Օրմանեան Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ վերջին դարու թերեւս ամէնէն իւրայատուկ եւ տիրական հոգեւորականն է եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռին արժանաւոր Գահակալներէն, այսինքն՝ մէկը, որ աւելի քան քառասուն տարիներ, հոգեպէս եւ մտապէս՝ եկեղեցական, ազգային եւ վարչական ծանրութիւններ, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ ազգային դժուարակիր ճնշումներ շալկած եւ յուսալքութեան խաւարը իր հոգեմտաւոր նուիրումով եւ ծառայութեամբ դիմագրաւած¬տոկացած եզակի Եկեղեցական մը: Մէկը, որ մեր Եկեղեցւոյ դաւանական աւանդութիւններուն, եկեղեցական թէ կրօնական հիմքերուն եւ ազգային արժէքներու մասին՝ իր կեանքը, հոգին, միտքը եւ գրիչը նուիրեց: Եղաւ ԺԹ. դարու Հայ Եկեղեցականութեան ամէնէն ինքնատիպ, զարգացած եւ բազմավաստակ Հոգեւորականը:
By: | ՏԱՃԱՏ Ծ. ՎՐԴ. ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ |
Language: | Armenian |
Number Of Pages: | 76 |
Publisher: | Western Diocese |