Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի կրօնական, հոգեւոր, ծիսական կամ դաստիարակչական հրատարակութիւնները կը միտին հոգեկան եւ իմացական բաւարարութիւն տալ բոլոր տարիքներուն, մանուկներէն մինչեւ տարեցները, որովհետեւ կը հաւատանք, որ իւրաքանչիւր գիրք տարբեր ճաշակ մը եւ նոր պատգամ կը փոխանցէ ընթերցողին, կը խրախուսէ, կը համեմէ եւ կ՛իմաստաւորէ անոր կեանքը:
Ներկայ հրատարակութեամբ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմէն լոյս կ՛ընծայուի Բարեշնորհ Գէորգ Սարկաւագ Գէորգեանի կրօնաբոյր մէկ այլ աշխատասիրութիւնը, որ խորքին մէջ վերլուծութիւնն է «Պապն ու Շաղգամը» մանկապատանեկան առակին: Ինչպէս մեր Տիրոջ պատմած բոլոր առակները իրենց մէջ երբեմն թաքուն եւ երբեմն բացայայտ պատգամներ ունին մարդուն հասցէագրուած եւ որոնք մարդը կը պատրաստեն կամ յաճախ զգաստութեան կը հրաւիրեն ճանչնալու իր անձը, սրբագրելու իր ընթացքը եւ յաղթահարելու կեանքի երեւելի եւ աներեւոյթ դժուարութիւնները:
«Պապն ու Շաղգամը» պատմութիւնը թէեւ կարճ եւ դիւրըմբռնելի է ընթերցողին համար եւ ուղղուած է առաւելաբար մանուկներուն, սակայն շնորհիւ Գէորգ Սարկաւագ Գէորգեանի աստուածատուր շնորհներուն, Աւետարանական ճշմարտութիւններու ճիշդ ձեւով ընկալումին եւ առողջ վերլուծումներուն, յաջողած է մանկապատանեկան այս պարզ առակը քրիստոնէական հաւատքի ճանաչողութեան գեղեցիկ միջոցի ու ազդակի մը վերածել:
Ինչպէս Քրիստոսի բոլոր առակները, այս պարզ առակն ալ իր աւարտին ընկերսիրութեան, հաշտութեան, միասնականութեան, հաւաքական աշխատանքի եւ յաջողութեան պատգամներ կը փոխանցէ որքան մանուկին, նոյնքան եւս առաւել չափահաս ընթերցողին:
«Պապն ու Շաղգամը» կարճ առակին եւ Գէորգ Սարկաւագ Գէորգեանի «Պապն ու Շաղգամը հէքեաթի քրիստոնէական իմաստը» աշխատասիրութեան համատեղ հրատարակութեան առթիւ կը գնահատենք Սարկաւագին մանաւանդ այն կարողութիւնը, որով յաջողած է պարզ այս հէքեաթին տալ քրիստոնէական տարազաւորում, իմաստ եւ նշանակութիւն:
Մեր սպասումն է, որ մեր ժողովուրդի զաւակները, մեր թանկագին ծնողները, նուիրեալ դաստիարակները, ականաւոր մտաւորական գործիչները եւ նոյնիսկ հովուական ծառայութեան քաղցր լուծը շալկած մեր հոգեւորականները հաճոյքն ունենան ընթերցելու այս գիրքը, այն խոր հաւատքն ու համոզումը ունենալով, թէ՝ Աւետարանի բառերով իրաւապէս անտեսուած քարը որեւէ յաջող ու հաւաքական ձեռնարկի մը հիմնաքարը կրնայ դառնալ եւ թէ՝ չերեւցող մանանեխի հատիկը կրնայ իսկապէս լեռներ տեղաշարժել, երբ մարդուն մէջ կայ իրարօգնութեան յանձնառութիւնը, նպատակասլաց աշխատանքի կամքը, միութեան զօրութիւնը եւ համերաշխութիւնը, վերջապէս զոհաբերութիւնն եւ համառ աշխատասիրութիւնը:
Օրհնութեամբ՝
Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Առաջնորդ՝ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի
21 Օգոստոս, 2024
By: | Գէորգ, Սրկ․ Գէորգեան |
Genre: | Children's Book - Sunday School |
Language: | Armenian |
Number Of Pages: | 34 |
Publisher: | RedPoint Printing House - Yerevan 2024 |