Բարեշնորհ Գէորգ սրկ. Գէորգեանի սոյն աշխատասիրութիւնը արդարեւ իր մէջ կը խտացնէ Աստուածաշունչ Մատեանի եւ մեր ս. Եկեղեցւոյ Հայրերու շունչն ու իմաստութիւնը: Ներկայացուած խորհրդածութիւնները որոշապէս պատասխաններ կը յղեն մտահոգ հաւատացեալներուն, ովքեր մութի մէջ են եւ կ՚որոնեն իրենց միտքը չարչրկող բազում հարցերու պատասխաններ: Հեղինակը իր աշխատութեամբ ընթերցողին միտքն ու հոգին կը լուսաւորէ Աստուծոյ խօսքով եւ նոյն խօսքին ներշնչումով հաւատքի կեանքը վկայախօսած մեր ս. Եկեղեցւոյ Հայրերի պատգամներով ու յաճախ գեղեցիկ եւ հոգեւոր իմաստով հիւթեղ պատմուածքներով:
Մեր գնահատութեան ու քաջալերանքի խօսքը բարեշնորհ Գէորգ սարկաւագին, որուն գրչէն են ծնած շարք մը հոգեշունչ այլ հատորներ: Միաժամանակ մեր հրաւէրը կ՚ուղղենք բոլոր անոնց, ովքեր կ՚ուզեն իրենց հոգեւոր կեանքին ծարաւը յագեցնել օգտաշատ քրիստոսաւանդ Աւետարանի պատգամներով:
Օրհնութեամբ՝
Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի
Արեւմտեան Թեմի
By: | Գէորգ Սարկաւագ Գէորգեան |
Language: | Armenian |
Number Of Pages: | 64 |
Publisher: | Western Diocese of the Armenian Church of North America |