Սոյն գրքոյկը վերնագրեցի «Երկունքի մէջ ծնած խոհեր», որովհետեւ ճշմարտապէս դժուարին ու փորձութեան օրեր կ’ապրինք, երբ ողջ աշխարհը ահ ու սարսափի մէջ է coronavirus-ի արագ տարածումովը։ Մարդկային մեր տկարութիւնը բնականօրէն ծնունդ կու տայ վախին, յուսալքութեան եւ անորոշութեան, բայց փառք Աստուծոյ, գէթ առ այսօր տեղի չտուինք, որ մեր մէջ ապրինք տկարութիւն եւ ամբողջութեամբ ապաւինեցանք Աստուծոյ, եւ Աստուած կ’առաջնորդէ մեր կեանքը։ Ուրեմն կը հրաւիրենք հայ հաւատացեալը հաղորդ դառնալու մեր խոհերուն, որոնք կ’արտացոլեն մեր հաւատքի կեանքը։
By: | Archbishop Hovnan Derderian |
Genre: | Religious |
Language: | Armenian |
Number Of Pages: | 20 |
Publisher: | Diocesan Press |