
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմը սփիւռքեան իրականութեան մէջ կը հանդիսանայ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ամենէն բազմամարդ եւ կենսունակ թեմերէն մէկը։ Ժամանակի մարտահրաւէրները, համայնքային աճը եւ հոգեւոր ծառայութեան դաշտի ընդարձակումը բնականաբար կը թելադրեն, որ Թեմը շարունակաբար ամրապնդուի խոր գիտակցութիւն ունեցող, զարգացած ու նուիրումով ծառայող հոգեւորականներով։ Այս խոր համոզումէն մղուած, հովուական եւ վարչական ծառայութեան համար վերջին քսան տարիներուն Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի տնօրինութեամբ Արեւմտեան Թեմ հրաւիրուեցան բազմաթիւ նուիրեալ եկեղեցականներ, որոնք իրենց անձնուէր ծառայութեամբ զօրացուցին թեմական կեանքը․ անոնք են․-
Հոգեշնորհ Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտմեան
Հոգեշնորհ Տ. Պարետ Ծ. Վրդ. Երէցեան
Հոգեշնորհ Տ. Բագրատ Ծ. Վրդ. Պերճիկեան
Հոգեշնորհ Սասուն Ծ. Վրդ. Զմրուխտեան
Հոգեշնորհ Տ. Երեմիա Վրդ. Աբգարեան
Արժ. Դոկ. Տէր Զաւէն Ա. Քհն. Արզումանեան
Արժ. Տ. Զաւէն Քհն. Մարկոսեան
Արժ. Տ. Զաքարիա Քհն. Սարիբեկեան
Արժ. Տ. Յարութիւն Քհն. Թաշճեան
Տ. Վազգէն Ա․ Քհն. Պոյաճեան
Արժ. Տ. Երեմիա Քհն. Խաչատրեան
Արժ. Տ. Եսայի Քհն. Պետրոս
Արժ. Տ. Մաշտոց Քհն. Քէշիշեան
Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհն. Զօհրապեան
Արժ. Տ. Գէւորգ Քհն. Աբեան
Արժ. Տ. Զենոբ Ա. Քհն. Նալպանտեան
Արժ. Տէր Նժդեհ Քհն. Քէշիշեան
Բրշ․ Գէորգ Սրկ. Գէորգեան
Բրշ․ Գագիկ Սրկ․ Մարտիրոսեան
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմին մէջ հաստատուած եւ Արեւելեան ու Արեւմտեան Թեմերու Առաջնորդ Սրբազաններու հովանաւորութիւնը վայելող Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանը 1961 թուականէն ի վեր զոյգ Թեմերու գաղութներուն համար եզակի առաքելութիւն մը կ՛իրագործէ՝ պատրաստելով բարձրագոյն աստուածաբանական ուսում ստացած հոգեւորականներ։ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան կը հանդիսանայ Ընծայարանի հոգաբարձութեան համանախագահը, իր մշտական հոգատարութեամբ, Ընծայարան կատարած այցելութիւններով եւ կամ Առաջնորդարէն ներս անձնապէս կամ առնցան հանդիպումներով կը քաջալերէ Արեւմտեան Թեմի քահանայութեան թեկնածուները՝ ամրապնդելով անոնց ուսումնառութիւնն ու հոգեւոր աճը։ Գիտութեամբ եւ փորձառութեամբ օժտուած քահանաներ պատրաստելու խոր համոզումէն մղուած, Սրբազան Հօր եւ Թեմական Խորհուրդի համատեղ որոշումով Առաջնորդարանէն ներս հաստատեցուեցաւ Արեւմտեան Թեմի Խնամատարական մարմինը, ապահովելու ապագայ հոգեւորականներու բարձրագոյն կրթութիւնը եւ երաշխաւորելու անոնց կազմաւորման հիմնական պայմանները։ Այս բոլոր աշխատանքները եւ հետեւողական ճիգերը պատճառ դարձան, որ կարճ ժամանակի մը ընթացքին ութ թեկնածուներ Սրբազան Հօր ձեռամբ արժանանան քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման․-
Արժ. Տ. Խաժակ Քհն. Շահպազեան
Արժ. Տ. Աւետիս Քհն. Աբովեան
Արժ. Տ. Ներսէս Քհն. Հայրապետեան
Արժ. Տ. Տիրան Քհն. Աւագեան
Արժ. Տ. Գրիգոր Քհն. Զաքարեան
Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Աշ
Արժ. Տ. Սերովբէ Քհն. Ալանջեան
Արժ. Տ. Եղիշէ Քհն. Քսաչիկեան
Երբ անդրադարձ կը կատարենք վերջին տասնամեակներուն Արեւմտեան Թեմ հոգեւոր ծառայութեան հրաւիրուած հոգեւորականներուն եւ Սրբազան Հօր ձեռամբ քահանայական աստիճանի արժանացած քահանաներուն եւ տակաւին իրենց ուսումը ամբողջացնող ապագայ սպասաւորներուն, անհնար է լուսարձակի տակ առնել հոգեւորկանաց դասի վերազարթօնքը եւ Թեմական մակարդակով հովուական կեանքի նշանակալի յառաջընթացը առանց խորին երախտագիտութեամբ չյիշատակելու հոգեւորականներու այն սերունդը, որոնք ջանասիրաբար ծառայեցին Արեւմտեան Թեմէն ներս եւ այսօր հանգստեան կոչուած են եւ կամ անցած անդենականին։ Անոնք թէեւ ապրեցան աւելի համեստ պայմաններով եւ սահմանափակ միջոցներով, սակայն ծառայեցին նոյն անխախտ հաւատքով, նուիրումով եւ հովուական ջերմութեամբ։ Այդ երախտաւոր սերունդէն այսօր ալ կան նուիրեալ հոգեւորականներ, որոնք տարբեր ծուխերէ ներս կը շարունակեն իրենց ծառայութիւնը՝ դառնալով կենդանի կամուրջ անցեալին եւ ներկային միջեւ։ Անոնց վաստակը եւ օրինակելի կեանքը կը մնան հիմք եւ ներշնչանք ներկայ եւ ապագայ հոգեւորականներուն համար։ Այսօր, աւելի քան երբեւէ յստակ կերպով կ՛ուրուագծուի Արեւմտեան Թեմի ներկայ եւ ապագայ հոգեւոր ծառայութեան ուղին, որու առաջնահերթ նպատակը ժամանակակից պահանջներուն համապատասխան հոգեւորականներ պատրաստելն է՝ կարեւորութիւն ընձեռելով Եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ հովուական ծառայութեան։
Առաջնորդ Սրբազանը, Թեմական Խորհուրդը, Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական Ընծայարանը եւ Խնամատարական մարմինը ներդաշնակ համագործակցութեամբ կը նպաստեն յարմարագոյն թեկնածուներու ընտրութեան եւ պատրաստութեան։ Թեմը նաեւ անմիջական կապ հաստատած է Քալիֆորնիոյ զանազան համալսարաններու հետ, ուր քահանայութեան թեկնածուներ եւ ձեռնադրեալ հոգեւորականներ կը հետեւին աստուածաբանական բարձրագոյն ուսման՝ զուգահեռաբար մասնակցելով հոգեբանական, ընկերային եւ հովուական վերաւորակաւորման յատուկ դասընթացքներու, արժանանալով համապատասխան վկայականներու։
Եկեղեցական ու ազգագրական աւանդութեանց պահպանութեան համընթաց, քսանմէկերորդ դարը հայ հոգեւորականէն կը պահանջէ խոր եւ բազմակողմանի ծառայութիւն։ Հայ հոգեւորականը կոչուած է ըլլալ Աւետարանի հաւատարիմ քարոզիչը, հայկական եւ համամարդկային արժէքներու պաշտպանը, հովուական ծառայութեան նուիրեալ հովիւը, երիտասարդները Եկեղեցւոյ ու համայնքային կեանքին ներգրաւող դաստիարակը, ընկերային ծառայութեան կազմակերպիչը եւ ծուխէն ներս հոգեւոր կեանքի առանցք։
Բարձրաշնորհ Սրբազան Հօր իմաստուն առաջնորդութեան ներքոյ այսօր Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականները, հիմնուելով հաւատքին, ծառայութեան յանձնառութեան եւ գիտութեան վրայ, լիարժէք ծառայութիւն կը մատուցանեն բոլոր խաւերուն՝ սկսեալ Սուրբ Խորանէն մինչեւ մեր ժողովուրդի կեանքի բոլոր ոլորտները, շեշտելով եկեղեցի-ժողովուրդ սերտ համագործակցութիւնը։ Այս է եղած Սրբազան Հօր առաջնորդական նշանաբանը անցնող աւելի քան քսան տարիներուն՝ հոգեւորականի եւ հովուական ծառայութեան ճամբով Եկեղեցին տանիլ ժողովուրդին, եւ ժողովուրդը՝ Եկեղեցիին։ Այս սրբազան յանձնառութիւնը պիտի շարունակէ ամրապնդել Արեւմտեան Թեմի հոգեւոր կեանքը՝ ի պայծառութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ մեր ժողովուրդի։
Այսօր հայ եկեղեցականէն կը սպասուի ըլլալ սուրբ խորհուրդներու սպասաւորը, խորիմաստ ու հեռատես հովիւը, Աւետարանի կենդանի վկան եւ ժամանակի մարտահրաւէրները ըմբռնող Տիրոջ ու ժողովուրդի ընտիր սպասաւորը։ Ան պէտք է պաշտպանէ հաւատքը, սերմանէ յոյս ու սէր, առաջնորդէ երիտասարդութիւնը, խնամէ տարեցները եւ ամրապնդէ համայնքային կեանքը։ Իսկ Եկեղեցիէն կը սպասուի ըլլալ դռնբաց հոգեւոր տուն մը՝ որ հաւատարիմ է իր սրբազան աւանդին եւ իմաստութեամբ պատասխան կու տայ ժամանակակից աշխարհի խնդիրներուն ու պահանջներուն՝ դառնալով աստուածային ձայն եւ առաջնորդող ուղեցոյց իր ժողովուրդին համար, լուսաւորելով անոր հոգեւոր եւ ազգային ճանապարհը։ Մանաւանդ ապրելով հայրենիքէն հեռու, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափերու բազմամշակութային միջավայրին եւ համաշխարհայնացման այս դարուն, Եկեղեցին հայուն համար կը դառնայ ազգային ինքնութեան ամուր պահապան եւ հոգեւոր կենսունակութեան աղբիւր։ Ան կոչուած է պահպանելու հաւատքը, լեզուն եւ ազգային արժէքները՝ միաժամանակ պատրաստ ըլլալով համամարդկային երկխօսութեան եւ մշկոյթներու, կրօններու ու ազգերու հետ փոխադարձ համագործակցութեան։
Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան կը հաւատայ, թէ համաշխարհայնացած եւ յարափոփոխ այս դարաշրջանին, հայրենիքէն հեռու եւ սփիւռքեան կեանքի ներկայ իրողութիւններուն մէջ, Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականին կոչումը կը խորանայ եւ կը ծանրանայ՝ ստանձնելով նոր ու վճռորոշ պատասխանատուութիւններ։ Սրբազան Հայրը կը շեշտէ, թէ հոգեւորականի ամբողջ էութիւնը պէտք է արմատաւորուած ըլլայ աղօթքի մէջ, լուսաւորուած՝ գիտութեամբ եւ արդարացած խոնարհութեամբ ու արգասաբեր ծառայութեամբ։
Ծառայութեան նոր հորիզոններու դիմաց կանգնած Արեւմտեան Թեմը, իր Թեմակալ Առաջնորդով, ժողովականութեամբ, հոգեւոր հովիւներով ու Առաջնորդարանի անձնակազմով, անսակարկ յանձնառութեամբ կը վերահաստատէ իր սրբազան առաքելութիւնը՝ տարածաշրջանին մէջ Հայ Եկեղեցւոյ վերածաղկման ու զարգացման գործին մէջ ամրապնդելով եւ խորացնելով իր կազմակերպական, հոգեւոր եւ համայնքային կենսունակ հիմքերը, եւ Թեմական բոլոր կառոյցներով խոր համոզումով կը հաստատէ, թէ Եկեղեցին իր ժողովուրդին մէջ լոյսի փարոս կը դառնայ այն ատեն, երբ անոր սպասաւորները իրենց առաքելութիւնը կը խարսխեն հաւատքի անսասան հիմքերուն, գիտութեան եւ իմաստութեան լուսարձակ ուժին, հաւաքական տեսլականին եւ նուիրումի անխախտ ոգիին վրայ։
Յիշատակելի է նաեւ, որ անցնող շուրջ երկու տասնամեակներուն Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Սրբազանի ձեռամբ պատպաստուել եւ ձեռնադրուել են 500 դպիրներ եւ սարկաւագներ, որոնք այսօր իրեն բոլորոնուէր ծառայութիւնը կ’իրականացնեն թեմի եկեղեցիներէն ներս։ Այս մասին անդրադարձ կ’ունենանք առանձինն։
Ահա այս հեռանկարով է, որ Արեւմտեան Թեմը կը շարունակէ կերտել այնպիսի հոգեւորականութիւն, որ իրեն վստահուած հօտը սիրով եւ իմաստութեամբ կ՛առաջնորդէ դէպի Աստուած՝ զայն մղելով իր հոգեւոր ինքնութեան խոր ճանաչումին։ Եւ երբ այս կոչումը կ՛ապրուի հաւատքով ու նուիրումով, Եկեղեցին կը դառնայ «աշխարհի լոյսը» (Մատթ. 5։14), կոչուած լուսաւորելու իր ժողովուրդի ճանապարհը եւ առաջնորդելու զայն դէպի փրկութեան լոյսը։
Դիւան Առաջնորդարանի
26 Մարտի, 2026