Յիսուսի երկնաւոր կեանքի խորհրդաւոր պատկերներու շարքին է Երուսաղէմ սուրբ քաղաք յաղթական մուտքը, որ մեր սուրբ եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ արձանագրուած է Ծաղկազարդ անունին տակ։ Տիրոջ մուտքը Երուսաղէմ կը դիմաւորուի արմաւենեաց տերեւներով եւ ձիթենեաց ոստերով եւ կը ծաղկազարդուի Երուսաղէմ ս. քաղաքը, որ եւ կը դառնայ դուռը Յարութեան խորհուրդին։ Ժողովուրդը կը դիմաւորէ վարդապետը Ովսա՜ննաներու աղաղակումով՝ արտայայտելով իրենց ուրախութիւնը, եւ յաջորդող օրերը կը դառնան վճռորոշ։ Քրիստոսի կեանքին մէջ պիտի կատարուէր գրուածը, Աստուածորդին պիտի բարձրանար խաչ՝ Իր անձը պատարագելու համար մարդկանց հոգիներու փրկութեան համար։
By: | Archbishop Hovnan Derderian |
Genre: | Religious |
Language: | Armenian |
Number Of Pages: | 20 |
Publisher: | Diocesan Press |