Տենվէր համայնքի նոր ձեռքբերուած եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ Տենվէր համայնքի նոր ձեռքբերուած եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ- Western Diocese of the Armenian Church

Contact Us: 818-558-7474

NEXT EVENT
09 April 2026
DEMIRGIAN SCHOLARSHIP.

Տենվէր համայնքի նոր ձեռքբերուած եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ
Published - 8 April 2026

Ի գիտութիւն մեր ազնիւ ժողովուրդին ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ՝ Քոլորատոյի Տենվերի հայ համայնքը, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի տնօրինութեամբ եւ Թեմական ու տեղւոյն ծխական խորհուրդի համագործակցութեամբ, յաջողապէս իրագործեց սեփական եկեղեցւոյ կառուցման համար նախատեսուած կալուածի ձեռքբերման ծրագիրը։ Եկեղեցւոյ կողքին շինարարական ծրագիրը իր մէջ կ՛ընդգրկէ նաեւ Շաբաթօրեայ դպրոց մը եւ համայնքային համալիր մը։ AOC (Armenians of Colorado) Շաբաթօրեայ դպրոցը պիտի ծառայէ մեր նոր սերունդի կրթութեան եւ դաստիարակութեան, հայ մանուկն ու պատանին սնուցանելով մեր սուրբ հաւատքի, մայրենի լեզուի եւ ազգային արժէքներու ոգիով։ Համայնքային համալիրը, իր կարգին, պիտի դառնայ հոգեւոր, կրթական, մշակութային եւ ազգային կեանքի կենսունակ կեդրոն մը, համախմբելով ծխական ընտանիքները եւ երիտասարդութիւնը, խթանելով համայնքի յարատեւ զարգացումը։

Յիշեցնենք, որ տարիներ առաջ Սրբազան Հօր նախաձեռնութեամբ Տենվերի համայնքը հաստատուեցաւ որպէս «mission parish», ուր աստիճանաբար ամրապնդուեցաւ ու կազմակերպուեցաւ համայնքային կեանքը Սրբազան Հօր եւ հոգեւոր հովիւներու յաճախակի այցելութիւններով, ինչպէս նաեւ տեղւոյն հաւատացեալներու նուիրեալ մասնակցութեամբ։

Այս ուրախալի առիթով, Սուրբ Յարութեան տօնին օրը՝ Կիրակի 5 Ապրիլին, նոր կառոյցին մէջ մատուցուեցաւ անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը, որ հանդիսացաւ համայնքային կեանքի նոր հանգրուանի խորհրդանշական սկիզբը։ Պատարագը մատուցեց Վէն Նայսի Սուրբ Պետրոս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հովիւի Օգնական՝ Արժանապատիւ Տէր Գէորգ Քահանայ Աբեանը, որ այս առթիւ ընթերցեց Սրբազան Հօր շնորհաւորական պատգամը ուղղուած Քոլորատոյի հայութեան։

Իր պատգամին մէջ Բարձրաշնորհ Սրբազանը հայրական սիրով շնորհաւորեց Տենվերի հայութիւնը, ընդգծելով Սուրբ Յարութեան խորհուրդը որպէս յոյսի, յաղթանակի եւ նոր կեանքի կենդանի վկայութիւն, որ կը վերանորոգէ հաւատացեալին կեանքը եւ կը զօրացնէ անոր ընթացքը Տիրոջ ճամբուն վրայ։ Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց համայնքի կեանքին մէջ արձանագրուող այս նշանակալից հանգրուանին առիթով՝ մաղթելով, որ անդրանիկ Սուրբ Պատարագը դառնայ նոր հոգեւոր վերելքի օրհնաբեր սկիզբ մը։ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց շրջանի ծխական խորհուրդը եւ համայնքի խիզախ եւ հեռատես նախաձեռնութիւնը՝ եկեղեցի, դպրոց եւ համայնքային համալիր կերտելու ուղղութեամբ՝ շեշտելով, որ այս ձեռնարկը ոչ միայն շինարարական ծրագիր է, այլ հաւատքի կենդանի արտայայտութիւն եւ ազգային ու հոգեւոր արժէքներու պահպանման ամուր երաշխիք, որ պիտի նպաստէ սերունդներու քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ հայեցի ինքնութեան ամրապնդման։ Արեւմտեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատանքով յիշեց բոլորի միասնական ջանքը, որ կենդանի վկայութիւնն է անոնց հաւատքին, հայրենասիրութեան, ծառայասիրութեան եւ անձնուէր նուիրումին։ Այս առթիւ ուրախութեամբ կը ծանուցենք, որ նոր եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը մօտիկ ապագային պիտի կատարուի ձեռամբ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։

Այս շնորհալի ձեռքբերման առիթով Սրբազան Հայրը հայրական սիրով իր շնորհաւորութիւնները, օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքները կը յղէ ընդհանրապէս Արեւմտեան Թեմի հայութեան եւ մասնաւորաբար Քոլորատոյի Տենվերի հաւատացեալ համայնքին, փառք ու գոհութիւնը վերառաքելով Ամենակալ Աստուծոյ Իր զօրակցութեան եւ առաջնորդութեան համար։ Սրբազան Հօր  աղօթքն է, որ Սուրբ Յարութեան կենսատու լոյսը լուսաւորէ համայնքի զաւակներուն կեանքը, ամրապնդէ անոնց հաւատքը եւ առաջնորդէ զանոնք դէպի նոր վերելքներ՝ ի փառս Աստուծոյ եւ ի շինութիւն Մայրենի Սուրբ Եկեղեցւոյ։

Դիւան Առաջնորդարանի

Ապրիլ 7, 2026

Print