St. Leon Church "Sound of Children" Summer Camp Click Here to lean more
Տարւոյս Սեպտեմբեր 28 եւ 29 օրերը ողջ հայութեան համար հոգեւոր ուրախութեան առիթներ պիտի ըլլան, երբ հազարաւոր ուխտաւորներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ պիտի փութան Մայր Հայրենիք, Սուրբ Էջմիածին, մասնակցելու տեղի ունենալիք միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման հոգեպարար արարողութեանց: Հայրենի մեր ժողովուրդին հետ հետեւաբար մենք եւս կը պատրաստուինք մասնակցելու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունենալիք հոգեւոր կարեւորագոյն իրադարձութեանց՝ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ քրիստոնէական հնագոյն ու պատմական սրբավայրերէն՝ Մայր Տաճարի վերաօծման: Ինչպէս գիտէք Միւռոնօրհնէքը Հայ Եկեղեցւոյ ամէնէն սրտառուչ եւ խորհրդաւոր արարողութիւններէն մէկն է:
By: | Western Diocese |
Genre: | Religious |
Language: | Armenian |
Number Of Pages: | 18 |
Publisher: | Diocesan Press |