Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի Մատուցած Առաջնորդական Սուրբ Պատարագով Քալիֆորնիոյ Մէջ Մեծահանդէս Տօնախմբութեամբ Նշուեցաւ Սուրբ Ծննդեան Հրաշափառ Տօնը

Թեմ

Հրապարակված է: 01/08/2026


ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ․ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ՄԱՏՈՒՑԱԾ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳՈՎ  ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՄԷՋ ՄԵԾԱՀԱՆԴԷՍ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՄԲ  ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՀՐԱՇԱՓԱՌ ՏՕՆԸ

Երեքշաբթի 6 Յունուար 2026-ի առաւօտուն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմէն ներս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնը նշուեցաւ աւանդական շուքով եւ մեծահանդէսութեամբ։ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան հրաշափառով, եկեղեցականաց, սարկաւագաց եւ դպրաց թափօրով Մայր Տաճարի երկնասլաց զանգերու զուարթ եւ աւետաւորող  ղօղանջներու տակ Առաջնորդարանէն ուղղուեցաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճար, որու Աւագ Խորանի վրայ մատուցեց Սուրբ Ծննդեան հանդիսաւոր պատարագը։ Մայր Տաճարն ու շրջափակը լեցուն էին հաւատացեալներու ներկայութեամբ, որոնք եկած էին հաղորդուելու օրուայ խորհուրդով եւ ունկնդրելու աւետաբեր պատգամը Սուրբ Ծննդեան։ Սրբազան Հօր կողքին առընթերակայ հոգեւորականներն էին Արժանապատիւ Տէր Նժդեհ Քահանայ Քէշիշեանն ու Արժանապատիւ Տէր  Գաբրիէլ Քահանայ Գամայեանը։ Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեցին Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր աճարի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Արթիւր Սրկ. Վարդանեանի համատեղութեամբ Մայր Տաճարի Խաչատուրեան երգչախումբին, ղեկավարութեամբ՝ Ստեփան Սրկ․ Գոզումեանին։ 

Ստուար թիւով հաւատացեալ ժողովուրդի շարքին ներկայ էին նաեւ Լոս Անճելըսի Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոս Մեծարգոյ Տիար Կարէն Իսրայէլեան, Արեւմտեան Թեմի թեմական խորհուրդի ատենապետ՝ Տէր եւ Տիկին Տէրիք Ղուկասեան եւ թեմական խորհուրդի անդամներ, Թեմական յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներ, Մայր Տաճարի կնքահայրեր, բարերարներ եւ պաշտօնական անձինք: Նախքան քարոզը Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, նշուեցաւ նաեւ Քրիստոսի Սուրբ Մկրտութիւնը: «Լոյս ի լուսոյ» հոգեթով շարականին երգեցողութեամբ միւռոնաթափ աղաւնին բարձրացուեցաւ Սուրբ Խորան, ուր  ձեռամբ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի կատարուեցաւ Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութիւնը: Յիսուս Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութեան Խաչի կնքահայրն էր Արամզդ Ֆիտանեան։

Ապա Բարձրաշնորհ Սրբազանը Մայր Տաճարի սրբազան կամարներուն ներքոյ ի լուր բովանդակ հաւատացեալ ժողովուրդին աւետեց Քրիստոսի հրաշափառ եւ Սուրբ Ծննդեան մեծ պատգամը եւ «Սուրբ Ծնունդը՝ Նոր Կեանքին Հրաւէրը» բնաբանով բացատրեց Սուրբ Ծննդեան խորհուրդի նշանակութիւնն ու արժէքը քրիստոնէութեան համար։

Սրբազանը ըսաւ․-« Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի ծնունդը աշխարհի մարդկութեան կեանքին մէջ հրաւէրն է նոր կեաքին։ Տօնախմբել Սուրբ Ծնունդը կը նշանակէ Քրիստոսով վերապրիլ կեանքը եւ հասնիլ հոգեւոր կեանքի բարձրակէտին։ Քրիստոս Աստուածորդու Սուրբ Ծնունդը իր մէջ կը խտացնէ Աստուծոյ անսահման սէրը՝ մարդկանց հոգիները առաջնորդելու դէպի լոյս, դէպի ճշմարտութիւն, դէպի առաւել կեանք եւ վերջապէս դէպի Աստուած»։ Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ Սուրբ Ծնունդը կ՛իմաստաւորուի միայն այն ժամանակ, երբ աղօթքով կ՛իջնենք մեր հոգիներուն ծալքերուն մէջ եւ մեր մէջ կը գտնենք ու կը հաստատենք հոգեւոր այն զօրութիւնը՝ որ մեր մէջ կը կենսագործէ իւրաքանչիւրիս վերածնունդն ի Քրիստոս։ Բարձրաշնորհ Սրբազանը իր Սուրբ Ծննդեան պատգամը շարունակեց շեշտելով, որ Սուրբ Ծնունդը՝ Քրիստոսի մարդեղութեամբ Աստուած եւ մարդ միացնող անքակտելի կամուրջն է։ Եւ որպէս քրիստոնեայ յարատեւօրէն այս պէտք է դարձնենք   նշանաբանը Աստուածատուր մեր կեանքին։ Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազանին բառերով, Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը հրաշալի առիթ մը եւ քաղցր հրաւէր մըն է մանկանալու Անոր հետ եւ քաջութեամբ սրբելու մեր ներաշխարհը, եւ Պօղոս Առաքեալի բառերով «մեր գործերով մերժելու հին մարդը» (Կղ 3.9) եւ «հագնելու նոր մարդը, որ ստեղծուած է արդարութեամբ եւ ճշմարիտ սրբութեամբ՝ Աստուծոյ պատկերին համաձայն»: (Եփ․ 4:25):

Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան Սուրբ Ծննդեան աւետիսը ներկայ հաւատացեալներուն հետ բաժնելէ ետք շնորհաւորեց բոլորը եւ հետեւեալ բառերով եզրափակեց Սուրբ Ծննդեան իր պատգամը․-«Մեր ազգի կեանքի դրան առաջ է կանգնած խաղաղութեան Իշխանը։ Բանանք մեր հոգիի դռները բոլորս անխտիր եւ ուխտ կատարենք դառնալու նոր կեանքի ճարտարապետները՝ միասնական աղօթքով, մեր նախնեաց հաւատքով եւ հզօր հայրենիք-եկեղեցի մէ՛կ ամբողջականութեան տեսիլքով։ Աստուածատուր մեր կեանքն իմաստաւորենք զայն վերածելով Բեթղեհէմէն ճարագայթող լոյսի աղբիւրի, որպէսզի իւրաքանչիւր հայ ընտանիք դարձնենք մանրակերտը Մայր Հայաստանին եւ Սուրբ էջմիածնին»։

Սրբազան Հայրը Սուրբ Ծննդեան տօնի Սուրբ Պատարագի արարողութեան կազմակերպութեան համար բարձր գնահատեց Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Խաժակ Քահանայ Շահպազեանը, ս.պատարագի ներկայ հոգեւորականները, ծխական խորհուրդի անդամները եւ յարակից կառոյցները, որոնք ամբողջական նուիրումով լծուած են Մայր Տաճարի պայծառութեան աստուածավայել գործին:

Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանին գլխաւորած թափօրով հաւատացեալները հաւաքուեցան Առաջնորդարանի Համբար սրահը, ուր Նոր Տարուայ եւ Սուրբ Ծննդեան իրենց սրտագին բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին Առաջնորդին։

 

Դիւան Առաջնորդարանի

Յունուար 6, 2026


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները