ԽՕՍՔ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ
Մեզ համար ուրախութիւն է տեսնել Բարշ. Գէորգ Սրկ. Գէորգեանի նոր աշխատասիրութիւնը՝ «Ինչո՞ւ ենք Քահանային կոչում «Հայր»»։ Անոր բովանդակութեան մէջ ներկայացուող վերլուծումները, որ նուիրուած են հոգեւորականին «հայր» եւ «տէր» կոչելու՝ յաճախակի հնչող հարցականի պարզաբանութեանը, յիրաւի կարեւոր են եւ յստակօրէն ու սուրբգրային հիմնաւորումներով կը լուսաբանեն շատերու համար դեռեւս մթին այս հարցը։
Հոգեւորականը կոչում է ստացած Աստուծմէ ծառայելու իրեն վստահուած ժողովուրդին՝ տարածելու համար Աւետարանի լոյսը։ Հետեւաբար հոգեւորականը նուիրումի կեանքով ապրող անձն է, ով բոլորի համար հայր է ու սպասաւոր։ Եւ այս դրոյթը Գէորգ Սարկաւագ Գէորգեանը ընթերցողի համար մատուցած եւ մեկնած է ամենայն մանրամասնութիւններով։ Հեղինակին գիտականութիւնը յիրաւի վարակիչ են եւ փաստարկումները համոզուածութիւն կը փոխանցեն ընթերցողին։
Մեր ձգտումը մշտապէս պէտք է ըլլայ հարստացնել մեր ներաշխարհը, հոգին, որ «առաւել է, քան զմարմին», եւ այս աշխատութիւնը մի նոր ու լաւ առիթ կ’ընծայէ մեր հաւատացեալներուն՝ մէկդի դնելու եւս մէկ անորոշութիւն. քանզի մաքուր սրտով եւ լուսաբանուած հաւատքով առաւել տեսանելի կը դառնայ Աստուծոյ ներկայութիւնը։
Մեր օրհնութիւնն ու գնահատանքը կը բերենք գրքի հեղինակին, թող որ Բարշ. Գէորգ Սրկ. Գէորգեանի հոգեւոր եւ ստեղծագործական ջանքերը բազմապատկուին՝ ընթերցողներուն հաւատքի նորանոր պարզաբանութիւններ մատուցանելու համար։
Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի
Արեւմտեան Թեմի
By: | Dn. Gevork Gevorkian |
Genre: | Educational |
Language: | Armenian/English |
Number Of Pages: | 60 |