QUESTIONS ABOUT BAPTISM - ՀԱՐՑԵՐ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
24 February 2025
QUESTIONS ABOUT BAPTISM - ՀԱՐՑԵՐ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Մեզ համար ուրախութիւն է տեսնել Բարշ. Գէորգ Սրկ. Գէորգեանի մտքի նոր արգասիքը՝ «Հարցեր Մկրտութեան Մասին» կարեւոր եւ օգտակար աշխատութիւնը։ Մկրտութեամբ կը դառնանք Աստուծոյ որդեգիր եւ անդամ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ։ Քրիստոնէական սրբազան այս Խորհուրդի զանազան պարագաներու մասին շատ յաճախ հարցեր ի յայտ կուգան հաւատացելոց մօտ։ Եւ աշխատութեան բովանդակութեան մէջ ներկայացուող մեկնողական հատուածները, հարց ու պատասխանի ձեւով, մանրամասնօրէն կը պարզաբանեն այդ հարցերը՝ հաստատապէս յենուած Սուրբ Գիրքի, Եկեղեցւոյ Հայրերու յաւիտենական ճշմարտութիւններու վրայ։ Մեր օրհնութիւնն ու գնահատանքը կը բերենք գիրքի հեղինակին՝ Բարշ. Գէորգ Սրկ. Գէորգեանին, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնց ազնիւ ջանքերով ի լոյս կ’ընծայուի «Հարցեր Մկրտութեան Մասին» այս շահեկան ձեռնարկը»:

Գերշ. Տ. Յովնան Արք․ Տէրտէրեան
Առաջնորդ

By:Dn. Gevork Gevorkian
Genre:Religious
Language:Armenian
Number Of Pages:158
Publisher:Red Point - Under the auspices of the Western Diocese