ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ․ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ՝ ԱՆԱՊԱՏԻ ՍՈՒՐԲ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐ ՀՈՎԻՒԻ՝ ԲԱՐԵՇՆՈՐՀ ԳԷՈՐԳ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ԳԷՈՐԳԵԱՆ ՀՈԳԵԲՈՅՐ ԳԻՐՔԵՐԸ ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ․ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ՝ ԱՆԱՊԱՏԻ ՍՈՒՐԲ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐ ՀՈՎԻՒԻ՝ ԲԱՐԵՇՆՈՐՀ ԳԷՈՐԳ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ԳԷՈՐԳԵԱՆ ՀՈԳԵԲՈՅՐ ԳԻՐՔԵՐԸ- Western Diocese of the Armenian Church

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
16 April 2026
DEMIRGIAN SCHOLARSHIP.

ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ․ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ՝ ԱՆԱՊԱՏԻ ՍՈՒՐԲ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐ ՀՈՎԻՒԻ՝ ԲԱՐԵՇՆՈՐՀ ԳԷՈՐԳ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ԳԷՈՐԳԵԱՆ ՀՈԳԵԲՈՅՐ ԳԻՐՔԵՐԸ
Published - 15 April 2026

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի հովանաւորութեամբ կրօնական, հոգեւոր, ծիսական կամ դաստիարակչական հրատարակութիւնները կը միտին հոգեկան եւ իմացական բաւարարութիւն տալ բոլոր տարիքներուն, մանուկներէն մինչեւ տարեցները, իւրաքանչիւր գիրք ինք իր մէջ բովանդակելով տարբեր ճաշակ մը, նոր պատգամ ուղղուած ընթերցողին, խրախուսելով, համեմելով իմաստաւորելով անոր կեանքը:

Ուրախութեամբ կու գանք յայտնելու, որ օրհնութեամբ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Թեմակալ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի, ի շարս հարիւրաւոր գիրքերու, անցնող տարիներուն Սրբազան Հօր օրհնութեամբ տարբեր հրատարակութիւններով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմէն ներս լոյս ընծայուեցան նաեւ Անապատի Սուրբ Կարապետ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Մատակարար Հովիւ՝ Բարեշնորհ Գէորգ Սարկաւագ Գէորգեանի կրօնաբոյր բազմաթիւ աշխատասիրութիւնները, որոնք  կը հարստացնեն Թեմի հոգեւոր գրականութեան անդաստանը եւ լուսաբանական պատասխաններ կու տան հաւատացեալը յուզող բազմաթիւ խորքային հարցերու։ Ստորեւ կը ներկայացնեն իւրաքանչիւր գիրքի համառօտ  բովանդակութիւնը։

 

«Աստուածաշունչի մէջ ո՞ւր է գրուած»

“Where is it written in the Bible?”

(Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, 2010)

Հոգեւոր զարթնումի բաղձանքով լուրջ աշխատասիրութիւն մըն է սոյն հատորը` լուսաբանելու եւ ճշմարիտ հաւատքի առաջնորդելու համար շփոթութեան ու մոլորութեան մատնուած Լուսաւորչի հոգեւոր զաւակները՝ հիմնուած Աստուածաշունչի եւ սրբազան աւանդութեան վրայ, հարուստ աստուածաբանական, հայրաբանական ու պատմական տուեալներով: Խիստ օգտակար պիտի հանդիսանայ այս գիրքին ընթերցումը բոլորին եւ առհասարակ կրօնական նիւթերով հետաքրքրուող անհատներուն համար, մեծ պակաս մը լեցնելով եւ ուսանելի տեղեկութիւններ հայթայթելով հայ ընտանիքին համար։

«Աստուածաշնչի մէջ որտե՞ղ է գրուած» գիրքին երկրորդ՝ յաւելումներով հրատարակութիւնը լոյս տեսաւ արեւելահայերէնով՝ 2015 թուականին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։

 

«Մխիթարութիւն սգաւորներուն եւ յուսադրութիւն վշտահարներուն»

“Comfort to the mourners and hope to the afflicted”

(Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, 2011)

Սոյն գիրքը հաւատացեալին մանրակրկիտ պատասխաններ կը հայթայթէ մահուան վերաբերեալ հարցերուն մասին, տալով յստակ ցուցմունքներ կամ լուսաբանութիւններ, թէ՝ ինչպէս պէտք է մխիթարել սիրելիներ կորսնցուցած սգաւորները։ Այս գիրքը օգտակար ձեռնարկ մըն  է անոնց համար, որոնք հարազատի կամ բարեկամի մը մահուան ստուերի հովիտին ու անդենական աշխարհ անցնելու կեանքի վերջին փուլին կը գտնուին եւ կարիքն ունին հոգեւոր ուղեկցութեան։

«Մխիթարութիւն սգաւորներին եւ յուսադրութիւն վշտահարներին»  գիրքին երկրորդ հրատարակութիւնը լոյս տեսաւ արեւելահայերէնով՝ 2015 թուականին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:

 

«Հայր մեր»-ի մեկնութիւնները ըստ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացու”

“Our Father” commentaries according to St. Gregory of Datev”  

(Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, 2012)

 

Գիրքը կը ներկայացնէ 14-րդ դարու Հայ Եկեղեցւոյ հայրերէն՝ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի «Հայր Մեր»ի մեկնութիւնները։ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի Տէրունական աղօթքի իւրաքանչիւր բառի մեկնաբանութիւնը կը կատարէ, օգնելու ընթերցողը անկէ բխող պատգամներն ու ուսուցումները կիրառելու կենդանի կեաքով եւ աւելի մտերիմ յարաբերութիւններ ստողծոլեւ թէ՛ իր նմանին եւ թէ իր երկնաւոր Հօր եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հետ:

 

«Քրիստոնէական քննական տեսութիւն դիակիզման մերժումի մասին»

“Examination of the Christian rejection of cremation”

(Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, 2013)

 

Գիրքը կը ներկայացնէ դիակիզման խնդրի նկատմամբ քրիստոնէական աւանդական մօտեցումը, ցոյց տալով դիակիզման հակաաստուածաշնչային դրսեւորումը, որ խորքին մէջ արմատաւորուած է մարմնի հանդէպ հեթանոսական հակակրանքով: Քրիստոնէական թաղման աւանդութիւնը հաստատուած է Տէր Յիսուսի օրինակին վրայ, որու մարմինը երկիւղածութեամբ ու մեծ պատուով թաղուեցաւ եւ երրորդ օրը յարութիւն առաւ։ Նոյն յարութեան յոյսով հանգուցեալի մարմինը եկեղեցական արարողութեամբ եւ յատուկ աղօթէքներով պէտք է յաձնել հողին, հայցելով Աստուծոյ ողորմութիւնը, մեղքերու քաւութիւնը եւ յաւիտենական կեանքը։

 

«Քրիստոնէական քննական տեսութիւն դիակիզման մերժման մասին»  գիրքին երկրորդ հրատարակութիւնը լոյս տեսաւ արեւելահայերէնով՝ 2016 թուականին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնոի մէջ:

 

“How to forgive the offense? St. John Chrysostom” (Selected Homilies)  

(Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, 2014)

 

Ինչպէ՞ս հանդուրժել եւ ներել ուրիշներու թերութիւնները եւ սխալները: Ինչպէ՞ս յաղթահարել մեր բարկութեան եւ Աստուծոյ նմանութեամբ ներում շնորհել մեր հանդէպ մեղք գործողներուն եւ հաշտուիլ անոնց հետ։ Ներումի մասին այս եւ նմանատիպ հարցումները կը կարդանք 4-րդ դարու Եկեղեցւոյ հայրերէն Սուրբ Յովհան Սոկեբերանի հրաշալի քարոզներուն մէջ, որոնց բացատրութիւնները կը գտնենք անգլերէն եւ ռուսերէն լեզուներով գրուած Բարեշնորհ Գէորգ Սարկաւագ Գէորգեանի հատորներուն մէջ։ Հեղինակը ընթերցողին կը հրամցնէ բունջ մը քաղուացքներ Սուրբ Ոսկեբերանի քարոզներէն, որոնք կեդրանացած են նմանը ներելու գաղափարին շուրջ։

 

“Как  простить  обиду”

“How to forgive the offense? St. John Chrysostom”

 

Գիրքի երկրորդ հրատարակութիւնը լոյս տեսաւ ռուսերէնով՝ 2014 թուականին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։

 

“Կինը Նոր Ուխտի Եկեղեցում”

“Women in the Church of the New Covenant”

(Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, 2017)

 

Գիրքի նպատակն է բացատրել կնոջ ընկալումն ու դերը եկեղեցւոյ մէջ, որպէս սկզբնաղբիւր վերցնելով ընտանիքի եւ կնոջ դերի վերաբերեալ սուրբգրային պարզաբանումները: Գիրքը կ՛անրադառնայ մեր օրերու նոր երեւոյթներուն, ինչպէս քրիստոնէական ֆէմինիզմին, ուր կը քննարկուին ժամանակակից մարտահրաւէրներուն դէմ հանդէպ կանանց ամուսնական եւ ընկերային ու համայնքային յարաբերութիւններուն, հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու պահպանման ու կենսաւորման ոլորտներէն ներս։

 

«Հելոուինը՝ զուարճա՞նք, թէ՞ դիւապաշտութիւն»

“Halloween, fun or devilishness?”

(Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, 2018)

 

Այս գիրքը պատասխան մըն է շատերուս կողմէ բարձրացուած հետեւեալ հարցումերուն․ ՛Արդեօ՞ք քրիստոնեաները պէտք է տօնեն Հելոուինը եւ ինչպէ՞ս պէտք է արձագանքել անոր՛: ՛Հնարաւո՞ր է, որ քրիստոնեաները տօնեն Հելոուինը առանց իրենց հաւատքը խախտելու՛: ՛Արդեօ՞ք Սուրբ Գիրքին մէջ որեւէ յիշատակութիւն կայ այն մասին, որ քրիստոնեան կարող է տօնել Հելոուինը՛: Որո՞նք են Հելոուինի չարիքները եւ ի՞նչպէս պարտի վարուիլ քրիստոնեան այդ տօնին հետ՛։ Գիրքը լայն լուսաբանութիւններ եւ պատասխաններ կու տայ տօնի վերաբերեալ բազմաթիւ հարցումներու ու խնդիրներու։

 

«Ինչի՞ մասին են լռում մասոնները․ Մասոնական կրօնաւորութեան գաղտնիքները»

(«Մեկնարկ», ՍՊՀ-ի տպարան, Երեւան, 2021)

Շատեր հետաքրքրուած են թէ ի՞նչ է մասոնութիւնը, որ կը մնայ թաքնուած փակ դռներու ետին։ Արդեօ՞ք մասոնութիւնը կրօն է, եւ եթէ կրօն է, ապա ինչպէ՞ս է ան առընչուած քրիստոնէական հաւատքին հետ եւ ի՞նչ կը սովորեցնէ Յիսուս Քրիստոսի, փրկութեան եւ հանդերձեալ կեանքի մասին: Արդեօ՞ք ընդունելի է, որ քրիստոնեան անդամակցի մասոնութեան: Ի՞նչ կը նշանակեն մասոնական խորհրդանիշները եւ ինչո՞ւ որոշ մարդիկ կը պնդեն ըսելով, թէ՝ մասոնութիւնը կրօն չէ, մինչդեռ մասոնական ամենահեղինակաւոր աղբիւրները կը հաստատեն հակառակը՝ ըսելով, թէ՝ մասոնութիւնը կրօն է: Գիրքը կը պատասխանէ այս եւ բազմաթիւ հարցերու մասոնութեան մասին։

 

«Ընդդէմ նրանց, ովքեր գայթակղում են ամբարիշտների բարեկեցութեան եւ զայրանում արդարների դժբախտութեան համար»  

(«Մեկնարկ», ՍՊՀ-ի տպարան, Երեւան, 2021)

 

Բարեշնորհ Գէորգ Սրկ. Գէորգեանի սոյն գիրքի մէջ ներկայացուած խորհրդածութիւնները պատասխաններ կը յղեն մտահոգ հաւատացեալներուն, որոնք իրենց միտքը չարչրկող բազմաթիւ կրօնական հարցերուն շուրջ պատասխաններ կ՛որոնեն: Հեղինակը իր աշխատութեամբ ընթերցողին միտքն ու հոգին կը լուսաւորէ Աստուծոյ խօսքով, մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ Հայրերու պատգամներով ու իմաստալից պատմուածքներով:

 

«Գլխաշոր գործածելու խորհրդաբանութիւնը»

(«Մեկնարկ», ՍՊՀ-ի տպարան, Երեւան, 2022)

 

Ցաւ ի սիրտ եկեղեցւոյ մէջ գլխաշոր (նաեւ ծանօթ քօղ կամ շղարշ անուններով) գործածելու աւանդութիւնը կամաց-կամաց կորսնցուցած է իր գործածութիւնը, բարեպաշտական իր նշանակութիւնն ու խորհուրդը: Թէեւ մեր Եկեղեցւոյ հաւատացեալներէն շատեր կը յարգեն Աւետարանական այդ աւանդութիւնը, սակայն ուրիշներ չհասկնալով անոր իմաստն ու խորհուրդը, կը դժուարանան գլխաշորով  իրենց գլուխը ծածկել եւ այդպէս ներկայանալ Արարիչին։ Սոյն գիրքը կը մեկնաբանէ Պօղոս Առաքեալի Կորնթացիներուն ուղղուած առաջին նամակի 11-րդ գլխու 1-16 համարները՝ ուր մանրամասնօրէն կը վերլուծուին գլխաշոր գործածելու պարտաւորութեան իմաստն ու գլխաւոր պատճառները։

 

«Ի՞նչ են հանգուցեալի յիշատակութեան օրերի իմաստները»  

“What is the meaning of the remembrance days for the dead?”  

(Պըրբանք, 2022)

 

Սոյն գիրքը կը բացատրէ, թէ՝  ինչու մեռեալի մը թաղման

արարողութեան երկրորդ օրը նախ կանայք պէտք է գան գերեզման եւ յետոյ տղամարդիկ, աղօթելու եւ յարութեան յոյսով հոգեպէս ուրախանալու, ինչպէս որ իւղաբեր կանայք նախ իրենք եկան գերեզման ու մեծ ցնծութեամբ տեսան յարուցեալ Քրիստոսը, եւ ապա առաքեալները: Գէորգ Սարկաւագ Գէորգեան իր լուսաբանութիւնները կը հիմնաւորէ Սուրբ Գրոց աղբիւրներու եւ Եկեղեցւոյ Հայրերու եւ մանաւանդ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի աստուածաբանական մտածողութեան վրայ։

 

«Եկեղեցի յաճախելու վարուելակարգը»

“Church attendance conduct” 

(Պըրբանք, 2022)

 

Իւրաքանչիւր քրիստոնեայի պարտքն է յաճախել եկեղեցի, յատկապէս կիրակի եւ տօնական օրերուն՝ մասնակցելու Սուրբ Պատարագի արարողութեանց: Եկեղեցինՙ «Աղօթքի տուն» է, եւ խիստ կարեւոր է համապատասխան վարքագծի կանոններու պահպանումը: Այս կարեւոր հրատարակութիւնը լուսարձակի տակ կ՛առնէ եկեղեցիէն ներս կարգապահութիւնը յարգելու, հոգեւոր մթնոլորտը պահպանելու եւ ծիսական արարողութիւնը վայելելու կարեւորութիւնը։

 

Ինչո՞ւ ենք քահանային կոչում «հայր»

“Why do we call a priest “father?”

(Red Point, ՍՊՀ տպարան, Երեւան, 2024)

 

Գիրքի բովանդակութեան մէջ հեղինակը կը բացատրէ, թէ հոգեւորականը իր կոչումը ստացած Աստուծմէ՝ ծառայելու եւ Աւետարանի լոյսը տարածելու իրեն վստահուած ժողովուրդին։ Հետեւաբար, հոգեւորականը նուիրումի կեանքով ապրող այն անձն է, որ բոլորի համար հայր է ու սպասաւոր։ Հեղինակին Սուրբ Գրային գիտելիքները եւ հոգեւոր ապրումներն ու խոր հաւատքը յիրաւի վարակիչ են, իսկ փաստարկումները համոզուածութիւն կը փոխանցեն ընթերցողին։

 

«Ինչո՞ւ ենք Եկեղեցում մոմ վառում»

“Why do we light a candle in the Church”  

(Red Point LLC, Երեւան, 2023)

Սոյն գրքոյկը Եկեղեցւոյ մոմավառութեան հոգեւոր եւ խորհրդանշանային իմաստներու մասին մանրակրկիտ պատասխաններ կու տայ։ Ինչո՞ւ մոմ կը վառենք եկեղեցւոյ մէջ․ այս հարցը իր զանազան դրսեւորումներով մշտապէս կ’արծարծուի եկեղեցի յաճախողներու կողմէ, եւ հոգեւոր սպասաւորը պարտականութիւն ունի լուսաբանելու անոր հոգեւոր հայեցակէտը՝ սկսելով սուրբգրային պատգամով. «Քու խօսքդ ճրագ է իմ ոտքերուս...» (Սղմ. 119.105)։ Կասկած չկայ, որ գրքոյկի էջերուն մէջ ներկայացուած ծանօթացումները շատ օգտակար պիտի ըլլան մեր հաւատացեալներուն՝ զանոնք լուսաւորելու, «Քրիստոսի Լոյսին մէջ» քալելու տեսակէտէն:

 

«Հարցեր Մկրտութեան մասին»

“Questions about Baptism”

(Red Point LLC, Երեւան, 2023)

Սոյն գիրքի աշխատութեան բովանդակութեան մէջ ներկայացուող հարց ու պատասխանի ձեւով մեկնողական հատուածները յենուած են Սուրբ Գիրքի եւ Եկեղեցւոյ Հայրերու յաւիտենական ճշմարտութիւններու վրայ, կատարելով պարզաբանումներ քրիստոնէական Սրբազան Խորհուրդներէն՝ Սուրբ Մկրտութեան մասին։ Մկրտութեան խորհուրդի ճամբով եկեղեցի ներկայացող մանուկը կամ երիտասարդը ջուրի լուացումով եւ Սուրբ Միւռոնի օծութեամբ կը դառնայ որդեգիր Աստուծոյ եւ անդամ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ։

 

«Ինչո՞ւ ենք խաչակնքում»

“Why do we cross ourselves?”

(Red Point LLC, Երեւան, 2024)

Այս գիրքի ճամբով հաւատացեալը իրազեկ կը դառնայ Սուրբ Խաչի խորհուրդի եւ խաչակնքումի իմաստի մասին եւ կը ծանօթանայ Սուրբ Հայրերի մեկնութիւններուն, Սուրբ Խաչի բազմազան դրսեւորումներուն եւ վկայութիւններուն, հարստացնելով մեր հոգեւոր գիտելիքները եւ լուսաւորելով մեր միտքն ու հոգին։ Արդարեւ, Գէորգ Սարկաւագը Գէորգեան մեզի կը հրամցնէ «առաքելական դաւանանքի խոստովանութեան»՝ խաչակնքումի հոգեւոր ծալքերը եւ աստուածաբանական մեկնումները։

 

«Բարեխօսութեան Վարդապետութիւնը եւ ննջեցեալների համար աղօթքները»

“The Doctrine of Intercession and Prayers for Those Who Have Fallen Asleep”

(Red Point LLC, Երեւան, 2025)

 

Այս գիրքին մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ եւ կը հիմնաւորէ այն մեծարժէք ճշմարտութիւնը, թէ՝ ինչպէս հաւատացեալը սուրբերուն բարեխօսութեամբ կը բժշկուի իր հիւանդութիւններէն եւ կ’առաջնորդուի դէպի Աստուած։ Քրիստոսի համբարձումէն ետք Անոր աշակերտները բազմաթիւ հրաշքներ եւ բժշկութիւններ գործեցին՝ բացայայտելով Աստուծոյ կողմէ անոնց տրուած հիւանդները բուժելու եւ մարդկութեան շնորհներ բաշխելու կարողութիւնն ու զօրութիւնը։ Սուրբերու բարեխօսութեան մասին Հին եւ Նոր Կտակարանեան վկայութիւնները եւ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը կու գան հաստատելու, որ Աստուած մարդկութեան տուած է այնպիսի սուրբեր, որոնք ո՛չ միայն աղօթողներ կամ ճգնաւորներ են եղած, այլեւ մեծ բարեխօսներ հանդիսացած՝ Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ:

 

«Պապն ու Շաղգամը․ Հէքիաթի քրիստոնէական իմաստը»

(Red Point LLC, Երեւան, 2025)

 

Այս պատմութիւնը թէեւ կարճ եւ դիւրըմբռնելի է ընթերցողին համար եւ ուղղուած է առաւելաբար մանուկներուն, սակայն շնորհիւ Գէորգ Սարկաւագ Գէորգեանի աստուածատուր շնորհներուն, Աւետարանական ճշմարտութիւններու ճիշդ ձեւով ընկալումին եւ առողջ վերլուծումներուն, յաջողած է մանկապատանեկան այս պարզ առակը քրիստոնէական հաւատքի ճանաչողութեան գեղեցիկ միջոցի ու ազդակի մը վերածել: Ինչպէս Քրիստոսի բոլոր առակները, այս պարզ առակն ալ իր աւարտին ընկերսիրութեան, հաշտութեան, միասնականութեան, հաւաքական աշխատանքի եւ յաջողութեան պատգամներ կը փոխանցէ, որքան մանուկին, նոյնքան եւս առաւել չափահաս ընթերցողին:

 

«Հաւատք, գործեր եւ Եկեղեցի՝ փրկութեան եռալարը»

“Faith, Works, and the Church: The Threefold Bond of Salvation”

(Red Point LLC, Երեւան, 2026)

Հեղինակը կը նկարագրէ, թէ՝ փրկութեան հասնելու համար հաւատացեալը իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին պարտի ինքզինք զինել հաւատքով, իր հաւատալիքները արդարացնել բարի գործերով եւ գործօն անդամ դառնալ Քրիստոսի կենդանի Եկեղեցւոյ, որ սկիզբէն պահապանը եղաւ այդ հաւաքին եւ խօսքով, գործով, վկայութեամբ ու նահատակութեամբ Աւետարանը քարոզեց եւ որպէս Մայր՝ սէր,գուրգուրանք եւ հոգեւոր սնունդ ջամբեց իր հետեւորդներուն։

 

“Why is the icon of the blessed virgin and the divine child placed above the holy table?” 

(Red Point LLC, Երեւան, 2026)

 

Սոյն փոքրիկ գործը ծնուել է աղօթական խոկումից՝ Սուրբ Սեղանի առջեւ, որտեղ Սուրբ Կոյս Մարիամի՝ Աստուածամօր սրբազան պատկերը, իր գրկում՝ Մանկան Յիսուսը, լռութեամբ խօսում է իւրաքանչիւր հաւատացեալի սրտին։ Հայ Առաքելական Եկեղեցում Սուրբ Սեղանի վերեւում գտնուող այս պատկերը պարզ զարդարանք չէ, այլ մարմնաւորման խորհրդի կենդանի դաւանութիւն եւ Աւետարանի լուռ հռչակում։ Այս խորհրդածութեանց նպատակը է՝ օգնել ընթերցողին անցանել զսրբապատկերի արտաքին գեղեցկութենէն անդին եւ մօտենալ աւելի խորապէս անոր աստուածաբանական, ծիսական եւ հոգեւոր իմաստին։ Սրբուհի Աստուածածինը, որ գրկին մէջ կը պահէ զՔրիստոս եւ կը կանգնի ի վերայ Սուրբ Սեղանին, մեզ կը յայտնէ երկնքի եւ երկրի միութիւնը, աստուածային շնորհի մերձաւորութիւնը եւ նոյն Տիրոջ կենդանի ներկայութիւնը, որ մի ժամանակ մարմին առաւ ի անապական արգանդէ անոր, եւ որ այժմ իւրաքանչիւր Սուրբ Պատարագի մէջ կը նուիրէ զԻնք ի վերայ Սուրբ Սեղանին։

 

“The Lord’s Prayer through the Voice of the Church Fathers”

(Hub Publisher, USA, 2025)

Այս գիրքը հրաւէր է՝ վերագտնելու Տէրունական աղօթքը ոչ միայն որպէս արտասանուող բառեր, այլ որպէս կենդանի ճանապարհ՝ դէպի Աստծու հետ հաղորդութիւն։ Եկեղեցու Սուրբ Հայրերի իմաստութեան միջոցով աղօթքի իւրաքանչիւր խնդրանք բացւում է որպէս մի նոր աստիճան՝ դէպի Քրիստոսի խորհուրդը, կերպաւորելով մեր սիրտը, նորոգելով մեր միտքը եւ մօտեցնելով մեզ Հօր։ Թող այս խորհրդածութիւնները օգնեն ձեզ՝ աւելի գիտակից աղօթելու, աւելի հաւատարիմ ապրելու եւ Աստծու ներկայութիւնը զգալու այս սրբազան աղօթքի իւրաքանչիւր բառի մէջ։ Քանզի երբ մենք աղօթում ենք այնպէս, ինչպէս Քրիստոս սովորեցրեց, սկսում ենք նաեւ ապրել այնպէս, ինչպէս Նա ապրեց՝ միացած Հօր, առաջնորդուած Սուրբ Հոգով եւ վերափոխուած աստուածային շնորհով։

«Բուրվառի  լուռ քարոզը հայ եկեղեցում․Երբ խունկը խօսում է»

“The Silent Sermon of the Censer in the Armenian Church: When Incense Speaks”

(Red Point LLC, Երեւան, 2026)

 

Այս գիրքը բուրվառի խոր խորհրդաբանութեան լուսաւոր մեկնութիւնն է՝ բացայայտելով անոր անբառ պատգամը Հայ Եկեղեցու ծիսական կեանքին մէջ։ Հեղինակը կը ցուցադրէ, թէ ինչպէս խունկը, ծուխը, կրակը եւ շարժումը կը վերածուին կենդանի աղօթքի, ապաշխարութեան կանչի եւ Աստուծոյ ներկայութեան զգալի վկայութեան։ Գիրքը կը բացատրէ նաեւ, թէ ինչպէս այս սրբազան խորհրդանիշը դարերու ընթացքին եղած է հաւատացեալին հոգին դէպի երկինք բարձրացնող միջոց՝ յիշեցնելով աղօթքի բարձրացումը եւ սրտի մաքրութեան անհրաժեշտութիւնը։ Ան կը հրաւիրէ ընթերցողը նոր աչքով դիտելու եկեղեցական ծէսերը՝ որպէս կենդանի եւ ներգործող իրականութիւններ, այլ ոչ միայն արտաքին արարողութիւններ։ Այս էջերը կոչ մըն են՝ վերարթնցնելու հոգեւոր զգայունութիւնը, խորացնելու աղօթքը եւ աւելի գիտակցաբար մասնակցելու Սուրբ Պատարագին։ Անոնք կը մղեն մարդուն՝ մտնելու ներքին լռութեան մէջ, ուր Աստուծոյ ձայնը կը լսուի աւելի յստակ։ Այս գիրքը հրաւէր մըն է՝ անցնելու արտաքին ծէսէն անդին եւ մուտք գործելու անոր հոգեւոր խորքը, որպէսզի աղօթքը դառնայ աւելի գիտակից, սիրտը՝ աւելի մաքուր, եւ կեանքը՝ աւելի սրբագործուած։

 

«Ծխելը մեղ՞ք է․ Ծխելու վնասակարար սովորութիւնը»

“Is Smoking a Sin? The Harmful Habit of Smoking”

(Red Point LLC, Երեւան, 2026)

 

Այս գիքրին մէջ հեղինակը կը պատասխանէ ծխելու մասին զանազան հարցերու․- ինչո՞ւ ծխելը որպէս մեղք կը դիտուի շատերու կողմէ եւ արդեօ՞ք անոր գործածութիւնը բացի մարմնէն նաեւ կը վնասէ հոգին։  Հեղինակը կը փորձէ ցոյց տալ, թէ ինչո՛ւ այս սովորութիւնը շատերու կողմէ կը նկատուի մեղք, եւ ինչպէ՛ս ան կրնայ աստիճանաբար վնասել մարդուն ներաշխարհը, կամքը եւ հոգեւոր զգօնութիւնը։ Գիրքը կը յիշեցնէ, որ քրիստոնեայ հաւատացեալը կոչուած է Աստուծմէ ստացած պարգեւները՝ մարմինն ու հոգին, պահելու մաքուր եւ առողջ, հեռու մնալու վնասակար կիրքերէ եւ իր կեանքը հարստացնելու Աւետարանի լոյսով։

 

«Քշոցի խորհրդաբանութիւնը․ Քշոցը՝ խոչհրդանշական քարոզ առանց խօսքերի»

“The Symbolism of the Flabellum: The Flabellum as a Symbolic Sermon without Words”

(Red Point LLC, Երեւան, 2026)

Այս գիրքը կը բացայայտէ հայ եկեղեցական ծիսական կեանքի մէկ համեստ, բայց խորհրդանշական սպասներէն «քշոց»-ի աստուածաբանական եւ հոգեւոր իմաստը։ Այս աշխատութիւնը ուսումնասիրութիւն մըն ըլլալէ բացի հոգեւոր ուղեցոյց մը է, ուր «քշոց»-ի պարզ պատկերին մէջ կը բացուին Եկեղեցւոյ խորիմաստ պատգամները։ Հեղինակը, համադրելով Սուրբ Գիրքը, հայրաբանական գրականութիւնը եւ Հայ Եկեղեցւոյ ծիսակարգը, իր մաքուր եւ յստակ լեզուով կը յաջողի ընթերցողը մօտեցնել «քշոցի» վերաբերեալ Եկեղեցւոյ աստուածաբանական ծալքերուն, հաւատացեալը հրաւիրելով դէպի ներքին զարթօնք ու հոգեւոր մաքրութիւն։

 

 «Յղիութեան արհեստական ընդհատման յանցանքը․ Անձայն ճիչը՝ մեր խղճի առջեւ»

“The Sin of Abortion: The Silent Cry before Our Conscience”

(Red Point LLC, Երեւան, 2026)

Այս գիրքը խոր հոգեւոր եւ բարոյական անդրադարձ մըն է մարդկային կեանքի սրբութեան մասին՝ սկսեալ բեղմնաւորման առաջին պահէն։ Սուրբ Գրքի, Եկեղեցւոյ Հայրերու, կանոնական աւանդութեան եւ գիտական վկայութիւններու լոյսին տակ, ան կը բացայայտէ յղիութեան արհեստական ընդհատման ողբերգութիւնը, բայց նաեւ կը բանայ ապաշխարութեան, բժշկութեան եւ Աստուծոյ ողորմութեան դուռը։ Այս էջերը հրաւէր մըն են՝ ընտրելու կեանքը, պաշտպանելու անմեղը եւ վերադառնալու ճշմարտութեան ու յոյսի ճանապարհին։

 

«Գնա՞մ, թէ՞ չգնամ Եկեղեցի»

“Should I Go to Church—or Not?”

(Red Point LLC, Երեւան, 2026)

Այս գիրքը խորքային հոգեւոր հրաւէր մըն է՝ ուղղուած իւրաքանչիւրին, որ կը փնտռէ Աստուծոյ ներկայութիւնը իր կեանքին մէջ։ Այս աշխատութեան իւրաքանչիւր էջը կը դառնայ ուղեցոյց՝ Տիրոջ մօտենալու, Անոր կենարար Մարմինն ու Արիւնը ճաշակելու, հաւատքը ամրապնդելու եւ Եկեղեցւոյ անխորտակելի գանձերով հարստանալու ճանապարհին։ Գիրքը կը բացայայտէ այն տարածուած պատճառները եւ երբեմն անտեսանելի խոչընդոտները, որոնք մարդը կը հեռացնեն Աստուծոյ Սեղանէն եւ կը զրկեն կենդանի հաղորդութեան ուրախութենէն։ Միեւնոյն ժամանակ, ան կը վկայէ, թէ միայն Մայր Եկեղեցին է, որ կրնայ վերականգնել մարդկային սրտերը, արթնցնել խիղճը եւ վերանորոգել մարդուն՝ իր աստուածատուր կոչումին մէջ։ Այս գիրքը պարզ ուսուցում մը չէ, այլ կենդանի կոչ՝ վերադառնալու։ Կոչ՝ մօտենալու ոչ միայն Եկեղեցւոյ շեմին, այլեւ Տիրոջ սրտին, ուր կը գտնուի ճշմարիտ խաղաղութիւնը, եւ ուր հոգին կը վերագտնէ իր մշտնջենաւոր տունը։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեան իր քաջալերական խօսքերով միշտ ալ բարձր գնահատէ  եւ քաջալերած է Անապատի Սուրբ Կարապետ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Մատակարար Հովիւ՝ Բարեշնորհ Գէորգ Սարկաւագ Գէորգեանը, որուն գրիչէն են ծնած վերոնշեալ հոգեշունչ աշխատութիւնները։ Հեղինակին բոլոր գիրքերը առիթ կ՛ընծայեն մեր հաւատացեալներուն՝ մաքուր սրտով եւ վաւերական գիտելիքներով լուսաբանուելու եւ կենդանի ու ապրուած կեանքով ու հաւատքով զԱստուած մնայուն ներկայութիւն դարձնելու իրենց կեանքին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը  միաժամանակ կոչ կ՚ուղղէ բոլորին, չափահասին թէ երիտասարդին, առաւելագոյնս օգտուելու քրիստոսաւանդ Աւետարանի պատգամները լուսաբանող ու մեր Եկեղեցւոյ աւանդութիւնները բացատրող այս հատորներէն: Վերջապէս, Բարձրաշնորհ Սրբազանը Թեմի իր զաւակներուն կը յորդորէ ըսելով․- «Ճաշակեցէ՛ք այստեղ ի մի բերուած հիւթեղ պատգամներէն ու մեկնաբանութիւններէն, եւ լուսաւորեցէ՛ք Ձեր հոգին Աւետարանական ու մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ յաւերժական խորհուրդներով»։

Դիւան Առաջնորդարանի

Print