
Վաւերագրական Ֆիլմի Ցուցադրութիւն Ցեղասպանութեան Եւ Արցախեան 44 Օրուայ Պատերազմին նուիրուած
Հեղինակ` ՄԱՆՕ ՊԱՀՉԷՃԵԱՆ
Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Սրբազան Տէրտէրեանի՝ կազմակերպութեամբ՝ «Զուարթնոց» Մշակութային Միութեան Յանձնախումբի եւ Լոս Անճլոսի շրջանի Թէքէեան Մշակութային Միութեան՝, Հինգշաբթի, Ապրիլ 9-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ Արմէն Համբար սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան եւ Արցախեան պատերազմի նուիրուած վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւն:
Ներկայացուած ֆիլմի հեղինակն էր Մանօ Պահչէճեան ,որ իր ստեղծագործութեամբ հանդիսատեսի ներկայացուց հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան եւ Արցախեան պատերազմի՝ 44 օրուայ դառն ու ճգնաժամային էջերը՝ ընդգծելով հայ ժողովուրդի յիշողութեան եւ գոյապայքարի կարեւորութիւնը:
Առաջնորդադանի Զուարթնոց Մշակութային Յանձնախումբի ժրաջան ատենապետ Տօքթ. Սիմոն Սիմոնեան , ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք, իր բացման խօսքին մէջ նշեց թէ «Զուարթնոց » մշակութային միութեան Յանձնախումբը իր տասնհինգամեայ գործունէութեան ընթացքին հաւատարիմ մնալով իր հիմնարդութեան սկզբունքներուն եւ առաքելութեան ,կազմակերպած է բազմաթիւ գրական մշակութային եւ երաժշտական բազմաբնոյթ ձեռնարկներ,որոնք նշանակալի ներդրում ունեցած են միութեան պատմութեան էջերուն կերտման մէջ։ Տօքթ. Սիմոնեան հակիրճ ձեւով ներկայացուց ֆիլմի հեղինակ՝ Մանօ Պահչէճեան կենսագրականը նշելով թէ Մանօ պահչէճեան Ամերիկահայ վաւերագրական ֆիլմարտադրող, լրագրողեւ պատմաբան է: Ծնած է Լոս Անճելոս, մասնագիտացած է լրագրութեան եւ հետեւած ժողովրդական մշակոյթի ուսումնասիրութեան:
2022-ին փոխադրուած է New York իր բարձրագոյն ուսումը շարունակելու նպատակաւ New York համալսարանի -ի Artur.L Carter journalism University -ին մէջ ,ուր աւարտած է ստանալով լրագրութեան մագիստրոսի աստիճան:
«Endless Exille» վաւերագրական ֆիլմը եղած է անոր մագիստրոսական թեզի նախագիծը : Յիշեալ շարժապատկերով հեղինակը ժամանակի նկուղին մէջէն անցնելով գեղարուեստական կերպով վերարծրածած է անցեալի եւ ներկայի զուգահեռ ընթացող հայ ժողովուրդի դառն ճակատագիրը:
Տօքթ. Սիմոնեան ետքը բեմ հրաւիրեց օր. Անի մարսէլեանը՝ որպէսզի Վահան թէքէեանի «Պիտի Իյնաք» եւ «Աղօթք Վաղուան Սեմին Առջեւ»ընտիր քերթուածներու ընթերցմամբ՝ խորացնէ օրուան նիւթին խորհուրդը:
Մարսէլեանի ապրումով ընթերցուած թէքէեանի գործերու այս համադրումը օրուան խորհուրդին ամբողջականութիւն եւ ամբողջացում մը տուաւ ստեղծելով գաղափարական ներդաշնակութիւն:
Ապա բեմ բարձրացաւ ֆիլմի հեղինակ Մանօ Պահչէճեան, ան իր խօսքին մէջ նշեց թէ մեծ մօր պատմութիւնները խորապէս ազդած են իր էութեան վրայ խթան հանդիսանալով այս ծրագրին իրագործման: Պահչէճեան շնորհակալութիւն յայտնեց իր մեծ մօրը որ ներկայ կը գտնուէր սրահին մէջ եւ արտայայտելով իր ապրումները անդրադարձաւ այն ներքին կապին մասին,որ զինք կամրապնդեր իր հայկական արմատներուն եւ կը միացնէ ազգին, հայրենիքին,եւ պատմութեան:
Ետքը տեղի ունեցաւ« Endless Exile» ֆիլմի ցուցադրութիւնը: Ֆիլմը կեդրոնացած էր ցեղասպանութեան արհաւիրքներուն եւ Արցախեան պատերազմի ծանր հետեւանքներուն վրայ՝ ներկայացնելով մարդկային ճակատագիրներ,կորուստի ու տոկունութեան պատմութիւններ:
Ուշագրաւ էր հեղինակին մեծ մօր վկայութիւնը, որ կենդանի կերպով կը փոխանցէր անցեալի տառապանքներն ու վերապրումի ուժը:
Հեղինակ Մանօ Պահչէճեան իր այս շարժապատկերով հանդիսատեսին փոխանցեց յուզիչ ու ազդեցիկ պատգամ մը:
Հարկ է նշել թէ« Endless Exile» Վաւերագրական ֆիլմը մեծ արձագանգ գտած է միջազգային կինոաշխարհին մէջ, մաս կազմելով բազմաթիւ հեղինակաւոր փառատօններու ցանկին: Մասնավորապէս, Silicon Beach -ի կինոփառատօնին եւ Social Relevant միջազգային փառատօնին, ուր արժանացած է թէ՛ մասնագէտներու եւ թէ՛ հանդիսատեսի բարձր գնահատանքին :
Նշեալ փառատօնին ընթացքին ֆիլմը պարգեւատրուած է «Քըրք Գրիգորեանի» «Հայերը կինոաշխարհի մէջ» պատուաւոր մրցանակով, որ կը վկայէ անոր գեղարուեստական արժէքին եւ մշակութային նշանակութեան մասին:
Ցեղասպանութեան եւ Արցախի քառասունչորս օրուայ պատերազմի ողբեգրական իրադարձութիւնները ներկայացնող այս վաւերագրական շարժապատկերը խոր ազդեցութիւն գործեց ներկաներուն վրա՝ զանոնք համակելով յուզումնալից եւ ներհուն ապրումներով:
Ցուցադրութենէ ետք կազմակերպուեցաւ հարց ու պատասխան՝ուր ներկաները փոխանակեցին իրենց դիտարկումներն ու տպաւորութիւնները հեղինակին յայտնելով իրենց գնահատանքը եւ մաղթելով ստեղծագործական նորանոր նուաճումներ:
Աւարտին գերաշնորհ Սրբազան Յովնան Տէրտէրեան շնորհակալութիւն յայտնեց ֆիլմի հեղինակ Մանօ պահչէճեանին՝ ընդգծելով , թէ այս գործը անոր մեծ մօր ուղղուած արժէքաւոր ու խորիմաստ նուէր մըն է , ապա իր օրհնութեամբ եւ պահպանիչով եզրափակեց հանդիսութիւնը:
Անի Մարսէլեան