
Տնօրէնութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Թեմի եկեղեցիներուն մէջ հանդիսաւոր շուքով կատարուեցան Աւագ Շաբթուայ սրբազան արարողութիւնները, որոնք կը մարմնաւորեն Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի խորիմաստ եւ սրտաշարժ վերջին հանգրուանները։ Սրբազան Հայրը Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ նախագահեց Աւագ Շաբթուան արարողութիւններուն եւ իր հայրական պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն։
ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ
Աւագ Հինգշաբթին, որ Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական կեանքին մէջ կը կրէ խորախորհուրդ նշանակութիւն մը, կը յիշեցնէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ Սուրբ Հաղորդութեան հաստատումը եւ Իր խոնարհ ծառայութեան օրինակին դրսեւորումը։ Այս սրբազան օրը Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ նշուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւններով՝ համախմբելով մեծաթիւ հաւատացեալներ, որոնք աղօթքով եւ խոկումով մասնակցեցան օրուան հոգեւոր խորհուրդին։
ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ




Արդարեւ, Աւագ Հինգշաբթի 2 Ապրիլի առաւօտը նշանաւորուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով, որուն հանդիսապետեց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանը։ Աւագ Հինգշաբթիի Պատարագը յատուկ տեղ կը գրաւէ Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական կեանքին մէջ, որովհետեւ ան կը յիշատակէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդի հաստատումը Վերնատան մէջ, նախքան Իր մատնութիւնը, խաչելութիւնը եւ մահը։
Պատարագի ընթացքին Սուրբ Խորանէն կարդացուեցաւ Սուրբ Բարսեղ Կեսարացի Հայրապետի «Սուրբ Հաղորդութեան Մասին» ճառը, որ կը բացայայտէ Վերջին Ընթրիքի եւ Սուրբ Հաղորդութեան աստուածաբանական խորհուրդը՝ հրաւիրելով հաւատացեալները ներքին զարթօնքի եւ խոնարհ մասնակցութեան։ Օրուան պատարագիչն էր Արժանապատիւ Տէր Միքայէլ Քահանայ Կիւրեղեանը։ Իսկ պատգամը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանը։
Այս սրբազան արարողութիւնը առիթ դարձաւ հաւատացեալներուն վերանորոգելու իրենց ուխտը Քրիստոսի հետ եւ հաղորդակից դառնալու Իր աստուածային սիրոյն ու զոհողութեան։
ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ ՍՐԲԱԶԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ



Կէսօրէ ետք, Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւնը՝ նախագահութեամբ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։ Արարողութեան մասնակցեցան Կլէնտըլի հայ համայնքի Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Մանուկ Աւագ Քահանայ Մարգարեանը եւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Խաժակ Քահանայ Շահպազեանը, Մայր Տաճարի սարկաւագներն ու դպիրներ։
Ոտնլուայի արարողութեան ընթացքին կարդացուեցան Սուրբ Գրային եւ հայրաբանական գրութիւններէն հատուածներ եւ հնչեցին Ոտնլուայի յատուկ շարականները։ Ապա Սրբազան Հայրը օրհնեց ջուրը եւ իւղը, եւ լուաց դպիրներուն ու մեր ազգի բազմաթիւ զաւակներու ոտքերը՝ վերապրեցնելով մեր Տիրոջ խոնարհութեան եւ ծառայութեան օրինակին խորհուրդը։ Ոտնլուայի արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին քահանայ հայրերը։
Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ ընդգծեց, թէ՝ Ոտնլուայի խորհուրդը մեզի կը յիշեցնէ, որ ճշմարիտ մեծութիւնը կը կայանայ խոնարհ ծառայութեան մէջ։ Ան շեշտեց, որ Քրիստոս Իր աշակերտներուն ոտքերը լուալով մեզի տուաւ սիրոյ եւ անձնուիրումի մեծագոյն դասը, որուն կոչուած ենք հետեւելու մեր կեանքին մէջ։ Սրբազանը հրաւիրեց հաւատացեալները ապրելու փոխադարձ սիրով, խոնարհութեամբ եւ ծառայական ոգիով՝ իրենց դարձնելով կեանքը կենդանի վկայութիւն մը Քրիստոսի ուսուցումներուն։ Ապա Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ փոքրիկներուն համապատասխան պատգամ մը փոխանցեց, գնահատելով անոնց մասնակցութիւնը ոտնլուայի արարողութեան եւ ծնողաց կապուածութիւնը Մայրենի Սուրբ Եկեղեցւոյ։
ԽԱՒԱՐՄԱՆ ԳԻՇԵՐ




Ոտնլուայի արարողութենէն ետք, երեկոյեան ժամերուն տեղի ունեցաւ Խաւարման Գիշերուան խորհրդաւոր արարողութիւնը՝ նախագահութեամբ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։ Արարողութեան ընթացքին ընթերցուեցան Աւետարանական հատուածներ, որոնք կը նկարագրեն մեր Տիրոջ կեանքի վերջին օրերը՝ մատնութիւնը, չարչարանքները, խաչելութիւնը եւ մահը, առաջնորդելով հաւատացեալները դէպի հոգեւոր ներհայեցողութիւն։
Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Աւագ Շաբթուան հոգեւոր ճանապարհորդութեան, ընդգծելով, որ Քրիստոսի կեանքի վերջին օրերը մեզ կը հրաւիրեն արթնութեան եւ աղօթքի։ Ան յատկապէս մէջբերեց Տիրոջ հետեւեալ պատգամը՝ «Արթուն մնացէք եւ աղօթեցէք», որպէս մշտական հրաւէր՝ դիմագրաւելու փորձութիւնները եւ հաստատ մնալու հաւատքի մէջ։
Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ Խաւարման Գիշերը ինքնաճանաչումի եւ հոգեւոր զարթօնքի պահ մըն է, ուր հաւատացեալը կը քննէ իր կեանքը, կը մաքրէ իր ներաշխարհը եւ կը պատրաստուի դիմաւորելու Յարութեան լոյսը։ Սրբազանը հրաւիրեց բոլորը ապրելու Աւետարանի ուսուցումներուն համաձայն, ամրանալու հաւատքով, յոյսով եւ սիրով, եւ իրենց կեանքը դարձնելու խաղաղութեան ու ողորմութեան կենդանի վկայութիւն մը։
Արարողութիւնը աւարտեցաւ «Խաչի Քո Քրիստոս» շարականի երգեցողութեամբ եւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։
ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹ ԿԱՐԳ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԹԱՂՄԱՆ
Աւագ Ուրբաթ, Ապրիլ 3-ի երեկոյեան, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ, երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին, հանդիսապետութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, տեղի ունեցաւ Քրիստոսի թաղման կարգը։ Խորհրդաւոր մթնոլորտի մէջ կատարուած այս սրբազան արարողութիւնը համախմբեց մեծաթիւ հաւատացեալներ, որոնք աղօթքով եւ երկիւղածութեամբ մասնակցեցան Տիրոջ թաղման յիշատակի կարգին։ Արարողութեան ընթացքին եկեղեցւոյ մէջ պատրաստուած խորհրդանշական գերեզմանին առջեւ հնչեցին ողբաձայն շարականներ եւ ընթերցուեցան Սուրբ Գրային հատուածներ։ Հոգեւորականները, սարկաւագներն ու դպիրները խնկարկութիւններով եւ աղօթքներով շրջապատեցին Տիրոջ գերեզմանը, իսկ հաւատացեալները խոնարհութեամբ մօտեցան անոր՝ իրենց յարգանքն աղօթքը մատուցելու մարդկութեան Փրկիչին։
Արարողութեան աւարտին Սրբազան Հայրը հաւատացեալներուն փոխանցեց օրուան խորհուրդը՝ ընդգծելով, թէ Աւագ Ուրբաթը Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ այն նուիրական պահն է, երբ քրիստոնեան միասնական աղօթքով կը կանգնի Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ՝ վերապրելու Անոր խաչելութեան, մահուան եւ թաղման փրկագործ խորհուրդը։ Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ Քրիստոսի թաղումը խաւարի մէջ լոյսի ներթափանցումն է, ուր Աստուածային սէրը կը յաղթահարէ մահուան եւ մարդուն առջեւ կը բանայ Յարութեան արշալոյսը։ Սրբազան Հայրը բոլորը հրաւիրեց ապրելու Աւետարանի կենսատու ճշմարտութիւններով՝ յիշեցնելով Տիրոջ պատգամները սիրոյ, ողորմութեան եւ հաւատքի մասին։ Ան ընդգծեց, որ մարդը կոչուած է ընտրելու լոյսի ճանապարհը, ապրելու Աստուծոյ ներկայութեան մէջ եւ իր կեանքը դարձնելու հաւատքով, յոյսով եւ սիրով լեցուն վկայութիւն մը, յորդորելով, որ իւրաքանչիւր հաւատացեալ, կանգնելով Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ, վերաքննէ իր կեանքը, ձգտի ապաշխարութեան եւ հոգեւոր նորոգութեան, որպէսզի արժանի կերպով պատրաստուի դիմաւորելու Յարութեան լուսաւոր յաղթանակը։
Քրիստոսի Թաղման Կարգը դարձաւ խոր ներհայեցողութեան եւ հոգեւոր զարթօնքի առիթ մը՝ հաւատացեալներուն մէջ հաստատելով այն վստահութիւնը, թէ՝ Տիրոջ խաչն ու գերեզմանը հաւատացեալը մահէն դէպի կեանք եւ խաւարէն դէպի յաւիտենական լոյս կ՛առաջնորդեն։
ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ








Աւագ Շաբաթ, Ապրիլ 4, 2026-ի երեկոյեան, հանդիսապետութեամբ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, մատուցուեցաւ Սուրբ Յարութեան Ճրագալոյցի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ։ Նախքան Սուրբ Պատարագը տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որու ընթացքին Մայր Տաճարի սարկաւագներն ու դպիրները ընթերցեցին օրուան խորհուրդին առնչուող Սուրբ Գրային եւ մարգարէական գիրքերէն հատուածներ։
Պատարագիչն էր Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Խաժակ Քահանայ Շահպազեանը, որ իր քարոզին մէջ հաւատացեալներուն փոխանցեն Սուրբ Յարութեան խորհուրդը։ Ապա Տէր Հայրը ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետի Զատկական Գիրը, ուղղուած Առաջնորդ Սրբազանին։
Սուրբ Պատարագի աւարտին հաւատացեալները վառած մոմեր ի ձեռին ունկնդրեցին Սրբազան Հօր «Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց» Յարութեան աւետումը, որուն պատասխանեցին՝ «Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»։ Տաճարին մէջ տարածուող լոյսը խորհրդանշեց Յարուցեալ Քրիստոսի յաղթանակը եւ անոր լոյսի տարածումը աշխարհի մէջ։ Դպրաց դասն ու հաւատացեալները քաղցրահունչ երգեցողութեամբ փառաբանեցին Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնը՝ լեցնելով Մայր Տաճարը յարութեան ցնծութեամբ։
Սրբազան Հայրը յարութեան աւետումը կատարելէ եւ յարութեան լոյսը ժողովուրդին փոխանցելէ ետք օրհնեց ներկայ բազմութիւնը եւ իր հայրական շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները յայտնեց, մաղթելով, որ Յարուցեալ Քրիստոսի լոյսը լուսաւորէ իւրաքանչիւրի կեանքը եւ զօրացնէ բոլորին հաւատքը։
Սուրբ Պատարագի աւարտին, զատկական շնորհաւորութիւններէ ետք, Առաջնորդ Սրբազանը ի մասնաւորի գնահատանքի արժանացուց Մայր Տաճարի Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Խաժակ Քահանայ Շահպազեանը, «Շնորհալի» Դպրաց Դասն ու սարկաւագները, ինչպէս նաեւ Ծխական Խորհուրդը, Տիկնանց Միութիւնը եւ Մայր Տաճարի յարակից բոլոր մարմինները, իրենց նուիրեալ եւ օրինակելի ծառայութեան համար։
Այսպիսով, Սուրբ Յարութեան Ճրագալոյցի արարողութիւնը վերածուեցաւ հաւատքի, յոյսի եւ հոգեւոր վերանորոգման ցնծալի տօնակատարութեան, յարուցեալ Քրիստոսի լոյսին շուրջ միաւորելով համայնքի զաւակները։
ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ














Կիրակի, 5 Ապրիլ 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10։30-ին, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի բերկրալի ղօղանջներուն ներքոյ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ իր հայրական պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն։
Սուրբ Պատարագին ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի Գլխաւոր Հիւպատոս Ազնուաշուք՝ Տիկին Աննա Աւետիսեանը, Թեմական Խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Տէր եւ Տիկին Տէրիք Ղուկասեանի, Թեմական զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներ, համայքային, մշակութային, կրթական, բարեսիրական եւ մարզական միութիւններու անդամներ, բարերարներ, Մայր Տաճարի նուիրեալ հովանաւորներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։
Սուրբ Պատարագի ընթացքին Սրբազան Հօր առընթերականներն էին՝ Կլէյնտըլի Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Մանուկ Աւագ Քահանայ Մարգարեանը եւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Խաժակ Քահանայ Շահպազեանը։ Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Մայր Տաճարի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Բարեշնորհ Արթիւր Սրկ. Վարդանեանին։
Իր պատգամին մէջ Բարձրաշնորհ Սրբազանը բնաբան ընտրած էր Պօղոս Առաքեալի հետեւեալ խօսքը՝ «Զի մի՛ յանձինս ապաստանիցեմք, այլ յԱստուած որ յարուցանէ զմեռեալս» (Բ Կրնթ. 1.9)։ Սրբազանը ընդգծեց, որ այս պատգամը կը դառնայ ուղեցոյց մեր կեանքին մէջ, որովհետեւ կը յիշեցնէ, թէ Աստուած է մեր կեանքի ճշմարիտ ապաւէն ու ապաստանը, շեշտելով, որ մեր ապահովութիւնը պէտք չէ փնտռենք մեր անձերուն մէջ, այլ Աստուծոյ մէջ, քանզի միայն Ան է, որ մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի լոյս եւ առաւել կեանք։ Սրբազան Հօր բառերով, Քրիստոսի հետ հոգեւոր մեր ճանապարհորդութիւնը կը դառնայ մեր կեանքի իսկական երաշխիքը, որովհետեւ Ան Իր Յարութեան լոյսով կը բացայայտէ Աւետարանին խորիմաստ ճշմարտութիւնները՝ մեզ առաջնորդելով դէպի յարութիւն եւ անմահութիւն։ Սրբազան Հայրը նաեւ ընդգծեց, որ Սուրբ Զատիկը նոր կեանքի սկիզբն է, իսկ Մեծ Պահքի հոգեւոր ճամբան մեզ կը պատրաստէ Յարութեան ուրախութեան, երբ կը վայելենք վաւերական կեանքի յաղթանակի անբացատրելի հոգեւոր ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը։ «Ինչպէս մարմինը կը զգայ քաղցը, նոյնպէս հոգին ալ կը փափաքի Աստուծոյ ներկայութեան, որուն մէջ կը գտնուի ճշմարիտ յագեցումը» ըսաւ Սրբազան Հայրը, յիշեցնելով, որ Տիրոջ յարութիւնը իւրաքանչիւրիս համար հրաւէր է վերածնունդի, եւ նշան՝ փորձութիւններու վրայ յաղթանակի։ Ան հրաւիրեց հաւատացեալները՝ քաջութեամբ, համարձակութեամբ եւ հաւատքով պատասխանելու Յարութեան կոչին՝ ընտանիքի եւ համայնքի կեանքին մէջ արթնութիւն սերմանելով։
Սրբազան Հայրը Տիրոջ յարութիւնը աւետելէ եւ բոլորը շնորհաւորելէ ետք, Զատկական իր պատգամը աւարտեց հետեւեալ բառերով․- «Յարութեան խորհուրդով ապրող մարդը երախտապարտ է Աստուծոյ եւ իր մէջ կը գտնէ ուժը՝ յաղթելու չարին եւ ապրելու Աստուծոյ սիրով։ Յարութեան ոգին կը դառնայ այն ճանապարհը, որ մարդը կ՛առաջնորդէ դէպի յաւիտենական կեանք՝ փրկութեան ճշմարիտ տօնախմբութեամբ»։
Պատարագէն ետք, «Շնորհալի» դպրաց դասը ցնծութեամբ երգեց «Այսօր յարեաւ ի մեռելոց» շարականը, որմէ ետք Սրբազան Հայրը թափօրով ուղղուեցաւ դէպի Մայր Տաճարի «Թրփանջեան» հրապարակ, ուր հաւատացեալները փոխանակեցին Զատկական ջերմ բարեմաղթութիւններ։
Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիները Մեծ Պահոց շրջանի, Ծաղկազարդի, Աւագ Շաբթուայ եւ Սուրբ Յարութեան արարողութիւնները կատարեցին պատշաճ հանդիսաւորութեամբ՝ հաւատարիմ մնալով մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութիւններուն։ Թեմի հոգեւորականներուն շուրջ համախմբուած ծխական կառոյցները, սարկաւագներն ու դպիրները եւ մեր հաւատաւոր ժողովուրդի զաւակները անգամ մը եւս հաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը Աւետարանական ճշմարտութիւններուն եւ Հայ Եկեղեցւոյ ուսուցումներուն, ամբողջական նուիրումով պահպանելու մեր եկեղեցական ու ազգային ժառանգութիւնները, ի խնդիր մեր Հայրենիքի՝ Հայաստանի պետականութեան հզօրացման եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան։
Դիւան Առաջնորդարանի