
Քալիֆորնիա կատարած իր այցի ծիրէն ներս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան՝ Մեծարգոյ Տիար Նարեկ Մկրտչեան, ընդառաջելով Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Ասպետներու հրաւէրին, Շաբաթ 29 Մարտին, պաշտօնական ընդունելութեան եւ հիւրասիրութեան արժանի դարձաւ։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոս Աննա Աւետիսեան եւ խումբ մը հրաւիրեալներ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ասպետներու Ատենապետ Տիար Վարդան Թէլեան, որ ներկայացուց կազմակերպութեան պատմութիւնն ու առաքելութիւնը։ Ապա Դեսպան Նարեկ Մկրտչեան ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութիւն–Միացեալ Նահանգներ օրակարգի առաջնահերթութիւնները եւ Դեսպանատան ընթացիկ աշխատանքներն ու յառաջիկայ ծրագիրները։ Դեսպանը պատասխանեց հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու եւ երկկողմ համագործակցութեան հեռանկարներուն շուրջ ներկաներու հարցումներուն։
Այս առիթով Սրբազան Հայրը իր սրտագին բարեմաղթութիւնները յայտնեց Մեծարգոյ Դեսպանին՝ մաղթելով յաջողութիւն, բեղուն գործունէութիւն եւ նորանոր նուաճումներ՝ ի ծառայութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդի բարօրութեան։ Միաժամանակ ան բարձր գնահատեց Ասպետներու նուիրեալ ծառայութիւնը՝ անոնց մաղթելով շարունակական արգասաբեր առաքելութիւն։
Հանդիպումը ընթացաւ ջերմ եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ՝ արտացոլելով համայնքային, ազգային եւ դիւանագիտական համագործակցութեան կարեւորութիւնը։
Դիւան Առաջնորդարանի
Ապրիլ 2, 2026