեւեալ հոգեւորականները՝ Հոգեշնորհ՝ Տէր Բագրատ Ծ․ Վրդ․ Պէրճիքեան, Տէր Սարգիս Աւագ Քահանայ Պետոյեան, Տէր Գրիգոր Քահանայ Զաքարեան, Տէր Վազգէն Աւագ Քահանայ Պոյաճեան, Տէր Մեսրոպ Քահանայ Աշ, Տէր Զաւէն Քահանայ Մարկոսեան, Տէր Կոմիտաս Քահանայ Զօհրապեան, Տէր Խաժակ Քահանայ Շահպազեան եւ Տէր Նժդեհ Քահանայ Քէշիշեան, որոնք իրենց օրհնաբեր մասնակցութեամբ առաւել եւս ջերացուցին եւ հարստացուցին համագումարի հոգեւոր մթնոլորտը.
Փակման նիստի աւարտին Բարձրաշնորհ Սրբազանը փառք եւ գոհութիւն վերառաքեց Ամենակալ Աստուծոյ՝ համագումարի յաջողութեան համար։ Ան բարձր գնահատեց Արժանապատիւ Տէր Աւետիս Քահանայ Աբովեանը համագումարի կազմակերպչական աշխատանքներու վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ Սուրբ Յակոբ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին՝ իր ջերմ եւ օրինակելի հիւրընկալութեան համար։ Սրբազան Հայրը ողջունեց մեծ թիւով հոգեւորականներու մասնակցութիւնը, որոնք եկած էին թէ՛ երիտասարդները քաջալերելու եւ թէ՛ նոր զարկ ու մղում տալու A.C.Y.O.-ի առաքելութեան։ Նորին Սրբազնութիւնը առանձնայատուկ գնահատանքով անդրադարձաւ նախորդ վարչութեան անդամ-անդամուհիներու ամբողջանուէր ծառայութեան, եւ շնորհաւորեց ու յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր Վարչութեան։
Վերջապէս, Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ երիտասարդութիւնը մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ ունի եզակի եւ անփոխարինելի դերակատարութիւն, եւ հաստատեց, թէ՝ Արեւմտեան Թեմը միշտ նեցուկ պիտի կանգնի A.Y.C.O,ին, որպէսզի անոր Վարչութեան բոլոր նախաձեռնութիւնները պսակուին յաջողութեամբ՝ ի փառս Աստուծոյ եւ ի պանծացումն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ։
Համագումարը ընթացաւ սիրոյ, համերաշխութեան եւ եղբայրութեան մթնոլորտի մէջ եւ փակուեցաւ Բարձրաշնորհ Սրբազան Հօր աղօթքով, իսկ ամբողջական աւարտը նշանաւորուեցաւ կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագով՝ 18 Յունուարին, Սուրբ Յակոբ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, զոր մատոյց Արժանապատիւ Տէր Մեսրոպ Քահանայ Աշը։
Դիւան Առաջնորդարանի