Ինչո՞ւ ենք խաչակնքում (Why do we make the sign of the cross?)

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
24 February 2025
Ինչո՞ւ ենք խաչակնքում (Why do we make the sign of the cross?)

«Խաչը խորհրդանիշն է Աստուծոյ հետ մեր կապին: Խաչին խորհուրդին հետ հաղորդակցիլ՝ կը նշանակէ հանդիպում մը ունենալ Քրիստոսի հետ: Եւ որքա՜ն կարեւոր է այդ խորհուրդը բացայայտել ու մեր սրտին մէջ կրել մշտապէս։ Սոյն աշխատասիրութիւնը՝ «Ինչո՞ւ ենք խաչակնքում», սիրով յանձն առաւ պատրաստել բարեշնորհ Գէորգ Սարկաւագ Գէորգեանը, եւ մեր սպասումն է, որ հայ եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր սպասաւոր ու հաւատաւոր զաւակ այն վերընթերցէ եւ միաժամանակ իրազեկ դառնայ Սուրբ Խաչի եւ խաչակնքումի սրբացնող խորհուրդին, Սուրբ Հայրերի մեկնութիւններուն, Սուրբ Խաչի բազմազան դրսեւորումներուն եւ վկայութիւններուն, որով անտարակոյս կը հարստանան մեր հոգեւոր գիտելիքները, մեծապէս կը լուսաւորուի մեր միտքն ու հոգին։

Այս պահուն կ’ուզենք ըսել, որ Խաչը Աստուծոյ լոյսն է մեր կեանքի մէջ: Խաչին խորհուրդով ապրիլ՝ կը նշանակէ Աստուծոյ հետ ապրիլ, լոյսի ճանապարհէն քայլել, լուսաւորել մարդկանց կեանքը: Խաչի խորհուրդով ապրուած անհատին կեանքը լուսաւոր է, ընտանեկան կեանքը հզօր է, ազգի կեանքը յաւէրժական է: Արդարեւ, Գէորգ Սարկաւագը մեզ կը հրամցնէ «առաքելական դաւանանքի խոստովանութեան»՝ խաչակնքումի հոգեւոր ծալքերը, աստուածաբանական մեկնումները, որոնցով լուսաւորուած՝ աղօթելիս խաչակնքելով մշտապէս մեր հայեացքն ուղղենք առ Աստուած՝ «յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ»։

Սիրելի՛ Հաւատաւոր զաւակներ, ճաշակեցէ՛ք այստեղ ի մի բերուած հիւթեղ պատգամներն ու մեկնաբանութիւնները, եւ լուսաւորեցէ՛ք Ձեր հոգին Սուրբ Խաչի յաւէրժական խորհուրդով»։

Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի

By:Dn. Gevork Gevorkian
Genre:Religious
Language:Armenian
Number Of Pages:89
Publisher:Red Point Publication - Yerevan