Պ Ա Տ Ի Ւ Ա Ր Ժ Ա Ն Ա Ւ Ո Ր Ա Ց
«Հայոց եկեղեցւոյ 20-րդ դարի ականաւոր հոգևորականնե-րը» վերնագիրը կրող գիտաժողովը մեծերու յիշատակը պան-ծացնող համեստ քայլ մըն է։ Յիրաւի, անոնք հրաշքի համազօր առաքելութիւն են իրականացուցած։ Մանաւանդ պատմական այնպիսի ժամանակահատուածի մը ընթացքին, երբ Հայոց Ցեղասպանութիւնը մէկ կողմէ մեր ժողովուրդը դարձուցած էր արիւնաքամ, և միւս կողմէ Արևելեան Հայաստանը խորհրդային տարիներու հոգևոր խաւարին տակ ճնշուած կը մնար, ահա նոյն ժամանակաշրջանին հոգևոր Առաջնորդներու ամբողջ հոյլ մը, Յարութեան շունչով առլեցուն, մեր ազգի զաւակաց առջև բացին լոյսի ճանապարհը՝ կերտելով նոր կեանքին խորհուրդը հաղորդող եկեղեցին՝ յաւերժական սրբութիւնը, և հայրենիքը տեսիլքը դարձուցին ոգին ամբողջ հայութեան։
Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ 20-րդ դարի Ականաւոր հո-գևորականներու կեանքին ու գործին նուիրուած գիտաժողովը որոշապէս կը բացատրէ այն ճշմարտութիւնը, որ անոնք դար-ձան նոր աւիւնը մեր սուրբ եկեղեցւոյ առաքելութեան։
Ճանաչենք մեր մեծերը, որպէսզի մեր մէջ վերապրինք գի-տակցութիւնն ու ոգին հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան։ Անոնցմէ ամէն մէկը իր մէջ կը խտացնէ Աստուծոյ սէրն ու իմաստու-թիւնը, տարողութիւնը հայ եկեղեցւոյ և առաքելութիւնը։
Ժամանակն է, որ մեր ազգն ապրի հոգևոր յեղափոխութիւն և տէրը դառնայ այն աստուածահաստատ ու նուիրական հաս-տատութեան, որուն մէջ մենք մեզ կը տեսնենք և որու անունն է՝ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցի։
Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Առաջնորդ ԱՄՆ Արևմտեան Թեմի
By: | Գիտաժողովի նիւթերի ժողովածոյ |
Genre: | Religious |
Language: | Armenian |
Number Of Pages: | 256 |
Publisher: | Diocesan Press |